Սիրտի զարկի կարգաւորիչը (pacemaker) եւ «տեֆիպրիլաթոր»ը (defibrillator) սրտի «րիթմ»ի խանգարումները կարգաւորելու համար գործածուող սարքեր են, սակայն անոնք տարբեր ձեւերով կը գործեն։
Սիրտի զարկի կարգաւորիչը (pacemaker) կ՛օգնէ, երբ սիրտին «րիթմ»ը չափազանց դանդաղ կամ անկանոն է։ «Տեֆիպրիլաթոր»ը (defibrillator) սիրտի զարկի կարգաւորիչի առանձնայատուկ տեսակ մըն է, որ նախատեսուած է կեանքին վտանգ սպառնացող՝ չափազանց արագ կամ քաոսային սրտային «րիթմ»երը բուժելու համար։ Անիկա կը գործէ՝ ելեկտրական հարուած մը տալով սիրտին, որպէսզի դադրեցնէ վտանգաւոր «րիթմ»ը եւ վերականգնէ բնականոն «րիթմ»ը։
Երբեմն մարդիկ անսպասելիօրէն կրնան ունենալ սիրտի անկանոն «րիթմ, որ կրնայ յանկարծակի սրտային մահուան կամ գիտակցութեան կորստեան պատճառ դառնալ։ Այս արտակարգ իրավիճակին ընթացքին սիրտը կը դադրի բաբախելէ կամ անարդիւնաւէտ կերպով կը թրթռայ եւ այլեւս ի վիճակի չըլլար համակարգուած կերպով արիւն մղելու ամբողջ մարմինին։
Ահաւասկ այն պահը, երբ ինքնաշխատ արտաքին «տեֆիպրիլաթոր»ը (Automated External Defibrillator – AED) կրնայ կեանք մը փրկել։ Ասոնք շարժական սարքեր են, որոնք կը տեսնէք օդակայաններու, դպրոցներու, մարզասրահներու եւ այլ հանրային վայրերու մէջ։ Ինքնաշխատ արտաքին «տեֆիպրիլաթոր»ը յանկարծակի սրտային կանգի ժամանակ կը վերլուծէ անձին սիրտի «րիթմ»ը։ Եթէ վտանգաւոր «րիթմ» մը յայտնաբերէ, սիրտին ելեկտրական հարուած կու տայ՝ օգնելու համար, որ ան վերադառնայ բնականոն «րիթմ»ի։
Թէեւ սիրտ-թոքային վերակենդանացման (CPR) դասընթացքներու մասնակցողները կը սորվին, թէ ինչպէս պէտք է գործածեն ինքնաշխատ արտաքին «տեֆիպրիլաթոր»ը (AED), այս սարքերը նաեւ կը տրամադրեն պարզ, քայլ առ քայլ ցուցմունքներ (ձայնային, գրուած, պատկերներով), որպէսզի արտակարգ իրավիճակի մը ընթացքին ներկայ գտնուող անձ մը կարենայ գործածել զանոնք։
«Տեֆիպրիլաթոր»ները կրնան ըլլալ կրելի կամ ներդրուող։ Ընդհանրապէս, անոնք կը գործածուին այն անձերուն համար, որոնք կեանքին վտանգ սպառնացող սրտային «րիթմ»ի խանգարումներ ունենալու աւելի բարձր վտանգի ենթական են, ներառեալ՝
- Անոնք, որոնք ունին սրտի հիւանդութիւններ, ինչպէս՝ սրտամկանի տկարացում (քարտիոմիոփաթի – cardiomyopathy), սրտին արիւն մղելու նուազ գործառոյթ կամ սրտի կաթուած ունեցած ըլլալու պատմութիւն։
- Անոնք, որոնք ծնած են սրտին ելեկտրական համակարգի բնածին խանգարումներով (channelopathies) կամ այլ ժառանգական սրտային հիւանդութիւններով։ Այս վիճակները երբեմն կրնան ազդել աւելի երիտասարդ անձերու, ներառեալ մարզիկներու վրայ, եւ պատճառ դառնալ ուշագնացութեան, յանկարծակի սրտային կանգի կամ յանկարծակի սրտային մահուան։
Կրելի «տեֆիպրիլաթոր»ը հագուստին տակ կը կրուի։ Անիկա շարունակաբար կը հետեւի սիրտի «րիթմ»ին եւ, եթէ կեանքին վտանգ սպառնացող «րիթմ» մը յայտնաբերէ, կրնայ ելեկտրական հարուած տալ։ Սովորաբար անիկա ժամանակաւորապէս կը գործածուի՝ մինչ բժիշկները կ՛որոշեն, թէ արդեօք անձը տեւական, մարմնին մէջ ներդրուող սարքի մը կարիք ունի՞, կամ մինչ այդ անձին սիրտին գործառոյթը կը բարելաւուի։
Ներդրուող սրտային «տեֆիպրիլաթոր»ը (implantable cardioverter-defibrillator – ICD) մարմնին մէջ մշտապէս տեղադրուող սարք մըն է։ Անիկա շարունակաբար կը վերահսկէ սիրտի «րիթմ»ը եւ, եթէ վտանգաւոր «րիթմ» մը յառաջանայ, կրնայ ելեկտրական հարուած տալ՝ վտանգաւոր «րիթմ»ը դադրեցնելու համար։ Որոշ ներդրուող սրտային «տեֆիպրիլաթոր»ներ կուրծքին մորթին տակ կը տեղադրուին եւ մէկ կամ աւելի լարերով (leads) կը միանան սիրտին։
