Աշխարհի տարածքին գտնուող մարդոց մեծամասնութիւնը մազերը կը լուայ շաբաթական մէկ կամ քանի մը անգամ՝ անկախ եղանակէն։ Սակայն մասնագէտները կ՛ըսեն, որ մազերը լուալու այդպիսի առօրեան բոլորովին յարմար չէ ամրան համար։
AXA Heath Insurance-ի գլխաւոր բժիշկի տեղակալ, բժիշկ Փալլավի Պրետշօ ըսած է, որ ամրան՝ զօրաւոր տաքի ժամանակ, անհրաժեշտ է մազերը ամէն օր լուալ։ Շատերուն այդ կրնայ աւելորդ թուիլ, սակայն մասնագէտը կ՛ընդգծէ, որ մազերը ամէն օր լուալը չափազանց կարեւոր է մեր առողջական վիճակին համար, գրած է Daily Mail-ը։
Ամրան կտրուկ աճ կ՛արձանագրէ ծաղկափոշիի մակարդակը, որ կրնայ զօրաւոր «ալերժիք րիէքշըն»–ներ յառաջացնել, գրած է «Ֆոքըս»-ը։ «Ծաղկափոշին կրնայ նստիլ եւ կպչիլ ոչ միայն մեր հագուստին, այլեւ մնալ մեր մարմնին եւ մազերուն վրայ։ Ուստի խոտատենդով տառապողները պէտք է լոգանք առնեն, մանրակրկիտ լուան գլուխը եւ փոխեն հագուստը ամէն անգամ փողոցէն վերադառնալու ժամանակ»,- ըսած է Պրետշօն։
Խոտատենդով տառապող մարդոց մեծամասնութիւնը գիտէ, որ ամրան պէտք է «հակահիսթամինային» դեղեր ապահովէ եւ սրացումի պարագային պէտք է մնայ տունը։ Բայց ոչ բոլորը գիտեն, որ նման «ծաղկափոշիի ռումբերու» ժամանակ ամենէն լաւը գլուխը ամէն օր լուալն է։
«Լոգանքը կը նուազեցնէ հետագայ գրգռումներու վտանգը եւ կրնայ նուազագոյնի հասցնել ախտանշաններու ծանրութիւնը։ Աւելի լաւ է գաղջ ջուրով լոգնալը, քան տաք, որպէսզի խուսափիք մորթի չորութենէն, ինչպէս նաեւ օգտագործել «հայփոալերժենիք շամփու»-ներ եւ օճառ», – աւելցուցած է մասնագէտը։
Ասոր կը յաջորդէ նաեւ այլ յանձնարարական մը, որ զօրաւոր տաքի ժամանակ լուացքը եւ հագուստը դուրսը չչորցնել։
«Ծաղկափոշիի բարձր մակարդակով օրերուն հագուստը, անկողինի սպիտակեղէնը կամ անձեռոցները դուրսը կախելը աչքերու քորի եւ քիթի փակուածութեան երաշխիք է։ Թաց լուացքը կը գործէ սպունգի պէս՝ ներծծելով ամբողջ ծաղկափոշին։ Անիկա կը նստի մանրաթելերու մէջ եւ կը կպչի գործուածքին չորնալու ժամանակ, այսինքն՝ կը յայտնուի ձեր անկողինին, պահարանին եւ մորթին վրայ», – ըսած է Daily Poppins-ի հիմնադիր Նայճըլ Պիրմանը։
Ան կը յանձնարարէ լուացքը չորցնել փակ տարածքի մէջ, փափաքելի է պատուհանի մօտ կամ լաւ օդափոխուող վայրի մէջ։