Այժմ, ոչ հազուադէպ, վաղաժամ կը մահանան նաեւ երիտասարդները։
Մեր օրերուն ընկերային յարաբերութիւններու անբաւարարութիւնը վերածուած է առողջապահական խնդիրի։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու գլխաւոր բժշկական խորհրդատուն զայն կոչած է «համաճարակ»։
Միայնութիւնը եւ մեկուսացումը նոյնը չեն։ Մեկուսացումը քիչ թէ շատ յստակ չափանիշներ ունի՝ ընտանիքի բացակայութիւն, հազուադէպ յարաբերութիւններ շրջապատի հետ։ Միայնութիւնը ենթակայական հասկացողութիւն է։ Մարդ կրնայ առանձին ապրիլ եւ ինքզինք միայնակ չզգալ. կրնայ ըլլալ մեծ ընտանիքի անդամ եւ տառապիլ, որովհետեւ կողքին հարազատ մարդ չկայ։
«Ընկերային յարաբերութիւններէն անբաւարարուածութիւն ցանկալիին եւ առկային միջեւ». այսպէս կը բնորոշեն այդ իրավիճակը գիտական գրականութեան մէջ, ուր ծխելը, նստակեաց ապրելակերպը, ճարպակալումը, օդի ապականումը կը դասուին նոյն կարգին։ Եթէ միայնութիւնը տարիներ երկարի, ապա զայն կը կոչեն «քրոնիք»։
Հետազօտութիւններու համաձայն, 35-էն վեր տարիքի ամերիկացիներու մէկ երրորդը եւ ծերունիներու մօտաւորապէս մէկ քառորդը ինքզինք միայնակ կը նկատէ։
Միայնութիւնը միշտ կապած են աւագ տարիքային խումբերու հետ, սակայն այժմ՝ նաեւ երիտասարդութեան խնդիրն է։ Cigna Group ապահովագրական ընկերութեան տուեալներով՝ 18-24 տարեկաններու 80 առ հարիւրը ինքզինք միայնակ կը զգայ։ 66-էն վեր տարիքի մարդոց շրջանակին մէջ անոնց թիւը կը կազմէ 41 առ հարիւր, տեղեկացուցած է «Nature»ը։
Պրիկամ Եանկ համալսարանի գիտնականները ուսումնասիրած են 70 գիտական աշխատանքներ, որոնք կատարուած են 1980-2014 թուականներուն։ Հաւաքուած են մօտաւորապէս երեքուկէս միլիոն մարդու տուեալները։
Բացայայտուած է, որ առանց ընտանիքի ապրողներու համար մահանալու վտանգը աւելի մեծ է 32 առ հարիւրով, ընկերային գետնի վրայ մեկուսացուածներունը՝ 29 առ հարիւրով։ Միայնութեան զգացողութիւնը նոյնիսկ վաղաժամ մահուան հաւանականութիւնը կը բարձրացնէ 26 առ հարիւրով։ Չինացի գիտնականներու ուսումնասիրութիւնը կը հաստատէ այս մէկը։ Անոնք ուսումնասիրած են 1986-2022 թուականներուն 90 յօդուածներ աւելի քան երկու միլիոն մարդու մասին 20 երկիրներէ։ Ի յայտ եկած է, որ մասնագիտութեան, ընկերային կարգավիճակի եւ «ֆիզիոլոճիքըլ» առանձնայատկութիւնները նկատի ունենալով, կիները աւելի ենթակայ եղած են միայնութեան զգացումին, բայց ծերութեան ժամանակ այդ մէկը փոխհատուցուած է լաւ ընկերային յարաբերութիւններով։
Բացայայտուած է կապ «Ալզհայմըր»ի հիւանդութեան եւ «տեմենշիա»ի հետ։ Ի դէպ, արդիւնքները հակասական են։ Ամերիկացի մասնագէտները ուսումնասիրած են 1948 թուականներու Ֆրեմինկհամի Քոհորթային հետազօտութեան տուեալները։ Ընտրած են երկու հազար մասնակից, որոնք դժգոհած են միայնութենէն շաբաթը առնուազն երեք անգամ։ Անոնք չեն ունեցած APOE ε4 «ճին»ի տարբերակը, որ կը նկատուի «Ալզհայմըր»ի հիւանդութեան հակուածութեան ցուցանիշ: Այսինքն՝ ծերութեան յառաջացման վտանգը ցած է։ Բայց յաջորդ տասը տարիներուն ընթացքին, 14 առ հարիւրին մօտ ախտորոշուած են «տեմենշիա»։ Երեք անգամ աւելի հաճախ, քան ընկերային գետնի վրայ աշխուժ եղողներու պարագային, նշած են հեղինակները։
Ընկերային մեկուսացումը կը զուգակցի վատ սնանելուն, ինչպէս նաեւ՝ վնասակար սովորութիւններու հետ, հետեւաբար՝ արեան բորբոքային «մարքըր«ներու բարձրացում, քոլեսթերոլ, դիմադրողական համակարգի խանգարումներու աճ։
Բայց ինչպէ՞ս բացատրել նոյն վտանգները անոնց պարագային, որոնք կարծես թէ կ՛ապրին խումբի մէջ, բայց կը տառապին միայնութենէ։ Նշուած է, որ այդ անհատներուն եւս յաճախ բնորոշ են վատառողջ վարքագիծը, քունի խանգարումը, «նիւրոէնտոքրին» եւ դիմադրողական խանգարումները։
Հասկնալի է, որ միայնութիւնը բարդ ընկերա-հոգեբանական բնոյթ ունի, բայց, ըստ երեւոյթին, կայ աւելին։ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ ազգային «պայոպանք»ի տուեալներուն հիման վրայ բացայայտած են 15 «ճենեթիք» տարբերակներ, որոնք կը կապուին այդ իրավիճակին հետ։
Միայնութիւնը կ՛ազդէ նաեւ ուղեղի կառոյցներուն վրայ։ Փակ ապրողներու մօտ աւելի աշխուժ է ուղեղի աշխատանքի այսպէս կոչուած «փասիւ ռեժիմ»ի ցանցը։ Անոնք յարատեւ կեդրոնացած են իրենց միտքերուն վրայ, ինչ որ կը նկատուի «տիփրեշըն»ի ժամանակ։
Տակաւին պէտք է բացայայտել պատճառը եւ հետեւանքը։ Բայց շփման անհրաժեշտութիւնը ակնյայտ է։ Գերմանիոյ մէջ կ՛առաջարկեն ֆիզիքական վարժութիւններ։ Այնտեղ փորձարկած եւ պարզած են, որ երիտասարդներու համար օրական մէկ ժամ «աքթիւ» քալելը կ՛ամբողջացնէ շփումի պակասը։
Միայնութեան խնդիրը ընդունուած է Առողջապահական Համաշխարհային Կազմակերպութեան կողմէ։ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ արդէն իսկ ընդունած են այդ վտանգաւոր ընկերային երեւոյթին դէմ պայքարի ռազմավարութիւն եւ հիմնած՝ կառոյց, որ Զանգուածային Լրատուութեան Միջոցներու մէջ կոչած են «Միայնութեան նախարարութիւն»։ Թերեւս, այլ երկիրներ հետեւին Մեծն Բրիտանիոյ օրինակին։