Օդի զտիչները կրնան օգնել մեր տան օդի թարմութեան պահպանման, բայց, ինչպէս ցոյց կու տայ նոր ուսումնասիրութիւնը, ատոնք չեն նուազեցներ օդակաթիլային եղանակով փոխանցուող ժահրով վարակուելու վտանգը։ Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են Preventive Medicine ամսագրին մէջ։
Այն «թեքնոլոճի»ները, որոնք կոչուած են անվտանգ դարձնելու մեր շրջապատը վարակներէն, անարդիւնաւէտ են իրական պայմաններու մէջ, կը հաւաստիացնեն Արեւելեան Անգլիոյ համալսարանի հետազօտողները։
Գիտնականներու խումբը ուսումնասիրած է նախորդ 32 հետազօտութիւններու տուեալները, որոնց մէջ օդի մաքրման «թեքնոլոճի»ները փորձարկուած են իրական պայմաններու մէջ, օրինակ՝ դպրոցներու կամ բժշկական հաստատութիւններու մէջ։
«Մենք դիտարկած ենք այնպիսի «թեքնոլոճի»ներ, ինչպէս՝ air conditioning-ը, մանրէասպան լամբերը, «այոնայզըր»ները եւ ժահրերու անվտանգ վերացման կամ ատոնց ապաշխուժացման որեւէ այլ միջոց մեր շնչած օդին մէջ»,- նշած է յառաջատար հետազօտող, տոքթոր Ճուլիա Պրեյնարտ Արեւելեան Անգլիոյ համալսարանին կից Նորվիչի Բժշկական դպրոցէն։
Ընդհանրացուած տուեալները ցոյց տուած են, որ զտումի համակարգերը ոչինչ կատարած են, որպէսզի մարդիկ չվարակուին շնչառական կամ աղեստամոքսային ժահրերով, որոնք կը փոխանցուին օդակաթիլային եղանակով։
«Մենք համոզիչ ապացոյց չենք գտած, որ օդի մաքրման «թեքնոլոճի»ները կրնան մարդոց պաշտպանել իրական պայմաններու մէջ,-ըսած է Պրեյնարտ։ -Ընդհանուր առումով, մենք եկած ենք այն եզրակացութեան, որ այդ «թեքնոլոճի»ները չեն կասեցներ ու նուազեցներ հիւանդութիւնը»։