Ի՞նչ է ճնշուածութիւնը
Ճնշուածութիւնը մարդ արարածի բնական արձագանգ է, որ կը պատահի բոլորին: Իրականութեան մէջ մարմինը ստեղծուած է սթրեսային փորձարկումի ենթարկուելու եւ անոր արձագանգելու:
Երբ դուք կը զգաք փոփոխութիւններ կամ մարտահրաւէրներ (ճնշուածութիւն պատճառող գործօններ), ձեր մարմինը կ՛արտադրէ ֆիզիքական եւ մտային արձագանգներ: Այդ «սթրես» է:
Ճնշուածութեան տեսակներ
Ճնշուածութեան երեք հիմնական տեսակ կայ՝ սաստիկ/սուր, էփիզոտիք սուր եւ քրոնիկ:
- Սաստիկ/սուր սթրես. սուր «սթրես»ը կարճաժամկէտ «սթրես» է, որ կու գայ եւ կ՛անցնի արագ ու կրնայ ըլլալ դրական կամ ժխտական: Այդ այն զգացողութիւնն է, որ դուք կ՛ունենաք, երբ «րօլըրքոսթըր»ի վրայ էք կամ կռիւի մէջ էք ձեր ընկերոջ հետ: Բոլոր մարդիկ ժամանակ առ ժամանակ սաստիկ/սուր «սթրես» կ՛ապրին:
- Էփիզոտիք սաստիկ/սուր սթրես. երբ պարբերաբար սաստիկ/սուր «սթրես» կ՛ապրիք, այդ «էփիզոտիք սթրես»-ն է: Այս տեսակի «սթրես»-ի պարագային, դուք բնաւ չէք ունենար այն ժամանակը, որ անհրաժեշտ է հանգիստ վիճակի վերադառնալու: «Էփիզոտիք սթրես»-ը յաճախ կ՛ազդէ որոշ մասնագիտութիւններու մէջ աշխատող մարդոց վրայ, ինչպէս՝ բժշկական մարզի աշխատողները:
- Քրոնիկ սթրես. քրոնիկ «սթրես»ը երկարաժամկէտ «սթրես» է, որ կը տեւէ շաբաթներ կամ ամիսներ: Կրնաք քրոնիկ «սթրես» ապրիլ ամուսնական հարցերու, աշխատանքի կամ նիւթական խնդիրներու պատճառով: Կարեւոր է քրոնիկ «սթրես»ը կառավարելու ուղիներ գտնել, որովհետեւ անիկա կրնայ յանգեցնել առողջական խնդիրներու:
Ի՞նչը կը յառաջացնէ ճնշուածութիւն
Ճնշուածութիւնը այն է, թէ ինչպէ՞ս մարմինը կ՛արձագանգէ փոփոխութեան կամ մարտահրաւէրի եւ շատ տարբեր բաներ կրնան յանգեցնել անոր: «Սթրես» պատճառող գործօնները կրնան ըլլալ նաեւ դրական կամ բացասական: Օրինակ՝ նոր աշխատանք մը սկսիլը կամ աշխատանքը կորսնցնելը կրնան «սթրես» պատճառել: «Սթրես»ի այլ պատճառներ կը ներառեն.
- Սիրելիի մը հիւանդութիւնը կամ մահը․
- Ամուսնութիւն, բաժանում կամ ամուսնալուծութիւն․
- Նիւթական հարցեր.
- Նոր տուն տեղափոխուիլը.
- արձակուրդի երթալը.
- Զաւակ ունենալը.
- Թոշակի անցնիլը.
Ճնշուածութիւնը կրնայ նաեւ կարճաժամկէտ ըլլալ։ Կարճաժամկէտ «սթրես»-ի պատճառները կրնան ներառել ամէնօրեայ «սթրես»-ային գործօնները, ինչպէս՝
- Դպրոցական կամ համալսարանական քննութեան մը պատրաստուիլը.
- Աշխատանքի ներկայացման համար պատրաստութիւնը.
