Ուղեղի յիշողութիւնը եւ ախորժակը կարգաւորող շղթաներուն միջեւ կապերու խախտումը կ՛ազդէ մարմնի զանգուածի ինտեքսին վրայ, յատկապէս չափէն աւելի ուտող մարդոց պարագային։ Այսպիսի եզրակացութեան յանգած են Փենսիլվանիայի համալսարանի գիտնականները։ Անոնց աշխատանքը հրապարակուած է Nature ամսագրին մէջ։
Աշխատանքի ընթացքին, հեղինակները ուսումնասիրած են այն մարդոց «մակնեթիք ռեզոնընս» շերտագրութիւնը, որոնց աւելի կանուխ «սքէնինկ» ըրած էին «էփիլեփսիի մոնիթըրինկ»ի բաժանմունքին մէջ։ Հիւանդներուն մօտ նկատած են ուղեղի «աքթիվ»ութիւն, իսկ յետոյ անոնց տուած են քաղցր ըմպելիք (շոքոլայով կաթի քոքթէյլ)։ Բացայայտուած է, որ փորձարկուողներուն մօտ միեւնոյն ժամանակ «աքթիվ» դարձած են ճակատային կեղեւը եւ «լէթըրըլ հիփոթալամուս»ը այն պահուն, երբ մասնակիցները կը սպասէին սնունդ ստանալուն։ Առաջին հատուածը պատասխանատու է յիշողութեան, իսկ երկրորդը՝ ախորժակի։
Ճարպակալում ունեցող մասնակիցներուն մօտ նկատուած է ուղեղի այդ երկու հատուածներուն միջեւ կապի խախտում, միաժամանակ՝ անիկա համաչափ եղած է անոնց մարմնի զանգուածի ինտեքսին։ Այդ կը նշանակէ, որ ճարպակալում ունեցող մարդիկ աւելի վատ ձեւով կը վերահսկեն եւ կը կարգաւորեն յուզումի «ռիէքշըն»ները՝ սնունդ ստանալու սպասած ժամանակ։
Հետագայ փորձարկումը ներառած է ուղեղի հիւսուածքի ուսումնասիրութիւնը։ Անիկա ցոյց տուած է, որ ճակատային կեղեւին եւ «լէթըրըլ հիփոթալամուս»ին մէջ կը կուտակուի մելանին՝ հորմոն, որ կը կարգաւորէ սննդային վարքը։
Հեղինակները ընդգծած են, որ չափէն աւելի ուտելը եւ ատոր հետեւանքով յառաջացած ճարպակալումը կախեալ չեն կամքի ուժի անբաւարարութենէն։ Այդպիսի հիւանդներ therapeutic ազդեցութեան կարիք ունին, որ կ՛օգնէ վերականգնելու կապի խախտումները անոնց ուղեղին մէջ։ Մինչ այդ «հիփոքամփ»ը երբեք չէ դիտարկուած որպէս հատուած, որպէսզի դէպի ատոր կարելի ըլլայ ուղղել բուժումը։