Աղիքային մանրէները եւ ատոնց փոխգործակցութիւնը դիմադրողական բջիջներու եւ «մեթապոլիք» օրկաններու հետ, ներառեալ ճարպային հիւսուածքը, կարեւոր դեր կը խաղան փոքրիկներու ճարպակալումի հարցին մէջ։ Այսպիսին են՝ Wap Forest Baptist Health-ի գիտնականներու հետազօտութիւններու արդիւնքները, տեղեկացուցած է MedicalXpress-ը:
«Բժիշկները նախապէս կը կարծէին, թէ ճարպակալումը ջերմուժի չափազանց մեծ քանակութեան սպառումի արդիւնք է։ Այնուամենայնիւ, վերջին տասնամեակին կատարուած հետազօտութիւններու շարքը հաստատած է, որ մեր աղեհամակարգին մէջ ապրող միքրօ-օրկանիզմները ոչ միայն կապուած են ճարպակալումի հետ, այլեւ ատոնց պատճառներէն մէկն են»,- կը կարծէ հետազօտութեան հեղինակ Խարիոմ Յադավ։
Միացեալ Նահանգներու մէջ, Հիւանդութիւններու վերահսկումի եւ կանխարգիլումի կեդրոններու տուեալներով՝ ճարպակալումով տառապող փոքրիկներու եւ դեռահասներու տոկոսը աւելցած է աւելի քան երեք անգամ 1970-ականներէն ի վեր։ Դպրոցահասակ փոքրիկներու մօտ, ճարպակալումը աւելցած է 2,3 տոկոսով ամէն տարի, ինչ որ անթոյլատրելի բարձր ցուցանիշ է, եւ կը մատնանշէ յաջորդ սերունդի առողջութեան համար տագնապալի հեռանկարներու մասին։
Յադավի հետազօտութեան մէջ դիտարկուած են գոյութիւն ունեցող հետազօտութիւնները (կենդանիներու եւ մարդու) այն մասին, թէ ինչպէս կրնայ աղիքային «միքրոպիոմի» եւ դիմադրողական բջիջներու միջեւ փոխգործակցութիւնը փոխանցուած ըլլալ մօրմէն մանուկին արդէն յղութեան ժամանակ եւ նպաստած՝ փոքրիկներու ճարպակալումին։
Մօր առողջութիւնը, սննդականոնը, ֆիզիքական բեռնուածութեան մակարդակը, «հակապիոթիքներու» օգտագործումը, ծննդաբերութեան մեթոտը (բնական, թէ կեսարեան հատում) եւ կերակրելու մեթոտը (խառնուրդ, թէ կուրծքի կաթ) կրնան ազդել անոր մանուկներու ճարպակալումի ռիսքին վրայ։