ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐԸ ԿԸ ԳՐԵՆ. ՏՈՔԹ. ԿՈՍՏԱՆ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ
Խօսի՞մ, չխօսի՞մ…
Ուտե՞մ, չուտե՞մ…
Այս հարցումներու պատասխանին մէջ իր մեծ դերը ունի մեր լեզուն:
Այս փոքր, սակայն մեր մարմնի յոյժ կարեւոր մասնիկը, գրեթէ չի դադրիր գործելէ մեր ամբողջ կեանքնի ընթացքին:
Լեզուն ոսկոր չունի կ՚ըսեն եւ այդպէս է: Ան կազմուած է մկանային ու լորձաթաղանթային հիւսուածքներէ: Անոր լիարժեք գործունեութեան համար, անհրաժեշտ է յատուկ ուշադրութիւն դարձնել մեր մարմնի անհրաժեշտ այս մասնիկին: Բերանի ողողումները եւ ակռաներու մաքրութիւնը ամենօրեայ անհրաժեշտութիւն պէտք է ըլլան եւ պարտադիր:
Հակիրճ կը ներկայացնեմ լեզուին հետ կապուած որոշ հիւանդութիւններ, որոնք կրնան իւրայատուկ ըլլալ լեզուին կամ նախավըկան՝ ուրիշ աւելի խորը պահուըտած հիւանդութեան մը:
Վերջապէս, լեզուն ստամոքսաղիքային համակարգի մուտքն է եւ մարմնի հայելին:
SABURRALE ԼԵԶՈՒ
Հիւանդին մօտ յաճախ կը նկատենք սպիտակ թաւշեայ խաւով լեզուի մակերես:
Այս հիւանդութեան պատճառը որոշ մարսողական վարակային հիւանդութիւններու արտայայտութիւնն է: Յաճախ անիկա կը յաջորդէ antibiotique-ներու գործածութեան:
Կան նաեւ այլ դեղեր, որոնք կ՚առաջացնեն այս հիւանդութիւնը:
ՍԵՒ ԼԵԶՈՒ
Այս հիւանդութիւնը նաեւ կ՚առաջանայ որոշ դեղերու գործածութեան պատճառով, մանաւանդ antibiotique-ներէն, ծխախոտի չարաշահումէն, նաեւ՝ բերանի լուացումնե-րէն, երբ օգտագործուող հեղուկին մէջ առկայ է թթուածին (oxigene). ատամնաքսուքներ, որոնց բաղադրութեան մէջ կը մտնեն օքսիտացնող նիւթեր: Սնկային հիւանդութիւններ եւս կը պատճառեն սեւ լեզու:
Կան պարագաներ երբ չեն յայտնաբերուիր սեւ լեզուի առաջացման պատճառները:
ԼԵԶՈՒԻ ՔԱՂՑԿԵՂ
Գոյութիւն ունի նաեւ լեզուի քաղցկեղ՝ գլխաւորաբար ոգելից խմիչքներու եւ ծխախոտի չարաշահումներուն պատճառով:
CANDIDOSE ԿԱՄ MONILIASE
Ասիկա սնկային հիւանդութիւն մըն է որ կը յառաջանայ candida կոչուած սունկէն:
Բերանի սնկային հիւանդութիւնները յաճախ կը յայտնուին լեզուին վրայ սպիտակաւուն հատուածներով, որոնք սկիզբ կ՚առնեն վառ կարմիր հատուածներէ: Զգալի կը դառնայ լեզուի չորութիւնը հիւանդին մօտ: Եթէ այս վիճակը չբուժենք, ապա ժամանակ մը ետք սպիտակ տարածքները կրնան սեւ հատուածներու վերածուիլ: Հիւանդները հիմնականօրէն կը գանգատին թուքի պակասէ:
Ատամնաշար օգտագործողներու մօտ կամ անոնք որ կը տառապին մարմնի դիմադրողականութեան պակասէ, ինչպէս SIDA-ի պարագային՝ անոնց բերանին մէջ դիւրաւ candidose-ներ կը յառաջանան:
LEUCOPLASIE
Այս հիւանդութեան ժամանակ կը նկատենք սպիտակ ափսէներ լեզուի լորձաթաղանթին վրայ: Այս հիւանդութեան պատճառ կրնան դառնալ ոգելից ըմպդլիներու, ծխախոտի եւ համեմներու չարաշահումները:
Նաեւ սուր ատամները, արեան վարակը, բերանային յաճախակի կրկնուող վարակները, բերանը չմաքրելը պատճառ կը դառնան Leucoplasie հիւանդութեան: Պէտք չէ անհոգ վերաբերիլ նման վիճակի նկատմամբ, որովհետեւ անիկա քաղցկեղի նախանշան կրնայ ըլլալ:
MACROGLOSSIE
Գերաճ կամ բնականէն աւելի մեծ լեզու, զոր հիմնականօրէն կը տեսնենք Myxedema-ի հիւանդութեան ժամանակ, ուր անձին դէմքը այտուցուած է ու կշիռքը աւելցած: Myxedema-ն հորմոնային հիւանդութիւն մըն է:
APHTES
Բերանի խոցեր: Ընդհանրապէս կը տեսնենք լեզուին եզերքները: Փոքր վէրքեր են, քիչ թէ շատ խորունկ: Սպիտակաւուն են եւ շատ ցաւ կը պատճառեն: Բերանի խոցերը կրնան տարածուիլ նաեւ շուրթերու ներքին մակերեսին եւ լինտերու վրայ:
LANGUE FRAMBOISE
Վառ կարմիր, գերաճ լորձաթաղանթով կը նկատուի scarlatine (որդան կարմիր տենդ) հիւանդութեան ութերորդ օրը:
Որպէս վերջաբան կը մէջբերեմ Խաչատուր Աբովեանի գրութիւնը՝ «Ախ լեզուն, լեզուն, լեզուն որ չըլլայ մարդ ինչի նման կ՚ըլլայ» (Ախ, լեզուն, լեզուն, լեզուն որ չըլի, մարդ ընչի նը-ման կըլի):
GLOSSITES
Լեզուի լորձաթաղանթի բորբոքումներ: Ընդհանրապէս այս բորբոքումները կ՚առաջանան երբ գրգռող նիւթեր չարաշահենք, ինչպէս՝ ոգելից խմիչք, համեմներ եւ ծխախոտը: Չափազանց տաք ուտելիքներ եւ հեղուկներ եւս՝ թէյ, սուրճ եւայլն, կրնան պատճառ դառնալ լեզուի լորձաթաղանթի բորբոքումներու:
GLOSSITE DE HUNTER
Այս հիւանդութեան ժամանակ լեզուի լորձաթաղանթը կ՚ենթարկուի հետաճի: Լեզուի խորտուբորտ իւրայատուկ մակերեսը կը փոխարինուի սահուն ու փայլուն մակերեսով մը: Արեան որոշ հիւանդութիւններ, երկաթի պակասը եւ վիթամին B1-ի պակասը պատճառ կը հանդիսանան Hunter հիւանդութեան զարգացումին:
ՉՈՐ ԼԵԶՈՒ
Այս վիճակը կապուած է թքարտադրու-թեան խանգարումին հետ: Որոշ դեղեր նոյնպէս կրնան յառաջացնել չոր լեզու: Radio-therapie-ն երբ կը կատարուի դէմքի վրայ՝ կրնայ նաեւ այս վիճակը ստեղծել:
GLOSSODYNIA
Ցաւ եւ ծակոցի զգացում լեզուին վրայ: Պատճառը հիւանդին հոգեկան անհանգիստ վիճակն է: Ջղային, գրգռուած, մտահոգ հիւանդները կը տառապին այս երեւոյթէն:
ԲԱՐՈՐԱԿ ՈՒՌՈՒՑՔՆԵՐ
Kyste, Lipome, Papillome բարորակ ուռուցքները ամէն տեղ կրնան յայտնուիլ մեր մարմնին վրայ, հազուադէպօրէն նաեւ՝ բերնին մէջ:
LICHEN PLAN
Այս հիւանդութիւնը կը տեսնենք 30 տարեկանը բոլորած անձերու մօտ: Բազմաթիւ սպիտակ բարակ գիծեր կամ փոքր կէտեր շուրթերու, լեզուի եւ թուշերու վրայ: Lichen plan-ը կը պատճառէ շատ ցաւոտ խոցեր:
***
Կ՚ուզեմ շեշտել լեզուի կարեւորութիւնը մարմնի հոգեկան եւ ֆիզիքական գործունէութեան համար եւ նաեւ յիշեցնել որ անոր մաքուր պահպանումը կը կանխէ նշուած այս հիւանդութիւններէն շատերը: