Ճորճիայի համալսարանէն ամերիկացի գիտնականներ անսպասելի կապ յայտնաբերած են ճարպակալումի եւ մտատանջութեան հետ կապուած վարքագիծի միջեւ: Մուկերու վրայ կատարուած փորձերը ցոյց տուած են, որ ճարպերով հարուստ սննդականոնը ոչ միայն կը յանգեցնէ կշիռքի բարձրացման, այլ նաեւ կը փոխէ ուղեղի աշխուժութիւնը եւ աղիքային մանրէներու կազմը: Արդիւնքները ներկայացուած են Օլլանտոյի մէջ կայացած Սնունդի Ամերիկեան Ընկերութեան (ASN) համաժողովին:
Փորձարկումներուն ընթացքին բարձր ճարպային սննդականոնով կերակրուած կրծողները ցուցաբերած են աւելի շատ անհանգստութեան նման վարքագիծ, քան վերահսկիչ խումբի կրծողները։
Գիտնականները նկատած են փոփոխութիւններ «հայփոթալամուս»-ին՝ ուղեղի այն հատուածին մէջ, որ պատասխանատու է նիւթափոխանակութեան կարգաւորումին համար եւ զգալի տարբերութիւններ յայտնաբերած են աղիքային «մայքրոպայոմ»-ին մէջ։
«Այս յայտնաբերումները նոր պատկերացում կու տան ճարպակալման եւ հոգեկան առողջութեան միջեւ եղած կապի մասին», -ըսած է նախագիծի ղեկավար տոքթոր Տեզիրէ Ուոնտըրզը:
Հակառակ, որ ուսումնասիրութիւնը կատարուած է անասուններու վրայ, հեղինակները կ՛ընդգծեն արդիւնքներու կարեւորութիւնը մարդոց մօտ, մասնաւորաբար՝ փոքրիկներու եւ դեռահասներու մօտ նմանատիպ գործընթացները հասկնալու համար: Հետազօտողները կը ծրագրեն շարունակել իրենց աշխատանքը՝ ուսումնասիրելով յայտնաբերուած փոփոխութիւնները շրջելու կարելիութիւնը կշիռքի բնականոնացման պարագային: