Բարձր ճարպային սննդականոնէն ցած ճարպային սննդականոնի անցումը կրնայ դանդաղեցնել ենթաստամոքսային գեղձի նախաքաղցկեղային փոփոխութիւններու զարգացումը՝ Քալիֆորնիոյ Տեյվիսի համալսարանի հետազօտողներու կողմէ Journal of Nutrition (JN) ամսագրին մէջ հրապարակուած ուսումնասիրութեան համաձայն:
Փորձարկումի ընթացքին կրծողները բաժնուած են երեք խումբի. մէկը ստացած է բարձր ճարպային սննդականոն, միւսը՝ ցած ճարպային սննդականոն, իսկ երրորդ խումբը սկիզբը կերակրուած է բարձր ճարպային սննդականոնով, նախքան ցած ճարպային սննդականոնի անցնիլը:
Արդիւնքները ցոյց տուած են, որ այն մուկերուն պարագային, որոնք շարունակած են կերակրուիլ իւղոտ ուտելիքներով, աւելի արագ ի յայտ եկած են ենթաստամոքսային գեղձի կանուխ քաղցկեղի նշաններ եւ նկատուած է աւելորդ կշիռք։ Միեւնոյն ժամանակ, սննդականոնը փոխած կրծողներու մօտ կշիռքը բնականոն դարձած է եւ նախաքաղցկեղային փոփոխութիւններու զարգացման վտանգը նուազած է։
Հետազօտողները նաեւ դիտարկած են դրական փոփոխութիւններ աղիքային «միքրոպիոմ»-ի կազմութեան մէջ, ինչպէս նաեւ՝ ծինային արտայայտութեան եւ միջբջիջային հաղորդակցութեան մէջ. այս գործընթացները կարեւոր դեր կը խաղան քաղցկեղային հիւանդութիւններու ձեւաւորման գործին մէջ եւ կայուն դարձած են սննդականոնի փոփոխութենէն ետք։
Աշխատանքի հեղինակները ընդգծած են, որ հակառակ յուսադրիչ արդիւնքներուն, զանոնք ուղղակիօրէն մարդոց վրայ կիրառելը տակաւին կանուխ է։
«Մարդոց մօտ ենթաստամոքսային գեղձի քաղցկեղի կանուխ փուլերը ուսումնասիրելը շատ դժուար է, որովհետեւ առողջ հիւսուածքները առհասարակ կենսահիւսուածքաբանական հետազօտութեան չեն ենթարկուիր», բացատրած են գիտնականները։
Այնուամենայնիւ, անոնք ընդգծած են, որ հաւասարակշռուած սնունդը կը մնայ հիւանդութիւններու կանխարգիլման եւ բջիջային մակարդակով առողջութեան պահպանման առանցքային գործօններէն մէկը։