Քորոնաժահրով վարակուիլը կը յանգեցնէ բացասական փոփոխութիւններու աղիքներու «մայքրոֆլորա»ի կառուցուածքին եւ տեսակային բազմազանութեան մէջ, ինչ որ կը նպաստէ այլ վարակներու, այդ շարքին, «սեփսիս»ի հանդէպ խոցելիութեան բարձրացման։ Ամերիկացի բժիշկներու յօդուածը այս մասին հրապարակուած է Nature Communications ամսագրին մէջ, տեղեկացուցած է Նիւ Եորքի համալսարանի (NYU) մամուլի ծառայութիւնը։
«Մեր փորձերուն արդիւնքները կը վկայեն այն մասին, որ քորոնաժահրը ուղիղ ձեւով կը խախտէ հիւանդներու աղիքներու «մայքրոֆլորա»ի հաւասարակշռութիւնը, ինչ որ կը վատթարացնէ անոնց վիճակը եւ կը բարձրացնէ նոր վարակներու յառաջացման վտանգը։ Այս երեւոյթի ըմբռնումը կրնայ օգնել բժիշկներուն բացայայտել այն հիւանդները, որոնց աւելի կը սպառնայ երկրորդային վարակներու, այդ շարքին, արեան վարակի յառաջացման վտանգը»,- ըսած է NYU-ի փրոֆեսոր Քեն Քետուըլ։
Քետուըլ եւ անոր գործընկերները հետեւած են մասամբ մարդկային դիմադրողական համակարգ ունեցող մուկերու «մայքրոֆլորա»ի փոփոխութիւններուն SARS-CoV-2-ով անոնց վարակուելէն ետք։ Անոնք հաստատած են, որ քորոնաժահրը ինքնին, անկախ կիրարկուող բժշկական միջամտութիւններէն, լուրջ փոփոխութիւններ կը յառաջացնէ «մայքրոֆլորա»ի աշխատանքին մէջ։ Մասնաւորաբար, COVID-19-ով վարակուիլը նուազեցուցած է «միքրոպ»ներու տարատեսակութիւնը կրծողներու աղիքներուն մէջ եւ յանգեցուցած ախտածին «պաքթիրիա»ներու տարածման, որոնք կայուն էին «հակապայոթիք»ներու հանդէպ։
Այս բացայայտումը գիտնականներուն ստիպած է մանրամասն կերպով ուսումնասիրել մօտաւորապէս 100 հիւանդի «մայքրոֆլորա»ի նմուշները, որոնք COVID-19-ի տարբեր տեսակներու պատճառով բուժուած էին Նիւ Եորքի տարբեր հիւանդանոցներուն մէջ համավարակի առաջին ամիսներուն։ Պարզուած է, որ աղիքներու «պաքթիրիա»ներու տեսակներու այդ փոփոխութիւնը բնորոշ էր նաեւ մարդոց, միաժամանակ՝ որոշ պարագաներու ատոնք յանգեցուցած էին ախտածին «միքրոպ»ներու ներթափանցման՝ հիւանդներու արեան մէջ։
Այդ երկրորդային վարակները, հետազօտողներու խօսքով, յատկապէս վտանգաւոր էին հիւանդներու համար, որովհետեւ դէպքերու մեծամասնութեան պարագային անոնք գրեթէ «հակապայոթիք»ներով բուժման չէին ենթարկուիր։ Ընդհանուր առմամբ, նման խնդիրներ բնորոշ էին փրոֆեսոր Քետուըլի եւ անոր գործընկերներուն ուսումնասիրած հիւանդներուն 20 առ հարիւրին համար։
Գիտնականներու կարծիքով՝ երկրորդային վարակներու այսքան մեծ թիւը՝ կապուած «մայքրոֆլորա»ի եւ քորոնաժահրի հետ, կը մատնանշէ SARS-CoV-2 կրողներու աղիքներու «մայքրոֆլորա»ի կառուցուածքի փոփոխութիւններուն հետեւելու անհրաժեշտութեան մասին։ Քորոնաժահրի եւ աղիքային «միքրոպ»ներու փոխգործակցութեան հետագայ ուսումնասիրութիւնը կ՛օգնէ հասկնալու, թէ ո՞ր հիւանդներուն աւելի կրնայ սպառնալ COVID-19-ով վարակման կողմնակի ազդեցութիւնը, նշած են հետազօտողները։