Պսակաձեւ ժահրի տարածման հետ կապուած արտակարգ իրավիճակը կը տեւէ առնուազն մինչեւ 2020 թուականի աւարտը: DPA-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին, նման կարծիք յայտնած է Համաշխարհային բժշկական ընկերութեան (WMA) նախագահ Ֆրենք Ուլրիխ Մոնթկոմըրին:
«Այս խնդիրը հաստատ մեզի կ՛ընկերակցի մինչեւ տարեվերջ»,- ըսած է մասնագէտը` աւելցնելով, որ քանի դեռ պսակաձեւ ժահրի դէմ պատուաստ չէ պատրաստուած, մարդիկ ստիպուած կ՛ըլլան վերակառուցել իրենց ընկերային կեանքը եւ աշխատանքային գործունէութիւնը:
WMA-ի նախագահը նաեւ դրական գնահատած է գերմանական իշխանութիւններուն` ընկերային յարաբերութիւնները սահմանափակելու մասին որոշումը:
Նշենք, որ Համաշխարհային բժշկական ընկերութիւնը, որ հիմնադրուած է 1947 թուականին, միջազգային կազմակերպութիւն է, որ բժիշկներու աւելի քան 100 ազգային միաւորում կը ներառէ: