Մաքս Փլանքի անուան ճանաչողական ունակութիւններու եւ գլխուղեղային գիտութիւններու հիմնարկի գիտնականները յայտնաբերած են, որ բարձրաձայն եւ լուռ ընթերցանութիւնները կը ներգրաւեն ուղեղի տարբեր հատուածներ, որոնք կ՛առնչուին շարժումի, լսողութեան եւ տեղեկութիւններու մշակման։ Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են Neuroscience & Biobehavioral Reviews (NBR) բժշկագիտական հանդէսին մէջ։
Գիտնականները վերլուծած են աւելի քան 150 հետազօտութիւններու տուեալներ, որոնց մասնակիցները կարդացած են տառեր, բառեր, սխալ բառեր (իմաստազուրկ տառերու հաւաքածօներ), նախադասութիւններ եւ տարբեր լեզուներով գրութիւններ։ Կամաւորներու ուղեղի աշխուժութիւնը վերահսկողութեան ենթարկուած է «մագնիսարեզոնանսային» շերտագրութեան միջոցով։
Հետազօտութիւնը յայտնաբերած է, որ առանձին տառեր կարդալը հիմնականին մէջ կը ներգրաւէր ձախ գանկային կեղեւի մէկ հատուածը, մինչդեռ բառերը եւ ամբողջական նախադասութիւնները կ՛աշխուժացնէին աւելի լայն հատուածներ, ներառեալ՝ ձախ քունքային «կիրուս»-ը եւ ստորին ճակատային «կիրուս»-ը։ Այդ հատուածները տարբեր ձեւով կ՛արձագանգէին իսկական բառերուն եւ սխալ բառերուն, ցոյց տալով անոնց մասնագիտացուած գործառոյթները գրաւոր տեղեկութեան մշակման աշխատանքին մէջ։
Բացի ատկէ, գիտնականները զգալի տարբերութիւններ յայտնաբերած են բացայայտ (բարձրաձայն) եւ լուռ ընթերցանութեան միջեւ։ Բարձրաձայն ընթերցանութիւնը կ՛աշխուժացնէ ուղեղին այն հատուածները, որոնք կ՛առնչուին շարժումի եւ լսողութեան, մինչդեռ լուռ ընթերցանութիւնը կ՛առնչուի տարբեր ճանաչողական համակարգերուն։
Հետազօտողները յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած են, թէ ինչպէ՞ս ուղեղը կը զանազանէ բացայայտ եւ ոչ բացայայտ ընթերցանութիւնը։ Օրինակ՝ բառերու եւ սխալ բառերու լուռ ընթերցանութիւնը աշխուժացուցած է գլխուղեղի ձախ ակնաճակատային կեղեւի, փոքր ուղեղի եւ քունքային կեղեւի հատուածները։ Մինչ այդ, բառապաշարային սահմանումները՝ տառերու հաւաքածօն բառ դարձնելու որոշումը կը ներառէր թէ՛ ստորին ճակատային եւ թէ՛ «ինսուլային» հատուածները։
Հեղինակները ընդգծած են, որ արդիւնքները կ՛օգնեն աւելի լաւ հասկնալու ընթերցանութեան նեարդակենսաբանական հիմքը եւ կրնայ ըլլալ, որ օգտակար դառնան խօսքի եւ ճանաչողական ունակութիւններու խանգարումներու ախտորոշման եւ բուժման համար մեթոտներ մշակելու աշխատանքին մէջ։