Օրկանիզին մէջ զինքի պակասը կրնայ բարձրացնել COVID-19-ի բացասական հետեւանքներու վտանգը, յայտնած են սպանացի մասնագէտները:
«Նովոսթի Mail.Ru»-ի համաձայն՝ բջիջներու մէջ զինքի բարձր համակեդրոնացումը արդիւնաւէտօրէն կը կանխարգիլէ բազմաթիւ վարակներու բազմացումը: Այս մասին յայտնի էր տակաւին շատ կանուխ, սակայն SARS-COV-2-ի պարագային, արեան բլազմային մէջ զինքի մակարդակի ազդեցութեան մասին խօսուած է առաջին անգամ ըլլալով:
Պարսելոնայի հիւանդանոցներէն մէկուն աշխատակիցները հետազօտած են «քորոնա» ժահրով վարակուած մարդու արեան մէջ զինքի համակեդրոնացումը, որ արձանագրուած է հիւանդանոցին մէջ գտնուած պահուն, ինչպէս նաեւ՝ վարակէն առողջանալէն ետք: Մասնագէտները վերլուծած են 249 անհատի տուեալները, որոնք հիւանդանոց տեղափոխուած էին այս տարուան Մարտ 15-էն մինչեւ Ապրիլ 30: Հիւանդներու միջին տարիքը 63 էր: Այդ բոլոր հիւանդներէն 21 մարդ մահացած է:
Գիտնականները ուշադրութիւն դարձուցած են այն փաստին, որ մահացածներու արեան մէջ զինքի մակարդակը, հիւանդանոցին մէջ գտնուած ժամանակ, զգալիօրէն ցած էր:
Ուշագրաւ է, որ հիւանդութեան զարգացման սուր ժամանակ, արեան մէջ զինքի ցած մակարդակ ունեցող անձերու մօտ կը դիտարկուի դիմադրողականութեան համակարգի ցած ցուցանիշ, ինչ որ կը նուազեցնէր ողջ մնալու հաւանականութիւնը:
Գիտնականները հաշուած են, որ արեան բլազմայի մէջ զինքի իւրաքանչիւր յաւելեալ մայքրոկրամ»-ը կրճատած է COVID-19-ի հետեւանքով մահուան հասնելու հաւանականութիւնը՝ 7 առ հարիւրով: