Լոզանի (Զուիցերիա) դաշնային արհեստագիտութեան հիմնարկի գիտնականները մշակած են DNA «մոլեքիւլ»-ներու ստեղծման նոր արհեստագիտութիւն, որոնք ունակ են աւելի ճշգրիտ եւ ամուր կապուելու ժահրային սպիտակուցներու հետ, քան աւանդական հակամարմինները։ Աշխատանքը հրապարակուած է Nature Nanotechnology ամսագրին մէջ։
Խօսքը «աբթամեր»-ներու՝ DNA-ի կամ RNA-ի կարճ շղթաներու մասին է, որոնք կրնան ընտրողաբար կապուիլ յատուկ «մոլեքիւլ»-ներու հետ։ Անոնք կ՛օգտագործուին ախտորոշումի եւ բուժումի մէջ եւ ի տարբերութիւն հակամարմիններու, կրնան համադրուիլ տարրալուծարանի մէջ, ինչ որ զանոնք կը դարձնէ աւելի աժան եւ կայուն։
Այնուամենայնիւ, մինչեւ այսօր, «աբթամեր»-ները, սովորաբար միաշղթայ եղած են, այսինքն՝ կապուած են թիրախային սպիտակուցի մէկ հատուածի հետ։ Այս սահմանափակումը կը նուազեցնէր անոնց արդիւնաւէտութիւնը ժահրերու դէմ, ինչպէս՝ SARS-CoV-2-ը, որոնց սպիտակուցները բաղկացած են երեք նոյնանման հատուածներէ, այսպէս կոչուած՝ «թրիմըր»-ներէ։
Հետազօտողները լուծած են այս խնդիրը՝ ստեղծելով MEDUSA (Multivalent Evolved DNA-based SUpramolecular Assemblies) կոչուող մեթոտը։ Անիկա կ՛արտօնէ ստեղծել «մալթիմերային աբթամեր»-ներ, որոնք ունակ են միաժամանակ կապուելու ժահրային սպիտակուցի բազմաթիւ հատուածներու հետ։
Որպէս արդիւնք, անոնք կը դառնան տասնեակէն մինչեւ հազարաւոր անգամ աւելի արդիւնաւէտ, քան աւանդական «մոլեքիւլ»-ները։
«Մենք ոգեշնչուած ենք բնական «մեքանիզմ»-ներէն, որոնց միջոցով ժահրերը փոխազդեցութիւն կ՛ունենան բջիջներու հետ, եւ այս սկզբունքը կիրառած ենք «սինթեթիք կենսա-արհեստագիտութեան» մէջ, – ըսած է տարրալուծարանի ղեկավար Մաարթժէ Պասթինկսը։
Նոր արհեստագիտութիւնը կրնայ օգտագործուիլ, որպէսզի ախտորոշէ վարակիչ հիւանդութիւններ եւ մշակէ նոր մեթոտներ։ Ապագային, հետազօտողները կը ծրագրեն կրճատել մշակման ժամանակը եւ կիրառել այս մօտեցումը աւելի բարդ ժահրերու համար, ինչպէս՝ «տենկ»-ը եւ «անթրաքս»-ը։