Ամերիկացի սննդաբան եւ հետազօտութեան հեղինակ Շելլի Պոլզի համաձայն, ալքոլը, տապկուած ուտելիքները, «քաֆէին»-ը, զտուած ածխաջուրերը, ինչպէս նաեւ՝ շաքար ու աղ պարունակող սննդամթերքները կրնան խթանել «սթրես»-ի հորմոններու՝ յատկապէս «քորթիզոլ»-ի արտադրութիւնը, գրած է սննդաբանը WellnessPulse բժշկագիտական հանդէսին մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ։
Շատ ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ սննդականոնը եւ «սթրես»-ը կրնան իրարու ուղղակիօրէն ազդել։ Պոլզի համաձայն, մեծ քանակութեամբ թխուածքներ, հաց, վերամշակուած քաղցրաւենիքներ եւ շաքար պարունակող խմիչքներ ամէնօրեայ սննդականոնին մէջ կրնան յանգեցնել արեան մէջ «կլիւքոզ»-ի մակարդակի բարձրացման։ Կարգ մը գիտնականներ կը կարծեն, որ արեան մէջ շաքարի մակարդակի տատանումները կրնան յառաջացնել բացասական տրամադրութեան փոփոխութիւններ, ինչպէս՝ զայրոյթը, մտատանջութիւնը եւ դիւրագրգռութիւնը։
«Կլիւքոզ»-ի մակարդակի զգալի անկումը սկզբնական բարձրացումէն ետք յաճախ կը յանգեցնէ ուժի կորուստի։ Այս կը նուազեցնէ աշխատունակութիւնը եւ կը դժուարացնէ ամէնօրեայ աշխատանքներու (օրինակ՝ աշխատանքային պարտականութիւններու) կատարումը, ինչ որ իր կարգին կը զօրացնէ մտատանջութիւնը եւ «սթրես»-ը։
Բժիշկը կը յիշեցնէ, որ այն սննդամթերքները, որոնք կը յառաջացնեն արեան շաքարի մակարդակի տատանումներ, կրնան նաեւ բորբոքում յառաջացնել օրկանիզմին մէջ։ Երկու արձագանգներն ալ կրնան յանգեցնել «սթրես»-ի հորմոններու՝ յատկապէս «քորթիզոլ»-ի արտադրութեան։ Մարմնի բորբոքումի եւ արեան մէջ շաքարի բարձր մակարդակի ամենէն յայտնի պատճառները զտուած ածխաջուրերն են (օրինակ՝ սպիտակ հացը, մաքարոնը եւ ալիւրը), ինչպէս նաեւ ալքոլային խմիչքները։
Մարմնի ընդհանուր բորբոքումը կրնայ նաեւ վատթարանալ աւելորդ աղի, տապկուած ուտելիքներու եւ «քաֆէին»-ի ազդեցութեամբ։ Իսկ հակառակը՝ հաւու միսին եւ թարմ պանիրին մէջ գտնուող ճարպազուրկ սպիտակուցները, ընկոյզի եւ ձկնեղէնի մէջ առկայ օգտակար ճարպերը, ինչպէս նաեւ մանրաթելերով հարուստ բանջարեղէնը եւ պտուղները հակաբորբոքային ազդեցութիւն ունին։