Քայլակը բոլորովին անվտանգ չէ մանուկին առողջութեան համար: Այս մասին Վնասուածքաբանութեան եւ օրթոփետիք գիտահետազօտական կեդրոնի մանկաբուժական օրթոփետիք եւ վնասուածքաբանութեան բաժանմունքի վարիչ Արա Այվազեան նշած է. Քայլակին մէջ մանուկը ուղղահայեաց դիրքով կը սկսի շատ աւելի կանուխ տեղաշարժիլ եւ հետեւաբար, օրկանիզմը պատրաստ չ՛ըլլար այդ ծանրաբեռնուածութեան:
«Ես խորհուրդ չեմ տար քայլակի օգտագործումին: Ատոր միակ առաւելութիւնը ծնողներու հանգստութիւնն է: Այսինքն՝ մանուկը չ՛իյնար, ձեռքերը սահմանափակ չեն, որեւէ վտանգաւոր բանի չի կրնար հասնիլ: Սակայն, միջին հաշիւով, քայլակին մէջ մանուկը կը սկսի 2-3 ամիս աւելի կանուխ քալել, այն ժամանակ, երբ օրկանիզմը պատրաստ չէ ուղղահայեաց ծանրաբեռնուածութեան», – ըսած է ան:
Այվազեան ուշադրութիւն դարձուցած է այն կէտին վրայ, որ այդ շրջանին, մանուկին ոսկորները այդքան ամուր չեն ըլլար, ինչպէս մեծահասակի մը պարագային, իսկ յօդերը՝ թերզարգացած կ՛ըլլան:
Այսպիսով, ուղղահայեաց ծանրաբեռնուածութիւնը կրնայ վերջոյթներու ծռելուն պատճառ դառնալ:
«Բացի ատկէ, մանուկը քայլակին մէջ սխալ կը քալէ: Երբ մենք կը քալենք, մէկ ոտքէն միւսին կ՛անցնինք: Քայլակին մէջ մանուկը ոտքերը հրելով, կը տեղաշարժի սենեակին մէջ, իսկ այդ մէկը բնական չէ», – ընդգծած է փորձագէտը:
Այվազեանի գլխաւոր խորհուրդը ծնողներուն այն է, որ անոնք պէտք չէ աճապարեն:
«Որքան երկար մանուկը չորեքթաթ սողայ, այնքան աւելի պատրաստ կ՛ըլլայ քալելու եւ իյնալու: Փոքրիկին համար չափազանց կարեւոր է սորվիլ «քոորտինէյշըն»-ը, հակառակ պարագային՝ իյնալէն կրնան լուրջ հետեւանքներ յառաջանալ», – ըսած է վնասուածքաբանը:
Ինչ կը վերաբերի ընդհանրացած քանկուրու-պայուսակներուն, ապա մասնագէտը ատոնք վտանգաւոր չի նկատեր:
«Քանկուրու-պայուսակ»-ին մէջ, մանուկը գորտի դիրքով է, այսինքն՝ ոտքերը բացուած են, ինչ որ ոտքերու ծռումի չի հանգեցներ: Սակայն կայ մէկ բան. կարելի չէ այդ պայուսակներով մինչեւ 6 ամսուան մանուկները տեղափոխել, այսինքն, երբ անոնք դեռ չեն կրնար նստիլ, որովհետեւ տուեալ պարագային, կրնայ ուղղահայեաց ծանրաբեռնուածութիւն ըլլալ ողնաշարին վրայ: