JACC հանդէսին մէջ հրապարակուած նոր հետազօտութեան համաձայն՝ յղութեան ընթացքին յառաջացած բարդութիւնները կրնան բարձրացնել սրտի խնդիրներու վտանգը հետագային, յատկապէս աւելորդ կշիռք կամ ճարպակալում ունեցող կիներու պարագային։
Գիտնականները նշած են, որ կիներ, որոնք նախքան յղութիւնը աւելորդ կշիռք ունէին, աւելի հակում ունեցած են զարգացնելու բարդութիւններ, ինչպէս՝ յղութեան շաքարախտը եւ արեան բարձր ճնշումը։
Անոնք նշած են, որ այս բարդութիւնները կը ծառայեն որպէս բնական «սթրես թեսթ», որ պատկերացում կու տան կնոջ ապագայ առողջութեան եւ քրոնիկ հիւանդութիւններու զարգացման վտանգի մասին:
Հետազօտութեան արդիւնքները կը վկայեն, որ յղութիւն ծրագրող կիներու համար կշիռքի կառավարումը (առողջ կշիռքի պահպանման կամ վերահսկման գործընթացը) կրնայ յանգեցնել աւելի լաւ առողջական արդիւնքներու թէ՛ մօր եւ թէ՛ անոր սրտի առողջութեան համար ապագային, ըսած է Northwestern համալսարանի հետազօտող Ժագլին Պորոմանը յայտարարութեան մէջ։
Հետազօտութիւնը իրագործելու համար գիտնականները հետեւած են 4,300 կիներու 9 երկիրներու մէջ՝ 10-էն 14 տարի յղութենէն ետք։
Հետազօտողները նշած են, որ կիներուն 67 առ հարիւրը ունեցած է բնական մարմնի զանգուածի «ինտեքս», 22 տոկոսը՝ աւելորդ կշիռք, իսկ 11 տոկոսը՝ գիրութիւն։ Մարմնի զանգուածի «ինտեքս»-ը, մարմնի ճարպային պարունակութիւնը չափելու միջոց է, որ հիմնուած է հասակի եւ կշիռքի վրայ։
Արդիւնքները ցոյց տուած են, որ կիներ, որոնք յղութեան ընթացքին շաքարախտ ունեցած են, հետագային աւելի հաւանականութիւն ունեցած են զարգացնելու բարձր արեան շաքարի մակարդակ եւ 2-րդ տիպի շաքարախտի այլ նախանշաններ։ Նոյն ձեւով, յղութեան ընթացքին բարձր արեան ճնշում ունեցած կիներ աւելի հաւանակութիւն ունեցած են բարձր ճնշում ունենալու հետագային։
Այնուամենայնիւ, Պորոմանը նշած է, որ այս յղութեան բարդութիւնները միայն կարճաժամկէտ հեռանկարի մէջ կը բարձրացնեն կնոջ սրտանօթային հիւանդութիւններու վտանգը, սակայմ ամբողջութեամբ չեն բացատրեր զայն։ Այստեղ այլ գործօններ եւս ազդեցութիւն ունին։