Հիւսթընի համալսարանի գիտնականները պարզած են, որ կամբալաձեւ մկանի մարզումը՝ նոյնիսկ նստած դիրքի մէջ, կրնայ օգնել այրելու «կլիւքոզ»ը եւ ճարպը: Անոնց աշխատանքը հրապարակուած է iScience ամսագրին մէջ։
Չնայելով անոր, որ կամբալաձեւ մկանը կը կազմէ մարմնի կշիռքին միայն 1 առ հարիւրը, անիկա ի վիճակի է քանի մը անգամ բարձրացնել ածխաջուրերու «օքսիտացման» արագութիւնը: Մկաններու պատշաճ աշխուժացման պարագային, այս գործընթացը կը տեւէ ժամեր: Մնացեալ 600 մկանները ընդհանուր առմամբ կ՛այրեն ածխաջուրերու միայն մօտաւորապէս 15 առ հարիւրը ուտելէն ետք երեք ժամուան ընթացքին:
Այդ մկանը աշխուժացնելէն ետք, մասնակիցներուն առաջարկած են ջուր խմել մէջը՝ լուծուած շաքարով։ Հետազօտողները երեք ժամ ետք վերլուծած են արեան հաշուարկը: Կամբալաձեւ մկանի աշխուժացումը յանգեցուցած է 52 առ հարիւր «կլիւքոզ»ի մակարդակի եւ 60 առ հարիւր «ինսուլին»ի պահանջքի նուազեցման։
Կամբալաձեւ մկանի կախուածութիւնը «կլայքոճենէն» աւելի ցած է, եւ այդ մէկը կ՛օգնէ ժամերով աշխատելու առանց ջանքերու, առանց յոգնելու:
Օրական 15 վայրկեան մկաններու աշխուժացումը, ամենայն հաւանականութեամբ, կ՛օգնէ մարդոց նուազեցնելու երկարատեւ նստելու վնասը եւ բարելաւելու նիւթափոխանակութիւնը։