Համաշխարհային դաշտանադադարի ամիսը կը նշուի ամէն տարի Հոկտեմբերին: Իրազեկման այս օրը կը նպատակադրէ ուշադրութիւնը հրաւիրել կիներու կեանքի բնական «սայքըլ»-ին վրայ եւ բաժնեկից դառնալ կրթական տեղեկատւութեան, որ կրնայ օգնել այդ հանգրուանի սահուն անցումին:
«Մենոփոզ»-ը պարզապէս կը վերաբերի կնոջ մը կեանքի այն ժամանակահատուածին, երբ ան կը դադրի դաշտանէն։ Անիկա տարբեր ձեւով կ՛ազդէ իւրաքանչիւր կնոջ պարագային․ ընդհանուր առումով դժուար եւ անյարմար ժամանակ է կիներուն համար: Ընդհանրապէս, «մենոփոզ»ը տեղի կ՛ունենայ 45-էն 55 տարեկանի միջեւ, սակայն կան հազուադէպ պարագաներ, որ կրնայ սկսիլ շատ աւելի կանուխ՝ 30 տարեկանին: Սկիզբէն մինչեւ վերջ կամ յետդաշտանադադարը կրնայ տեւել մինչեւ չորս տարի: Women’s Health Concern-ի համաձայն, դաշտանադադարի ընթացքին կիներ կ՛ունենան այնպիսի ախտանշաններ, ինչպէս՝ տաք բռնկումներ, պաղ բռնկումներ, գիշերային քրտնարտադրութիւն, զգացումներու փոփոխութիւններ եւ քունի խանգարումներ:
«Մենոփոզ»-ի ետին գտնուող գիտութիւնը իրականութեան մէջ բաւական պարզ է: Այդ կը յառաջանայ հորմոններու մակարդակի փոփոխութեան պատճառով: Երբ կիները աւելի երիտասարդ են եւ կը գտնուին իրենց բերրի տարիքին, անոնք ձու կ՛արտադրեն ամէն ամիս: Եթէ այդ ձուն չբեղմնաւորուի, արգանդի լորձաթաղանթը կը սկսի թափթփիլ, որովհետեւ յղութիւն չկայ, եւ ուրեմն «սայքըլ»-ը կը շարունակուի կրկնուիլ: Երբ կին մը կը սկսի ծերանալ, անոր ձուի պաշարը կը նուազի եւ ի վերջոյ, ան այլեւս չկարենար զաւակ ունենալ:
Այս փոփոխութիւնը մէկ գիշերուան ընթացքին տեղի չունենար. իրականութեան մէջ այդ կրնայ տարիներ տեւել: 50-55 տարեկանի շուրջ կիներու մեծ մասին մօտ «սայքըլ»-ը ամբողջովին կը դադրի… այս դաշտանադադար է։
Փոփոխութենէն Ետք
Երբ կին մը անցած է դաշտանադադարի միջով, ան աւելի մեծ հաւանականութիւն ունի զարգացնելու քրոնիկ հիւանդութիւններ, ինչպէս՝ շաքարախտ, ճնշում, թոքային «օպսթրաքթիւ» հիւանդութիւն (COPD), ինչպէս նաեւ մէջքի ստորին հատուածի քրոնիկ ցաւ: Ասոնք ընդհանրապէս տեղի կ՛ունենան դաշտանադադարէն մօտաւորապէս 10 տարի ետք: Menopause International Society-ն կը քաջալերէ կիներուն ամբողջ աշխարհի մէջ բարձրացնել իրազեկութիւնը այս հիւանդութիւններու կանխարգիլման վերաբերեալ, որովհետեւ անոնք կրնան ծայրայեղ բացասական ազդեցութիւն ունենալ կեանքի որակին վրայ:
Այսպիսով, ի՞նչ կրնաք ընել կարգ մը ախտանշաններ նուազեցնելու համար: Բժիշկներ կ՛ըսեն, թէ առողջ ապրելաձեւով կեանքը վարելը ամենէն արդիւնաւէտ մեթոտն է անհանգստութիւնը մեղմացնելու եւ առողջութիւն պարգեւելու համար կեանքի այս փուլին:
Ահաւասիկ քանի մը յանձնարարութիւններ Women’s Health Concern-ի կողմէ, որոնք նոյնպէս կրնան օգնել: Նախ՝ լաւ կերէք։ Հորմոններու մակարդակի փոփոխութիւնները, որոնք կը յայտնուին դաշտանադադարին հետ, կրնան բարձրացնել սրտի հիւանդութեան վտանգը: Առողջ սնունդ ընտրելը, յատկապէս նուազ յագեցած ճարպեր եւ աղ պարունակող ուտելիքներ, անհրաժեշտ են ձեր մարմնին մէջ կատարուող «անցուդարձերը» հաւասարակշռելու համար: Յաջորդը, մնացէք ձեր ոտքերուն վրայ, այլ խօսքով՝ զերծ մնացէք նստակեաց կեանքէն։ «Էնկզայըթի»-ն յաճախ կը բարձրանայ դաշտանադադարին հետ․ միշտ մարզանք ընելը կ՛արտադրէ «էնտորֆին»ներ՝ անոր դէմ պայքարելու համար: Ֆիզիքապէս աշխոյժ ըլլալը նաեւ կ՛օգնէ պայքարելու սրտի հիւանդութեան դէմ։
Քանի մը այլ յանձնարարութիւններ եւս. դադրեցուցէ՛ք ծխելը, սահմանափակեցէ՛ք ալքոլի օգտագործումը, օգտուեցէ՛ք առողջապահական զննումներ կատարող ծառայութիւններէն եւ մնացէ՛ք դրական այնքան որքան կրնաք: