Աւստրիացի գիտնականներ բացայայտած են, թէ ինչո՞ւ մարդիկ հակում ունին չափէն աւելի վնասակար սնունդ ստանալու: Ի յայտ եկած է, որ որքան մեծ ըլլայ «ֆասթֆուտ»ի չափաբաժինը, այնքան աւելի համեղ կը թուի ըլլալ սպառողին համար։ Հետազօտութիւնը հրապարակուած է «Appetite» գիտական ամսագրին մէջ։
«Համատարած համոզում է, որ մարդիկ կը կարծեն, թէ առողջապահական սնունդը չի կրնար համեղ ըլլալ, ինչ որ անստոյգ է, որովհետեւ առողջապահական եւ համեղ սնունդի բազմաթիւ տարբերակներ կան: Մենք ուզեցինք աւելի լաւ հասկնալ, թէ ինչո՞ւ տակաւին մարդիկ այդքան բացասական կարծիք ունին առողջապահական սնունդի մասին: Այս պիտի օգնէ մեզի քաջալերելու մարդոց, որ աւելի առողջապահական ուտելիքներ սպառեն՝ առանց այն զգացումը ունենալու, որ անոնք պիտի «զոհաբերեն» համը»,- բացատրած է հետազօտութեան գլխաւոր հեղինակ Սոնիա Քունզ:
Երկու փորձարկումի համար խումբը ներգրաւած է մօտաւորապէս 350 անհատ։ Անոնց ցոյց տրուած են տարբեր ճաշատեսակներու պատկերներ, որոնցմէ մաս մը դասակարգուած էր որպէս առողջապահական ուտելիք, իսկ միւսները՝ վնասակար ուտելիք: Մասնակիցներէն խնդրուած է, որ գնահատեն ներկայացուած ճաշատեսակներու համը եւ օգուտները իրենց ընկալումներուն կամ «սապճեքթիւ փորձառութիւններուն համաձայն»:
Երկու փորձարկումներն ալ նոյն արդիւնքը տուած են։ Կամաւորները յաճախ աւելի համեղ նկատած են մեծ չափաբաժիններով վնասակար կամ ոչ առողջապահական ուտելիքները:
Հետազօտութեան հեղինակներուն համաձայն, իրենց յայտնագործութիւնը կ՛օգնէ կառավարելու մարդոց սննդային վարքագիծը՝ քաջալերելով, որ անոնք օգտագործեն առողջապահական ուտելիքներ: