Տակաւին չծնած մանուկը մատներով «յաղթանակի նշան»՝ «V» ցուցադրած է ուլթրաձայնային հետազօտութեան ընթացքին՝ ատով զարմացնելով բժիշկները եւ իր մայրը՝ 21-ամեայ Ճեմմա Հիւսթոնը Շոթլանդիոյ Փեյսլի քաղաքէն։
Մինչ այդ, երբեք մանուկը «չէ համագործակցած» ուլթրաձայնային հետազօտութիւններու ժամանակ, որովհետեւ ճիշդ դիրքով չէ եղած՝ բնական ձեւով զայն հետազօտելու համար։ Այս մասին ներկայացուցած է Mirror Online-ը:
Այդ մէկը չորրորդ հետազօտութիւնը եղած է, եւ մինչեւ այդ պահը Ճեմման ոչ մէկ բնական նկար ունեցած է։ Իսկ վերոնշեալ լուսանկարը՝ Ճեմման որոշած է ցոյց տալ իր աղջկան ապագային, երբ ան մեծնայ։