«Սմարթֆոն»-ներու եւ համակարգիչներու չափէն դուրս օգտագործումը կրնայ յառաջացնել ուղեղի գերյոգնածութիւն, ինչ որ կը յանգեցնէ խելագարութեան եւ «տիփրեշըն»-ի զարգացման: Այդ մասին յայտնած է Nikkei Style-ը՝ վկայակոչելով ճափոնցի գիտնականներու կարծիքը, տեղեկացուցած է «Արմենփրես»-ը:
«Օքումուրա» յիշողութեան քլինիքի տնօրէն, նեարդավիրաբույժ Այումի Օքումուրայի խօսքով՝ վերջերս աւելցած է մարդոց մօտ «յիշողութեան խանգարումի» դէպքերու քանակը, ըստ որուն, այդ ախտորոշումը կու տան ոչ միայն տարեց մարդոց: Վտանգի դասակարգին մէջ կը գտնուին 30-էն մինչեւ 60 տարեկան անձեր: Անոնք են, որոնք աւելի յաճախ կ՛օգտուին համակարգիչներէն եւ «սմարթֆոն»-ներէն՝ ծանրաբեռնելով իրենց ուղեղը տեղեկատւութեամբ: Երբ ընդունուող տեղեկատւութեան քանակը կը մեծնայ, ուղեղը գլուխ չի հաներ մշակումէն եւ կը վերածուի աղբակոյտի»,- պատմած է Օքումուրան: Ատկէ խուսափելու համար, բժիշկները խորհուրդ կու տան անպայման հանգիստ տալ ուղեղին, կրճատել ատոնցմէ օգտուելու ժամանակը, ինչպէս նաեւ լաւ քնանալ: Օգտակար է նաեւ կարճատեւ 15-վայրկեաննոց քունը՝ ճաշի ընդմիջումի ժամանակ: Բացի ատկէ, մասնագէտները խորհուրդ կու տան սնուելու ժամանակ չօգտուիլ «կաճեթ»-ներէն, հաղորդած է ՌԻԱ Նովոսթին: