Հելսինքիի համալսարանի գիտնականները յայտնաբերած են անսպասելի կապ «կրիփ»-ի ժահրի հանդէպ օրկանիզմի դիմադրողականութեան եւ սահմանափակ ածխաջուրով եւ բարձր ճարպային պարունակութեամբ սննդականոնի միջեւ։ Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են Scandinavian Journal of Public Health (SJPH) ամսագրին մէջ։
«Քիթոճենային» սննդականոնը, որ առաջնահերթութիւնը կու տայ ճարպերու գերակշռութեան, արդէն աւելի քան 100 տարիէ կ՛օգտագործուի ջղային դրութեան հետ կապուած հիւանդութիւններու բուժման համար։ Սպիտակուցներու, ճարպերու եւ ածխաջուրերու յարաբերակցութիւնը այս սննդականոնին մէջ կը կազմէ 20-25 առ հարիւր, 70 առ հարիւր եւ 5-10 առ հարիւր համապատասխանաբար։ Առաջնահերթութիւնը կը տրուի առանց «կլիւթեն»-ի եւ առանց օսլայի ածխաջուրերուն։
Վերջերս կատարուած հետազօտութիւնը, որ կատարած է գիտնականներու խումբը սննդաբան Ասթրիտ Հեյսմանսի գլխաւորութեամբ, յայտնաբերած է նոր մեքանիզմ մը, որ կրնայ արմատապէս ազդել կանխարգելիչ բժշկութեան վրայ։ Հետազօտութիւնը բացայայտած է, որ «Քիթոճենային» սննդականոնի ընթացքին, օրկանիզմին մէջ կ՛աշխուժանան կամա-տելթա-Т-լիմֆոսայթները, բջիջներ, որոնք կարեւոր դեր կը խաղան հակաժահրային դիմադրողականութեան մէջ։
Այնուամենայնիւ, հետազօտութեան արդիւնքները տարաձայնութիւններ յառաջացուցած են մասնագէտներու շրջանակին մէջ։ Գիտնականներէն ոմանք կը կարծեն, որ «Քիթոճենային» սննդականոնի երկարատեւ օգտագործման անվտանգութիւնը հաստատելու համար անհրաժեշտ են լրացուցիչ քլինիքային հետազօտութիւններ։ Հելսինքիի համալսարանի հետազօտողները մտադիր են իրագործել զանոնք, որպէսզի ստոյգ որոշեն քիթօ-սնունդի բարենպաստ տեւողութիւնը եւ բաղադրութիւնը։