Մորթի վրայ մութ գունանիւթային (pigmentation) հետքերը բաւական ընդհանրացած խնդիր են, որոնք կրնան յառաջանալ տարբեր գործօններու պատճառով: Անոնք կը ներառեն յղութիւնը, երկարատեւ արեւու ճառագայթներուն ենթարկուիլը, ծերացումը եւ ծինային նախատրամադրուածութիւնը:
Այս նշանները ժամանակի ընթացքին կրնան աւելնալ, տարածուիլ եւ աւելի նկատելի դառնալ, ուստի զարմանալի չէ, որ մարդիկ փորձեն ձերբազատիլ անոնցմէ ի յայտ գալէն անմիջապէս ետք: Ահաւասիկ վեց պարզ եւ մատչելի բնական միջոցներ, որոնք կ՛օգնեն վերացնելու զանոնք:
Խնձորի քացախ
Խնձորի քացախը կը պարունակէ քացախաթթու, որ, ինչպէս ցոյց տուած են ուսումնասիրութիւնները, կրնայ բանալ մորթին գոյնը եւ նուազեցնել գունանիւթային հետքերը:
Կաթնամթերք
Կաթնային արտադրութիւնները կրնան օգնել պայքարելու տարիքային գունանիւթի դէմ: Կարելի է մորթին քսել կաթը, «քեֆիր»-ը կամ այլ կաթնաթթուային մթերքները: Արդիւնաւէտ կրնայ ըլլալ նաեւ սերուցքը, հակառակ որ շատ աւելի սուղ մթերք է։
Կանաչ թէյի հիւթահանուկ
Հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ կանաչ թէյի հիւթահանուկը կրնայ օգնել նուազեցնելու մորթի գունանիւթային հետքերը: Այս միջոցի կանոնաւոր օգտագործումը ժամանակի ընթացքին կրնայ յանգեցնել գերազանց արդիւնքներու։
Սեւ թէյ
Մէկ ամիս շարունակ օրական երկու անգամ սեւ թէյ կիրառելը մորթին կրնայ կ՛օգնէ նուազեցնելու տարիքային հետքերու յայտնութիւնը։
Ալօ վերա
Ալօ վերան կը պարունակէ «ալոին»՝ բնական գունազրկող միացութիւն, որ, ինչպէս ցոյց տուած են հետազօտութիւնները, մորթին գոյնը կը բանայ եւ կը գործէ որպէս ոչ թունաւոր, բնական միջոց գերագունաւորումի դէմ։
Կարմիր սոխ
Կարմիր սոխին հիւթը յաճախ կ՛օգտագործուի մորթի գոյնը բացող «քոզմեթիք» արտադրութիւններու բաղադրութեան մէջ։ Ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ կարմիր սոխին չոր կեղեւը կրնայ արդիւնաւէտօրէն բանալ մորթին գոյնը, ուստի խնամքի միջոցներ ընտրելու ժամանակ աւելի նախընտրելի է նախապատուութիւնը տալ այս բաղադրիչը պարունակող արտադրութիւններուն։