Աւստրալիացի գիտնականներ յայտնաբերած են երկու բոյս, որոնք կ՛աճին երկրի հիւսիսը եւ զօրաւոր ապաքինող, հակամիքրոպային ու հակաօքսիտանդ յատկութիւն ունին։ Չարլզ Տարուինի համալսարանի (CDU) երկու հետազօտութիւններու արդիւնքները հրապարակուած են BMC Complementary Medicine and Therapies եւ Clinical, Cosmetic and Investigational Dermatology ամսագիրներուն մէջ։
Բոյսերէն մէկը ալիքատերեւ «քալոֆիլում»ն է (Calophyllum inophyllum), որմէ առանձնացուցած են նանոմածուկը՝ հեղուկներու խառնուրդ նանոչափի իւղի կաթիլներով։ Հետազօտութեան երկրորդը՝ «թինոսփորա սմիլասինա»ն է (Tinospora smilacina), որմէ ստացած են տերեւներու ջրային լուծոյթ։
Հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ երկու բոյսերն ալ յատկապէս հարուստ են «պայօէքթիվ» միացութիւններով, ինչպէս՝ «ֆլավոնոյտ»ները եւ ճարպաթթուները, որոնք կրնան արդիւնաւէտօրէն բուժել վէրքերը, պայքարիլ «փաթոճեն» մայքրօ-օրկանիզմներու դէմ, ինչպէս նաեւ ունին «հակաօքսիտանդ» ազդեցութիւն։ Հնագոյն ժամանակներէն այս բոյսերը աշխուժօրէն օգտագործուած են աւանդական բժշկութեան մէջ մաշկային հիւանդութիւններու, վէրքերու բուժման եւ ցաւի մեղմացման, ինչպէս նաեւ՝ օձի խայթոցը, գլխացաւերը, «ռէոմաթոյտ արթրիտ»ը եւ բորբոքային այլ հարցեր բուժելու համար։
Այժմ գիտնականները կը նախատեսեն շարունակել նմուշներու եւ ատոնց «պայօէքթիվ» միացութիւններու ուսումնասիրութիւնը՝ ինչպէս in vitro, այնպէս ալ in vivo։ Յայտնագործութիւնը կ՛արտօնէ այդ միացութիւնները օգտագործել դեղագործական եւ «քոզմեթիք» արդիւնաբերութեան մէջ, ներառեալ նոր հակաքաղցկեղային, հակաբորբոքային, ինչպէս նաեւ՝ դեղերու հանդէպ կայունութիւն ունեցող հիւանդութիւններու դէմ պայքարող դեղերու ստեղծման մէջ։