Նիճերիան յառաջամարտիկ՝ մենինճիթի դէմ յեղաշրջող պատուաստի պատրաստութեան մէջ

Ափրիկէի ամենահոծ բնակչութիւն ունեցող երկիրը՝ Նիճերիան, դարձած է աշխարհի առաջին երկիրը, որ յեղաշրջող պատուաստ թողարկած է «մենինճիթ»ի դէմ. այս մասին տեղեկացուցած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը: «Մենինճիթ»ը հին եւ մահացու թշնամի է, սակայն այս նոր պատուաստը ունի հիւանդութեան տարածման յետագիծը փոխելու, ապագայ բռնկումները կանխելու եւ շատ կեանքեր փրկելու կարելիութիւն»,- ըսած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէն…

Թէյը կը նպաստէ քորոնաժահրի դէմ արդիւնաւէտ վերահսկումին

Ճորճիայի համալսարանի գիտնականներու կողմէ կատարուած հետազօտութիւն մը ցոյց տուած է, որ թէյի որոշ տեսակներ կրնան օգտակար ըլլալ SARS-CoV-2 քորոնաժահրի դէմ պայքարին։ Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են Food and Environmental Virology ամսագրին մէջ: Փորձարկումի ընթացքին բացայայտուած է, որ սեւ թէյը, կոճապղպեղը եւ ազնուամորին, անանուխի «իւքալիփթըս»ը, անանուխի խառնուրդը եւ կանաչ թէյը կրնան 99,9 առ հարիւրով նուազեցնել թուքի մէջ…