Բջիջային սարքերու յաճախակի օգտագործումը կրնայ ազդել փոքրիկներու ուղեղին վրայ: Այս մասին ըսուած է Պուտաբեշթի համալսարանէն խումբ մը հետազօտողներու ուսումնասիրութեան մէջ:
Սովորաբար, մարդ առաջին անգամ ուշադրութիւն կը դարձնէ ամբողջական պատկերին, որմէ ետք կը սկսի նայիլ մանրամասնութիւններուն: Սակայն, փոքրիկներու պարագային աշխարհընկալումը տարբեր է:
Հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ թուային սարքերու օգտագործումը կ՛ազդէ փոքրիկներու մտային եւ ընկերային-զգացական զարգացման վրայ: Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են Computers in Human Behavior ամսագիրին մէջ:
«Կլոպըլ պատկերի վրայ ուշադրութեան կեդրոնացումը կ՛օգնէ աշխարհը ընկալելու հետեւողական «մօտել»-ներով, այլ ոչ թէ իրարու հետ կապ չունեցող կէտերով»,-ըսած է հետազօտութեան հեղինակ Վերոնիքա Քոնոք:
Ընդհանուր պատկերի վրայ, կեդրոնացումը «օթօմաթիք» գործընթաց է, նոյնիսկ եթէ մենք կը փափաքինք տեսնել մանրամասնութիւնները: Սակայն, փոքրիկներու մօտ, որոնք կը մեծնան բջիջային սարքերը ձեռքին, կեդրոնացումը կը տարբերի: Անոնք աւելի արագ կ՛արձագանգեն մանրամասնութիւններուն:
Գիտնականներու խօսքով՝ փոքր տարիքին ուղեղը աւելի ճկուն կ՛ըլլայ, իսկ այդ կը նշանակէ, որ հետեւանքը կրնայ երկարաժամկէտ ըլլալ: