Մինեսոթայի համալսարանէն հետազօտողներ աւարտած են CRISPR/Cas9 ծինային խմբագրման մեթոտի առաջին մարդկային «քլինիքական» փորձարկումը, որ կրնայ օգնել դիմադրողական համակարգին պայքարելու ստամոքս-աղիքային համակարգի քաղցկեղի ընդհանրացած ձեւերու դէմ։
Վերջերս The Lancet Oncology ամսագրին մէջ հրապարակուած արդիւնքները խոստմնալից նշաններ ցոյց կու տան բուժման անվտանգութեան եւ հաւանական արդիւնաւէտութեան մասին։
Ուսումնասիրութեան մէջ գիտնականները օգտագործած են CRISPR/Cas9 ծինային խմբագրման արհեստագիտութիւնը՝ ուռուցք ներթափանցող «լիմֆոսայթ»-ներ (TIL) կոչուող դիմադրողական բջիջի տեսակը փոխելու համար։ CISH ծինը անջատելով՝ հետազօտողները յայտնաբերած են, որ փոխուած TIL-ները կարողութիւնը ունէին աւելի լաւ ճանչնալու եւ յարձակելու քաղցկեղի բջիջներուն վրայ։
Բուժումը փորձարկուած է «մեթասթաթիք», վերջնական փուլին մէջ եղող քաղցկեղով 12 հիւանդի վրայ եւ յայտնուած է, որ անիկա ընդհանրապէս անվտանգ է եւ չի յառաջացներ լուրջ կողմնակի ազդեցութիւններ ծինային խմբագրումով։ Ուսումնասիրութեան ընթացքին քանի մը հիւանդներ ունեցած են քաղցկեղի աճի կասեցում եւ մէկ հիւանդ ունեցած է ամբողջական յետընթաց, ուր «մեթասթաթիք» ուռուցքները անհետացած են քանի մը ամսուան ընթացքին եւ բացակայ եղած են աւելի քան երկու տարի։
«Մենք կը հաւատանք, որ CISH-ը կարեւոր գործօն է խոչընդոտելու T բջիջները՝ ուռուցքները ճանչնալու եւ ոչնչացնելու աշխատանքին մէջ», ըսած է ուսումնասիրութեան հետազօտող Պրենտան Մորիարդին, Մինեսոթայի համալսարանի բժշկական դպրոցի գործակից փրոֆեսոր, Մազոնիք քաղցկեղի կեդրոնի հետազօտող եւ Ճինոմի ճարտարագիտութեան կեդրոնի համատնօրէն: «Քանի որ անիկա կ՛աշխատի բջիջին մէջ, զայն կարելի չէ կանգնեցնել աւանդական մեթոտներով, ուստի մենք անցանք CRISPR-հիմքով ծինային ճարտարագիտութեան»,-ըսած է Մորիարդին։
Ի տարբերութիւն քաղցկեղի այլ բուժումներու, որոնք կը պահանջեն ճշդուած դեղի չափաբաժիններ, այս ծինային խմբագրման արդիւնքը մշտական է եւ սկիզբէն ներդրուած է T բջիջներուն մէջ։