Մազաթափութեան հիմնական պատճառները ընդհանրապէս ցած սպիտակուցային եւ ցած ջերմուժային սննդականոններն են, վատառողջ սնունդը, շատ արագ կշիռքի կորուստը եւ օրկանիզմին մէջ զինքի, երկաթի ու վիթամին B12-ի պակասը, յայտնած է սննդագէտ Քինիթա Քատաքիա Փաթել:
Մազաթափութենէն խուսափելու համար, մասնագէտը կը յանձնարարէ նախ կանոնաւորել սպիտակուցներու ստացումը, որովհետեւ մազերը հիմնականին մէջ բաղկացած են «քերաթին»-էն, որու «սինթեզ»-ին համար անհրաժեշտ է «պայոթին» (վիթամին H) եւ ամինօթթուներ:
Սննդագէտը կը յանձնարարէ օրկանիզմին մէջ ֆոլաթթուի, զինքի եւ վիթամիններու պակասի քննութիւններ կատարել: Եթէ պակաս կայ, պէտք է ամբողջացնել՝ սննդականոնին մէջ անհրաժեշտ նիւթեր աւելցնելով:
Եթէ սննդականոնը շտկելէն ետք մազաթափութիւնը չի դադրի, սննդագէտը կը յանձնարարէ դիմել մասնագէտի: