Պաշտօնական Հաւաքոյթ` ԱՖՀԻԼ-ի 20-ամեակին Առիթով

Հովանաւորութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքին, ներկայութեամբ յարանուանական, պետական, միութենական, Լիբանանի հիւանդանոցային, ապահովագրական սնտուկներու վարչութիւններու, ինչպէս նաեւ Բժիշկներու եւ լիբանանահայ բժիշկներու սենտիքաներու ներկայացուցիչներու, երէկ` երեքշաբթի, 23 հոկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 9:30-ին, «Լը Ռուայալ» պանդոկին  մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական հաւաքոյթ` ԱՖՀԻԼ-ի 20-ամեակին առիթով: Հաւաքոյթի ընթացքին խօսք առաւ Սարօ Թոնդեան, որ ըսաւ, թէ ԱՖՀԻԼ-ի առաքելութիւնը կը շրջանցէ իրար օգնութեան…

ԱՖՀԻԼ-ի Կողմէ 150 Միլիոն Լիբանանեան Ոսկիի Նպաստ` Հայ Համալսարանականներուն, Դպրոցականներուն, Հայկական Վարժարաններուն Եւ Հաստատութիւններուն

Երէկ` երկուշաբթի, 5 փետրուար 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Մարաշի հայրենակցական միութեան «Գերմանիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԱՖՀԻԼ-ի կողմէ հայ համալսարանականներու, հայկական դպրոցներու եւ հաստատութիւններու տրամադրուած կրթանպաստներու բաշխման պաշտօնական հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին հիմնականին մէջ շեշտը դրուեցաւ հայ իրականութեան մէջ հայ երիտասարդին կարեւոր դերակատարութեան վրայ, որուն գիտակից պէտք է ըլլայ իւրաքանչիւր ուսանող եւ ըստ այնմ ծառայէ իր…

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ (ՀԱՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՖՈՆՏ)

ԱՖՀԻԼ  իրար օգնութեան սնտուկը ինչպէս ամէն տարի , այս տարի եւս 2016-2017 կրթական տարեշրջանին համար իր տարեկան հասոյթէն բաժին մը պիտի յատկացնէ հայ համալսարանականներու : Դիմումնագիրները կրնաք ստանալ ԱՖՀԻԼ-ի գրասենեակէն կամ ուղղակի ԱՖՀԻԼ-ի կայքէն  www.afhil.com  university fund application. Մինչեւ 25 Հոկտեմբեր 2016 պէտք է դիմումնագիրները իրենց ամբողջական թղթածրարով ներկայացուին ԱՖՀԻԼ : Առաջին տարուան ուսանողները կրնան…

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ (ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՖՈՆՏ)

ԱՖՀԻԼ իրարօգնութեան սնտուկը 2016-2017 տարեշրջանին համար պիտի շարունակէ իր աշակերտական կրթանպաստը : Եկրորդականի աշակերտներու համար կրթանպաստի դիմումնագիրները 13  Սեպտեմբեր 2016-էն սկսեալ կրնաք ստանալ ԱՖՀԻԼ-ի գրասենեակէն , ‹‹Արին›› շէնք , 3-րդ յարկ : Յաջորդական երկու տարիներ օգտուողները չեն կրնար դիմել: Հայկական բոլոր վարժարաններու երկրորդական     աշակերտներուն համար յատկացուած է այս ֆոնտը : Յաւելեալ մանրամասութիւններու համար հեռաձայնել Աֆհիլ-ի…

ԱՖՀԻԼ-ի Պաշտօնէութիւնը Այցելեց «Արամ Պէզիկեան» Թանգարան

Երէկ` ուրբաթ, 22 ապրիլին, Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին առիթով ԱՖՀԻԼ-ի պաշտօնութիւնը եւ տնօրէնութիւնը այցելեց «Թռչնոց բոյն»-ի «Արամ Պէզիկեան» թանգարան, որոնք ընդունուեցան թանգարանի պատասխանատու Պսակ աբղ. Թեփիրճեանի կողմէ: Անոնք շրջագայեցան թանգարանին մէջ, ծանօթացան հոն տեղ գտած թանկարժէք փաստերուն եւ առարկաներուն, որոնք կ՛արտացոլացնեն աւելի քան հարիւր տարի առաջ Լիբանան հասած եւ Ժիպէյլի այդ հողաշերտին վրայ նոր կեանքի սկսած…

ԱՖՀԻԼ-ը Կ՛արժանանայ Միջազգային Մրցանակներու

Նախորդ տարուան աւարտին ԱՖՀԻԼ-ը արժանացաւ բարձր որակի եւ առեւտրական համբաւի միջազգային զոյգ մրցանակներու` իր գործունէութեան ողջ ընթացքին մատուցած ծառայութիւններուն եւ իրականացուցած համայնքային օգտաշատ ծրագիրներուն համար: Այս մասին յաւելեալ տեղեկութիւն ունենալու նպատակով «Ազդակ» հարցազրոյց մը կատարեց ԱՖՀԻԼ-ի տնօրէն Յակոբ Լատոյեանի հետ:

ԱՖՀԻԼ Կը Ստանձնէ Ազդակ App-ի Հովանաւորութիւնը

«Ազդակ app»-ի գործարկումը  երկար ատենէ ի վեր իբրեւ անհրաժեշտութիւն ինքզինք զգալի դարձուցած էր: app-ի ծրագրաւորման աշխատանքները ընթացք առած են արդէն եւ շուտով «Ազդակ»-ի կայքը, որ արդէն մոպայլ ձեւաչափով հասանելի էր Անտրոյտ եւ էփփըլ բջիջայիններուն համար, գործնականօրէն հասանելի կը դառնայ նաեւ app-ի միջոցով:

Երրորդ Տարին Ըլլալով` Հարիւր Միլիոն Լիբանանեան Ոսկիի Կրթանպաստ Համալսարանականներու Եւ Աշակերտներու` ԱՖՀԻԼ-ի Կողմէ

Յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով երէկ` չորեքշաբթի, 18 փետրուար 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, համալսարանականներ եւ երկրորդական վարժարաններու աշակերտներ ստացան ԱՖՀԻԼ-ի կողմէ իրենց տրամադրուած կրթանպաստը: Յատուկ այս հանդիսութեան բացումը կատարեց ԱՖՀԻԼ-ի տնօրէն, Յակոբ Լատոյեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, հակիրճ տողերու մէջ յետադարձ ակնարկով անդրադարձաւ ԱՖՀԻԼ-ի հիմնադրութեան, նպատակին եւ գլխաւոր իրագործումներուն:

ԱՖՀԻԼ-ի Պաշտօնաթերթ «Զգուշ»-ի Անդրանիկ Թիւի Հրատարակութեան Ներկայացում Եւ Հայաստանի Մէջ Աֆհիլ-Ի Գործունէութեան Սկիզբ

Հինգշաբթի, 26 փետրուար 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԱՖՀԻԼ-ի պաշտօնաթերթ «Զգուշ»-ի անդրանիկ թիւի հրատարակութեան եւ ԱՖՀԻԼ-ի Հայաստանի մէջ գործունէութեան սկզբնաւորութեան առիթներով ներկայացում-ընդունելութիւն: