Բժշկական յառաջընթացը կրնայ մարդոց կարելիութիւն ստեղծել ապրիլ 100 տարեկանէն աւելի». ԱՀԿ
Բժշկութեան ոլորտին մէջ յառաջընթացը եւ ընկերային բարենպաստ պայմանները պիտի արտօնեն մարդոց մօտիկ ապագային ապրիլ 100 տարիէն աւելի, ԹԱՍՍ-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (ԱՀԿ) Մոսկուայի գրասենեակի ղեկավար Պաթիր Պերտիքլիչեւը։ «Կարելի է ըսել, որ ամբողջ աշխարհի տարածքին մարդիկ այժմ շատ աւելի երկար կ՛ապրին: Ժամանակակից կանխարգելիչ մեթոտները՝ բարելաւուած սնուցումը, ապրելու եւ աշխատանքի աւելի լաւ…