- Ընկերոջ կամ սիրելիի հետ վիճաբանութիւնը․
- Կարճ ժամանակամիջոցի մէջ շատ բան աւարտելու կարիքը:
- Մէկ անգամէն շատ փոքր խնդիրներու հանդիպիլը, օրինակ՝ խճողումի մէջ մտնելը, սուրճը ամբողջութեամբ վրադ թափելը եւ ուշացումը:
Ինչպէ՞ս կ՛ախտորոշուի Ճնշուածութիւնը
Ճնշուածութիւնը «սապճէքթիւ» է, քննութիւններով չափելի չէ: Միայն այն անձը, որ կը զգայ զայն, կրնայ որոշել, թէ առկայ է եւ որքանով ծանր է անիկա: Առողջապահութեան մարզի մասնագէտները կրնան օգտագործել հարցաթերթիկներ՝ հասկանալու ձեր «սթրես»-ը եւ ինչպէս կ՛ազդէ անիկա ձեր կեանքին վրայ: Եթէ դուք ունիք քրոնիք «սթրես», ձեր խնամատարը կրնայ գնահատել ախտանշանները, որոնք կը յառաջանան «սթրես»-էն: Օրինակ, անոնք կրնան ախտորոշել եւ բուժել արեան բարձր ճնշումը:
Ինչպէ՞ս ճնշուածութիւնը կ՛ազդէ մարմնին վրայ
Ձեր մարմնին ինքնավար նեարդային համակարգը կը վերահսկէ ձեր սրտի յաճախութիւնը, շնչառութիւնը, տեսողութեան փոփոխութիւնները եւ աւելին: Անոր ներկառուցուած «սթրես»-ային արձագանգը՝ «կռուիլ կամ փախչիլ» արձագանգը, կ՛օգնէ ձեր մարմնին դիմակայելու «սթրես»-ային իրավիճակները:
Երբ երկարաժամկէտ (քրոնիկ) «սթրես» ունիք, «սթրես»-ի արձագանգի շարունակական աշխուժացումը կը պատճառէ մարմնի մաշուածութիւն: Դուք կրնաք զարգացնել «սթրես»-ի ախտանշաններ, որոնք կրնան ըլլալ ֆիզիքական, հոգեբանական կամ վարքային:
ա. Ֆիզիքական ախտանշաններ
Ճնշուածութեան ֆիզիքական ախտանշանները կրնան ներառել.
- Ցաւեր, նեղութիւններ
- Կրծքավանդակի ցաւ կամ այնպիսի զգացողութիւն, որ ձեր սիրտը կ՛արագանայ․
- Յոգնածութիւն կամ քունի խանգարում․
- Գլխացաւեր, գլխապտոյտ կամ ցնցումներ.
- Արեան բարձր ճնշում (հայփըրթէնշըն).
- Մկանային լարուածութիւն կամ ծնօտի սեղմում.
- Ստամոքսի կամ մարսողութեան հետ կապուած խնդիրներ.
- Սեռի հետ կապուած խնդիրներ․
- Տկար դիմադրողական համակարգ։
բ․ Հոգեբանական ախտանշաններ
Ճնշուածութիւնը կրնայ առաջնորդել զգացական եւ մտային (հոգեբանական) ախտանշաններու, ինչպէս՝
- Անձկութիւն կամ դիւրագրգռութիւն.
- Ընկճախտ.
- Խուճապի նոպաներ.
- Տխրութիւն.
գ․ Վարքային ախտանշաններ
Յաճախ քրոնիկ «սթրես» ունեցող մարդիկ տարբեր բաներ կը փորձեն յաղթահարել։ Եւ անոնցմէ որոշ բաներ սովորութիւն ձեւաւորելն է եւ որ կրնայ ազդել ձեր առողջութեան վրայ:
Ասոնք կրնան ներառել.
- Ալքոլի օգտագործման խանգարում.
- Բաղդախաղ խաղալու խանգարում.
- Չափէն աւելի ուտել կամ ուտելու խանգարման զարգացում․
- Շարունակաբար, առանց վերահսկողութեան եւ առանց ժխտական հետեւանքները նկատի առնելու մասնակցութիւն բերել սեռային յարաբերութիւններու, գնում ընելու կամ առանց վերահսկողութեան «ինթերնէթ»ի օգտագործում:
- Ծխել.
- Թմրանիւթերու, ալքոլի, առանց վերահսկողութեան դեղերու օգտագործման խանգարում.
Ճնշուածութեան ցան
Ճնշուածութեան ցաները յաճախ կը յայտնուին որպէս վարդագոյն կամ գունաթափ, բարձրացած բշտիկներ, որոնք կը կոչուին «հայվ»-եր: «Հայվ»-երը խոցեր են, որոնք կրնան զարգանալ եւ ուռիլ ձեր մորթի մակերեսին վրայ: Անոնք կրնան քերուըտուք, այրուածք եւ նոյնիսկ ցաւ յառաջացնել: «Հայվ»-երը ընդհանրապէս «ալերժիք» արձագանգ են բանի մը նկատմամբ, օրինակ՝ որոշ տեսակի ուտելիքներու, հիւսուածքներու կամ քիմիական նիւթերու: Բայց եւ այնպէս, երբեմն, «սթրես»-ը կրնայ յառաջացնել բռնկում մը: