Գիտնականները կը յայտնաբերեն տեսողական ընկալումի արագութեան տարբերութիւններ

Տապլինի Թրինիթի-քոլէճի հետազօտողները յայտնաբերած են, որ մարդիկ կը տարբերին տեսողական ազդանշաններու ընկալման արագութեամբ։ Ոմանք արագ կ՛ընկալեն փոխուող տեսողական ազդանշանները այնպիսի յաճախակիութեամբ, որոնք անհասանելի կ՛ըլլան ուրիշներու, այլ խօսքով՝ ոմանք աւելի մեծ քանակութեամբ տեսողական տեղեկութիւն կը ստանան որոշ ժամանակի ընթացքին, քան ուրիշները։ Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են «PLOS One» ամսագրին մէջ։ Այս յայտնագործութիւնը կը վկայէ, որ ոմանք ունին…