Կասիան կրնայ տկարացնել դեղերու ազդեցութիւնը. ուսումնասիրութիւն
Կասիան աշխարհի հնագոյն եւ ամենէն շատ օգտագործուող համեմներէն մէկն է, որ կը գնահատուի ոչ միայն իր համին, այլ՝ իր բուժիչ յատկութիւններուն համար: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու բնական արտադրանքի հետազօտութիւններու ազգային կեդրոնի գիտնականները բացայայտած են, որ կասիայի «աքթիվ» բաղադրիչ մը կրնայ խանգարել բժիշկի մը կողմէ նշանակուած դեղերու արդիւնաւէտութիւնը: Անոնց բացայայտումները հրապարակուած են Food Chemistry բժշկական ամսագրին մէջ:…