ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ (ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՖՈՆՏ)

ԱՖՀԻԼ իրարօգնութեան սնտուկը 2016-2017 տարեշրջանին համար պիտի շարունակէ իր աշակերտական կրթանպաստը : Եկրորդականի աշակերտներու համար կրթանպաստի դիմումնագիրները 13  Սեպտեմբեր 2016-էն սկսեալ կրնաք ստանալ ԱՖՀԻԼ-ի գրասենեակէն , ‹‹Արին›› շէնք , 3-րդ յարկ : Յաջորդական երկու տարիներ օգտուողները չեն կրնար դիմել: Հայկական բոլոր վարժարաններու երկրորդական     աշակերտներուն համար յատկացուած է այս ֆոնտը : Յաւելեալ մանրամասութիւններու համար հեռաձայնել Աֆհիլ-ի…

ԱՖՀԻԼ-ի Պաշտօնէութիւնը Այցելեց «Արամ Պէզիկեան» Թանգարան

Երէկ` ուրբաթ, 22 ապրիլին, Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին առիթով ԱՖՀԻԼ-ի պաշտօնութիւնը եւ տնօրէնութիւնը այցելեց «Թռչնոց բոյն»-ի «Արամ Պէզիկեան» թանգարան, որոնք ընդունուեցան թանգարանի պատասխանատու Պսակ աբղ. Թեփիրճեանի կողմէ: Անոնք շրջագայեցան թանգարանին մէջ, ծանօթացան հոն տեղ գտած թանկարժէք փաստերուն եւ առարկաներուն, որոնք կ՛արտացոլացնեն աւելի քան հարիւր տարի առաջ Լիբանան հասած եւ Ժիպէյլի այդ հողաշերտին վրայ նոր կեանքի սկսած…

ԱՖՀԻԼ-ը Կ՛արժանանայ Միջազգային Մրցանակներու

Նախորդ տարուան աւարտին ԱՖՀԻԼ-ը արժանացաւ բարձր որակի եւ առեւտրական համբաւի միջազգային զոյգ մրցանակներու` իր գործունէութեան ողջ ընթացքին մատուցած ծառայութիւններուն եւ իրականացուցած համայնքային օգտաշատ ծրագիրներուն համար: Այս մասին յաւելեալ տեղեկութիւն ունենալու նպատակով «Ազդակ» հարցազրոյց մը կատարեց ԱՖՀԻԼ-ի տնօրէն Յակոբ Լատոյեանի հետ:

ԱՖՀԻԼ Կը Ստանձնէ Ազդակ App-ի Հովանաւորութիւնը

«Ազդակ app»-ի գործարկումը  երկար ատենէ ի վեր իբրեւ անհրաժեշտութիւն ինքզինք զգալի դարձուցած էր: app-ի ծրագրաւորման աշխատանքները ընթացք առած են արդէն եւ շուտով «Ազդակ»-ի կայքը, որ արդէն մոպայլ ձեւաչափով հասանելի էր Անտրոյտ եւ էփփըլ բջիջայիններուն համար, գործնականօրէն հասանելի կը դառնայ նաեւ app-ի միջոցով:

Երրորդ Տարին Ըլլալով` Հարիւր Միլիոն Լիբանանեան Ոսկիի Կրթանպաստ Համալսարանականներու Եւ Աշակերտներու` ԱՖՀԻԼ-ի Կողմէ

Յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով երէկ` չորեքշաբթի, 18 փետրուար 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, համալսարանականներ եւ երկրորդական վարժարաններու աշակերտներ ստացան ԱՖՀԻԼ-ի կողմէ իրենց տրամադրուած կրթանպաստը: Յատուկ այս հանդիսութեան բացումը կատարեց ԱՖՀԻԼ-ի տնօրէն, Յակոբ Լատոյեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, հակիրճ տողերու մէջ յետադարձ ակնարկով անդրադարձաւ ԱՖՀԻԼ-ի հիմնադրութեան, նպատակին եւ գլխաւոր իրագործումներուն:

ԱՖՀԻԼ-ի Պաշտօնաթերթ «Զգուշ»-ի Անդրանիկ Թիւի Հրատարակութեան Ներկայացում Եւ Հայաստանի Մէջ Աֆհիլ-Ի Գործունէութեան Սկիզբ

Հինգշաբթի, 26 փետրուար 2015-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ԱՖՀԻԼ-ի պաշտօնաթերթ «Զգուշ»-ի անդրանիկ թիւի հրատարակութեան եւ ԱՖՀԻԼ-ի Հայաստանի մէջ գործունէութեան սկզբնաւորութեան առիթներով ներկայացում-ընդունելութիւն:

ԱՖՀԻԼ-ի Հասոյթէն Տարեկան 50 Հազար Տոլար Կրթական Նպատակներու Պիտի Տրամադրուի

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ ներկայութեամբ լիբանանահայ դպրոցներու տնօրէնութեանց ու հայ 100 համալսարանականներու, երէկ` երկուշաբթի, 17 փետրուար 2014-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ աշակերտական ֆոնտի 2013-2014 տարեշրջանի նպաստներու բաշխումը:

ԱՖՀԻԼ Կ՛օժանդակէ Ուսանողներուն Եւ Աշակերտներուն

Այսօր երեկոյեան Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ ԱՖՀԻԼ-ի կողմէ հայ համալսարանականներուն եւ աշակերտներուն տրամադրուած յատկացումներու տուչութիւն: Այս նախաձեռնութեամբ` իր տարաբնոյթ եւ բազմաճիւղ գործունէութեան կողքին, ԱՖՀԻԼ-ը նաեւ տարիներէ ի վեր իր ներդրումը կ՛ունենայ լիբանանահայ կրթական կեանքին մէջ` օժանդակելով նիւթական դժուարութիւն ունեցողներուն, որպէսզի իրենց ուսումը շարունակեն եւ զինուին վկայականներով:

ԱՖՀԻԼ-ի Մարզական Նոր Կեդրոնի Բացում` Պուրճ Համուտի Մէջ

Համուտի հայկական դիմագիծի վերակենդանացման ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, սփիւռքահայութեան այս բաբախուն «սիրտ»-ը երէկ անկիւնադարձային օր մը ապրեցաւ: Արդարեւ, կիրակի, 13 հոկտեմբեր 2013-ի առաւօտէն սկսեալ Պուրճ Համուտի հայաբնակ թաղամասերէն թէ մերձակայ շրջաններէն հայորդիներ հետզհետէ փութացին համախմբուիլ Պուրճ Համուտի առեւտրական «Արին» կեդրոնի թաղը, ուր միօրեայ փառատօնը իր այլազան ելոյթներով կը խանդավառէր մթնոլորտը: