Լիվըրփուլի Թագաւորական համալսարանական հիւանդանոցէն (Մեծն Բրիտանիա) գիտնականներ յայտնաբերած են նոր ախտանիշ մը, որ կրնայ կապուած ըլլալ ենթաստամոքսային գեղձի հիւանդութիւն ունեցող հիւանդներու մօտ՝ «քորոնա» ժահրային բորբոքումի հետ: Հետազօտութիւնը հրապարակուած է Gastroenterology ամսագիրին մէջ, որու մասին հակիրճ կը յայտնէ «Լենդան»:
Գիտնականները «քորոնա» ժահրով եւ աւելորդ կշիռքով կամ ճարպակալումով հիւանդներու խումբի մը մօտ յայտնաբերած են ընդհանուր բորբոքում եւ արեան մէջ շաքարի եւ ճարպի բարձր պարունակութիւն: Այս մէկը ցոյց կու տար փայծաղով հիւանդներու հիւանդութիւնը, չնայած նշանները այս հիւանդութեան համար առանձնայատուկ չէին:
Յայտնագործութիւնը կրնայ բժիշկներուն օգնել՝ հիւանդներու մօտ «փանքրիաթիթ»-ը աւելի կանուխ ախտորոշելու:
Յիշեցնենք, որ սուր «փանքրիաթիթ»-ը ենթաստամոքսային գեղձի բորբոքումն է, որ կ՛ընկերանայ փորին վերի բաժինին մէջ ցաւերով, փորհարութեամբ եւ փսխուքով: