Սննդային թունաւորումը ընդհանրացած հիւանդութիւն մըն է, որ կրնայ պատահիլ ոեւէ անձի։ Սակայն անոր պատճառները հասկնալը եւ կանխարգիլման միջոցները գիտնալը կրնան զգալիօրէն նուազեցնել վարակուելու վտանգը։ Առողջապահութեան մասնագէտները հանրութիւնը կը յորդորեն, որպէսզի աւելի մեծ ուշադրութիւն դարձնէ սնունդի անվտանգութեան, մինչ Միացեալ Նահանգներու մէջ կը շարունակուի քանի մը նահանգներ ընդգրկող «սիքլոսփորիազ»ի (cyclosporiasis) բռնկումի հետաքննութիւնը՝ մակաբուծային հիւանդութիւն մը, որ կապուած է «Սիքլոսփորիազ» մակաբոյծով վարակուած սնունդի հետ։
Փէն Սթէյթ Հելթի (Penn State Health) վարակիչ հիւանդութիւններու մասնագէտ բժիշկ Փունամ Պայը (Dr. Poonam Bai), որ նաեւ Փէն Սթէյթ համալսարանի Բժշկական քոլէճի օգնական դասախօս է, կը բացատրէ, թէ ինչպէ՛ս կը զարգանան սնունդով փոխանցուող հիւանդութիւնները, ի՞նչ ախտանշաններու պէտք է ուշադրութիւն դարձնել եւ ե՞րբ անհրաժեշտ է բժշկական օգնութեան դիմել։
Ի՞նչ են սնունդով փոխանցուող հիւանդութիւնները
Սնունդով փոխանցուող հիւանդութիւնները, որոնք յաճախ կը կոչուին սննդային թունաւորում, կը տարբերին ստամոքսի ժահրային վարակներէն, թէեւ անոնք յաճախ նման ախտանշաններ կը պատճառեն։ Անոնք կը յառաջանան մանրէներով, ժահրերով, մակաբոյծներով կամ վնասակար մանրակենսային օրկանիզմներու արտադրած թոյներով վարակուած սնունդ օգտագործելէ ետք։
Թարմ տերեւ ունեցող բանջարեղէնները այն մթերքներէն են, որոնք սնունդով փոխանցուող հիւանդութիւններու բռնկումներուն հետ յաճախ կապուած են։ «Սիքլոսփորիազ»ի (cyclosporiasis) ներկայ բռնկումը կապուած է մանր կտրտուած «այսպըրկ» (iceberg) տեսակի հազարով, որ վարակուած է մակաբոյծով։
Այնուամենայնիւ, վարակուած հաւը եւ միսը կը շարունակեն մնալ մահացու սնունդով փոխանցուող վարակներու գլխաւոր պատճառները։ Սնունդի սխալ մշակումը, մէկ մթերքէն միւսին մանրէներու կամ մակաբոյծներու փոխանցումը, եփելու համար բաւարար ժամանակ չտրամադրելը, ինչպէս նաեւ սնունդը անպատշաճ պայմաններու մէջ պահելը՝ առանց բաւարար սառեցումի, կը բարձրացնեն վարակուելու վտանգը։
Որո՞նք են ախտանշանները
Բժիշկ Փունամ Պայի համաձայն՝ սննդային թունաւորումները ընդհանրապէս կը բաժնուին երկու հիմնական խումբերու։
Առաջինը կը յառաջանայ մանրէներով, մակաբոյծներով, ժահրերով վարակուած սնունդին մէջ արդէն իսկ առկայ թոյներուն պատճառով։ Սիրտխառնուքը, փսխումը եւ փորհարութիւնը սովորաբար կը սկսին ուտելէն քանի մը ժամ ետք եւ մեծ մասամբ կ՛անցնին մօտաւորապէս 24 ժամուան ընթացքին։ Հիւանդներուն մեծամասնութիւնը կ՛ապաքինի հանգիստ ընելով եւ բաւարար քանակութեամբ հեղուկ օգտագործելով։ Սակայն, եթէ յառաջանան սաստիկ որովայնի ցաւ, բարձր տաքութիւն, արիւնոտ փորհարութիւն կամ մարմինի զգալի ջրազրկում, անհրաժեշտ է անմիջապէս դիմել բժշկական օգնութեան։
Երկրորդ խումբը կը յառաջանայ վարակիչ օրկանիզմներէն՝ ինչպէս՝ ժահրերը, մակաբոյծները՝ ներառեալ «Սիքլոսփորա»ն (Cyclospora), կամ մանրէները՝ ինչպէս՝ Սալմոնելան (Salmonella), Շիկելան (Shigella) եւ Էշերիշիա քոլին (Escherichia coli)։ Այս վարակները յաճախ աւելի ծանր հիւանդութիւն կը պատճառեն՝ ներառեալ արիւնոտ փորհարութիւն եւ սաստիկ որովայնի ցաւ, եւ կրնան «հակապիոթիք»ներով (antibiotics) բուժման կարիք ունենալ։
«Սիքլոսփորա»ով վարակը ամենէն յաճախ կը դրսեւորուի երկարատեւ ջրալի փորհարութեամբ, փորի կծկումներով, որովայնի փքուածութեամբ, սիրտխառնուքով, ուժասպառութեամբ եւ ակամայ մարմնի կշիռքի նուազումով։
Ինչպէ՞ս կանխարգիլել սննդային թունաւորումը
Ձեռքերը պատշաճ ձեւով լուալը կը շարունակէ մնալ սնունդով փոխանցուող հիւանդութիւնները կանխարգիլելու ամենէն արդիւնաւէտ միջոցներէն մէկը։ Մասնագէտները կը յանձնարարեն սնունդ պատրաստելէ առաջ ձեռքերը մանրակրկիտ լուալ, կերակուրները եփելու համար պէտք եղած ժամանակը տրամադրել եւ արագ փճացող մթերքները առանց ուշացնելու սառնարան դնել։
Բժիշկ Փունամ Պայը կ՛ընդգծէ, որ տաք կերակուրները պէտք է տաք պահուին, իսկ պաղ կերակուրները՝ պաղ, պահեստաւորման եւ մատուցման ամբողջ ընթացքին։
Մակաբոյծներով, մանրէներով․․․ վարակուած սնունդը յաճախ բնական տեսք եւ հոտ կ՛ունենայ, հետեւաբար սնունդը անվտանգ կերպով մշակելը չափազանց կարեւոր է։ Թարմ պտուղները եւ բանջարեղէնները լուալը չի կրնար ամբողջովին վերացնել բոլոր վնասակար մանրակենսային օրկանիզմները, սակայն կրնայ նուազեցնել վարակուելու վտանգը։
Առողջապահութեան ոլորտի պատասխանատուները շուկայէն հանած են ներկայ «սիքլոսփորիազ»ի բռնկումին հետ կապուած հազարը եւ կը շարունակեն հետաքննութիւն կատարել, թէ արդեօք այլ սննդամթերքներ եւս առնչութիւն ունի՞ն այս բռնկումին հետ։
Ի՞նչ ընել սննդային թունաւորումի պարագային
Սննդային թունաւորումի մեղմ դէպքերուն մեծամասնութեան պարագային հանգիստը, բաւարար հեղուկ ստանալը (ջուրը, էլեքթրոլիթ – electrolyte պարունակող ըմպելիքները) եւ համապատասխան սննդականոնը սովորաբար բաւարար կ՛ըլլան։
Եթէ «սիքլոսփորիազ»ի կասկած կայ՝ յատկապէս թարմ բանջարեղէն կամ ճաշարանի աղցան ուտելէն ետք, եւ ջրալի փորհարութիւնը կը շարունակուի, կը յանձնարարուի բժշկական քննութիւն կատարել։ Ախտանշանները սովորաբար կը յայտնուին մանրէներով, մակաբոյծներով․․․ վարակուած սնունդ օգտագործելէ մէկէն երկու շաբաթ ետք, իսկ ախտաճանաչումը կարելի է հաստատել կղանքի քննութեամբ։
Ախտաճանաչումը հաստատուելէ ետք, «սիքլոսփորիազ»ը սովորաբար կը բուժուի տրիմեթոփրիմ-սուլֆամեթօքսազոլ (trimethoprim-sulfamethoxazole) հակապիոթիքով՝ 10-էն 14 օր տեւող բուժումով։ Այն հիւանդներուն համար, որոնք չեն կրնար առնել այս հակապիոթիքը, այլընտրանքային դեղեր ալ կան։
Պէտք է նաեւ անմիջական բժշկական օգնութեան դիմել, եթէ սննդային թունաւորումը պատճառէ արիւնոտ փորհարութիւն, երկարատեւ տաքութիւն, սաստիկ կամ երկարատեւ փսխում, զօրաւոր որովայնի ցաւ կամ ջրազրկումի նշաններ։

