Մաշկաբանները կը զգուշացնեն ժել-փոլիշի գործածման վտանգի մասին․ բացայայտուած է, որ այդ ոչ միայն եղունգները պատելու գեղեցիկ ու յարմար տարբերակ է, այլ եթէ անիկա «ալերժի» յառաջացնէ, հետեւանքները շատ տհաճ կրնան ըլլալ եւ կը վերաբերին ոչ միայն ձեռքերուն։ Այս մասին հաղորդած է BBC-ի Ռուսական ծառայութիւնը եւ Mirror պարբերականը։
Մասնագէտները սկսած են նկատել մարդոց թուաքանակի աճ, որոնց մօտ զօրաւոր «ալերժի» կը յառաջանայ, երբ ժել-փոլիշը կը դպչի անոնց մորթին։
Ինչ հետեւանքներ կրնայ ունենալ ժել-փոլիշ ընելը
Մասնագէտները կը զգուշացնեն, որ ժելային արտադրութեան մէջ քիմիական նիւթերը, որ յայտնի են իբրեւ «մեթաքրիլադ»ներ, կրնան «ալերժի» յառաջացնել. այդ պարագային կը վատանայ եղունգներու վիճակը, իսկ մորթին վրայ զօրաւոր քոր յառաջացնող ցան կը յայտնուի։
Քիմիական նիւթի հանդէպ լուրջ «ռիէքշըն»ը ոչ միայն ձեռքերու վրայ հետքեր կը ձգէ, անիկա կրնայ խանգարել բժշկական որոշ միջամտութիւններ կատարուելուն, ինչպէս՝ քաթարաքթի վերացում, յօդերու փոխարինում կամ ակռաներու բուժում։
Բժիշկ Տեյտրա Պակլին՝ Պաթի մաշկաբան խորհրդատու, այդ ախտանշանները պարզաբանած է BBC Today ծրագրին մէջ: «Անոնք կրնան տարբերիլ եղունգներու տկարութենէն մինչեւ անոնց թափիլը. կրնայ ցան յառաջանալ դէմքին, պարանոցին, ինչպէս նաեւ՝ կուրծքի վերին մասին մէջ։ Մարդիկ կրնան շնչառական խնդիրներ ունենալ, «ասթմայի» սաստկացում կրնայ ըլլալ»։
Միւս ախտանշանները, որոնց վրայ կարեւոր է ուշադրութիւն դարձնել, հետեւեալներն են՝ շրթունքներու այտուց, խոցեր մատներու վրայ, «քիւթիքըլ»ի մասին մէջ մորթի կարմրութիւն եւ այտուց։
Բժիշկ Պակլին բացատրած է․ «Երբ օրկանիզմը արձագանգած է քիմիական նիւթին, դուք չէք կրնար բժշկական միջոցառումներ կատարել, եթէ ատոնց մէջ «մեթաքրիլադ»ներ կ՛օգտագործուին, ինչպէս՝ ակռաներու ծեփապատճէններ ընել, «իմփլանթ»ներ դնել»։
«Վատագոյնը այն է, որ մարդիկ կրնան զգայուն դառնալ այլ իրերու մէջ ներկայ եղող «աքրիլադ»ներու նկատմամբ։ Այդ կրնայ նշանակութիւն ունենալ ատամնաբուժութեան մէջ, շաքարախտով հիւանդներու համար կամ «օրթոփետիք» գործողութեան ոլորտին մէջ։ Եւ այդ մէկը ցմահ «սենսիթիզէյշըն» է»։ Այսինքն, եթէ «ալերժի»ն մէկ անգամ ի յայտ եկած է, ապա անիկա չ՛անհետանար նուազագոյնը տարիներ ետք, «էլըրճեն»ի օգտագործով միջոցառումները հակացուցուած կ՛ըլլան, օրինակ՝ յօդերու փոխարինումը կամ շարք մը դեղերու ստացումը։
Կ՛օգնէ՞, արդեօք, մատնայարդարման սրահ երթալը
«Միեւնոյն ժամանակ կարելի է ըսել, որ համավարակի ընթացքին մատնայարդարման սրահներու փակումը նպաստած է այն մարդոց թուաքանակի աճին, որոնք կը գործածեն տան համար նախատեսուած պիտոյքները։ Այդ կրնայ խնդիր դառնալ, եթէ դուք սխալ կ՛օգտագործէք»,- կը հաղորդէ մաշկաբաններու բրիտանական «ասոսիէյշըն»ը։ Շատերը սկսան ժել-փոլիշ ընել տնային պայմաններու մէջ՝ դրամը տնտեսելու նպատակով։
Մաշկաբանները կոչ կ՛ուղղեն մատնայարդարում ընել միայն համապատասխան ուսում ստացած մասնագէտի մօտ։ Փորձագէտները կը զգուշացնեն, որ տնային ժելային հաւաքածօները «ալերժիք ռիէքշըն»ներու հիմնական մեղաւորն են, բայց անցանկալի հետեւանքներ կրնան յառաջանալ նաեւ սրահ այցելելով, եթէ վարպետը լաւ/ճիշդ ձեւով չէ սորված։
«Մեթաքրիլաթ»ը այդ գործողութիւններու գլխաւոր բաղադրիչն է եւ մատնայարդարման ժամանակ անիկա կրնայ իյնալ մորթին վրայ։ Նման բան կը պատահի, երբ ուլթրամանիշակագոյն լամբը, որ կը կիրառուի ժելի շերտերը ամրացնելու համար, բաւականաչափ տեւական չ՛օգտագործուիր։ Լամբի զօրութիւնը պէտք է ըլլայ 42 Ուաթ (կամ գոնէ 36 Ուաթէն ոչ պակաս) ալիքի 350 նանոմեթր երկարութեամբ։ Հակառակ պարագային ժելը կարգին չի չորնար, թունաւոր նիւթերը կը թափանցեն եղունգի հունը եւ շրջակայքի մաշկը՝ կը գրգռեն եւ «ալերժի» կը յառաջացնեն։
Մորթային քլինիքներ այցելող 742 մարդու հարցախոյզի տուեալներուն համաձայն, 16%-ը լուրջ «ռիէքշըն» զգացած են սրահին մէջ ժել-փոլիշ ընելէն։ Մաշկաբաններու բրիտանական «ասոսիէյշըն»ը կը տեղեկացնէ․ «Սկզբնապէս մենք այս մասին ահազանգ հնչեցուցած ենք 2018 թուականին, եւ այս խնդիրը մինչեւ այսօր գոյութիւն ունի»։
Եղունգներու ժելային առաջին արտադրութիւնը ստեղծուած է 2009 թուականին ամերիկեան Gelish ընկերութեան կողմէ։ Գլխաւոր տնօրէն Տենի Հեյլ նշած է, որ թէեւ իր ընկերութիւնը կ՛ընէ ամէն բան, իր արտադրութիւնը ճիշդ ձեւով օգտագործելու եւ բոլորին ատկէ օգտուիլ սորվեցնելու համար, այդուհանդերձ «որոշ ապրանքեր, որ կը վաճառուին համացանցին վրայ, կ՛արտադրուին երկիրներու մէջ, որոնք այս իմաստով խիստ կանոններու չեն հետեւիր եւ կրնան մորթի գրգռուածութիւն յառաջացնել»։