Ներդրուող սրտային «տեֆիպրիլաթոր»ի (ICD) տեղադրումէն ետք ապաքինումը սովորաբար կ՛առնէ մօտաւորապէս չորսէն վեց շաբաթ։ Այդ ժամանակահատուածին հիւանդները կրնան կարիք ունենալ սահմանափակելու ձեռքի որոշ շարժումները, յատկապէս այն կողմին, ուր սարքը տեղադրուած է, եւ հետեւելու վիրահատուած տեղին՝ (վէրքին) վարակի նշաններու կամ ցաւի սաստկացման համար։
Ապաքինումէն ետք մարդոց մեծամասնութիւնը կը վերադառնայ իր սովորական առօրեայ գործունէութեան։ Այնուամենայնիւ, անոնք պէտք է խուսափին զօրաւոր մագնիսական դաշտերէն եւ որոշ գործունէութիւններէ, ինչպէս՝ ելեկտրական աղեղով զօդումէն (arc welding), եթէ իրենց բժիշկները չհաստատեն, որ այդ անվտանգ է։
Հիւանդներուն մեծ մասը չ’զգար իր «տեֆիպրիլաթոր»ի առկայութիւնը, մինչեւ որ անիկա բուժում տրամադրէ։ Եթէ ելեկտրական հարուածը տեղի ունենայ անձին անգիտակից վիճակին մէջ, սովորաբար ան չ՛զգար զայն։ Իսկ եթէ արթուն է, ան ելեկտրական հարուածը կրնայ զգալ որպէս կուրծքին մէջ յանկարծակի հարուած կամ զօրաւոր ցնցում։ Ասիկա կրնայ զարմացնել կամ վախցնել, սակայն նպատակը՝ կեանք մը փրկելն է։ Որոշ պարագաներու ալ անձը կրնայ ընդհանրապէս չ՛զգալ ելեկտրական հարուածը, եւ անիկա միայն հետագային կը յայտնաբերուի սարքին ստուգման ընթացքին։
Անձ մը, որ իր «տեֆիպրիլաթոր»էն ելեկտրական հարուած զգացած է, կամ որուն բժիշկը տեղեկացուցած է, թէ «տեֆիպրիլաթոր»ը ելեկտրական հարուած տուած է, պէտք է կապ հաստատէ իր բժիշկին հետ, որպէսզի ան գնահատէ իրավիճակը։ Հաւանաբար անհրաժեշտ ըլլայ ստուգել սարքը եւ, ըստ կարիքի, փոփոխութիւններ կատարել դեղորայքին կամ բուժման ծրագիրին մէջ։
Գոյութիւն ունի նաեւ սարքային բուժման այլ տեսակ մը, որ կը կոչուի սրտային ներդաշնակեցման բուժում (cardiac resynchronization therapy – CRT)։ Անիկա կրնայ ներառել սրտի զարկի կարգաւորիչի կամ «տեֆիպրիլաթոր»ի որոշ գործառոյթներ։ Զայն կը գործածեն սրտի միջինէն մինչեւ ծանր աստիճանի անբաւարարութիւն ունեցող որոշ անձերու համար, որոնց սրտին ստորին խոռոչները ներդաշնակ կերպով չեն կծկուիր։
Երբ սրտին արիւն մղող խոռոչները իրարու հետ ներդաշնակ չեն կծկուիր, սիրտը կրնայ արիւնը բաւարար արդիւնաւէտութեամբ չմղել։ Այս բուժումը կ՛օգնէ, որ սրտին կծկումները աւելի ներդաշնակ ըլլան։
Ինչպէս մարմնին մէջ ներդրուող սրտի զարկի կարգաւորիչներու կամ «տեֆիպրիլաթոր»ներու պարագային, նոյնպէս ալ CRT սարքը կուրծքին մէջ տեղադրելու համար փոքր վիրահատական միջամտութիւն մը կը պահանջէ։ Ապաքինումը եւ վիրահատութենէն ետք անհրաժեշտ խնամքը նման են։ Գոյութիւն ունին երկու հիմնական տեսակներ.
- Սրտի կծկումները իրարու համապատասխանեցնող բուժում՝ սրտի զարկի կարգաւորիչով (CRT-P)։ Այս սարքը ելեկտրական ազդանշաններ կ՛ուղարկէ, որպէսզի սրտին ստորին խոռոչները միասնաբար եւ աւելի ներդաշնակ կծկուին։
- Սրտային վերահամակարգման բուժում՝ տեֆիպրիլաթորով (CRT-D)։ Այս սարքը կը միացնէ սրտի զարկի կարգաւորիչի միջոցով սրտի ստորին խոռոչներուն կծկումները համաձայնեցնելու գործառոյթը եւ «տեֆիպրիլաթոր»ի պաշտպանիչ գործառոյթը։ Անիկա կրնայ յանձնարարուիլ սրտի անբաւարարութիւն ունեցող այն անձերուն, որոնք նաեւ յանկարծակի սրտային մահուան վտանգի տակ են։
«Տեֆիպրիլաթոր»ները՝ ըլլան անոնք հանրային վայրերու մէջ օգտագործուող, ժամանակաւորապէս կրելի կամ մարմնին մէջ տեւաբար ներդրուող, նախատեսուած են մարդոց պաշտպանելու կեանքին վտանգ սպառնացող սրտի «րիթմ»ի խանգարումներէն։ Անոնք կրնան կեանք փրկել եւ անոնց օգնել, որ աւելի ապահով ու ինքնավստահ ապրին։

