Առողջ ապրելակերպի մասին խորհուրդներու նպատակն է բարելաւել եւ պահպանել առողջութիւնը: Այս անգամ կ՚առանձնացնենք սնունդը, որ կը նպաստէ աղիքային առողջ մանրէախումբի (microflora) կայացման: Աղիքներուն մէջ գոյութիւն ունին օգտակար եւ վնասակար մանրէներու «թագաւորութիւն»: Անոնք կը նպաստեն նիւթափոխանակութեան եւ եթէ անիկա հաւասարակշռուած է` ապա մեր մարմինը կը ստանայ անհրաժեշտ մանրէատարրերը եւ կ՚ապահովէ օրկաններու առողջ աշխատանքը, լաւ ինքնազգացողութիւնը եւ անհրաժեշտ ուժը (energy): Մանրէախումբի խախտման պատճառը ոչ միայն անառողջ սնունդն է, այլ նաեւ որոշ դեղերու` յատկապէս անթիպիոթիքներու օգտագործումը:
Պահպանեցէ՛ք յատուկ սննդակարգ մը եւ փորձեցէք ուտել ուտելիքներ, որոնք օգտակար են աղիքային մանրէախումբին համար:
Մերիլին Կլենվիլ՝ Քեմպրիճ համալսարանէն, խորհուրդ կու տայ օգտագործելու այն մթերքները, որոնք կրնան բարելաւել ինքնազգացողութիւնը եւ դրական ազդեցութիւն ունենալ արտաքին տեսքին վրայ: Մասնագէտը նախապատուութիւն կու տայ լուբիայի տեսակներուն: Այս մթերքը կը պարունակէ «ամիլոզ»ային օսլայ (մածան նիւթ՝ նըշայ), որ չի քայքայուիր ստամոքսահիւթի ազդեցութեան տակ: Ամիլոզը գրեթէ անփոփոխ կը հասնի աղիքներ եւ կ՚ազդէ աղիքային մանրէախումբին վրայ եւ սնունդ կ՚ապահովէ օգտակար մանրէներուն համար: Այս պատճառով կ՚արագանայ օրկանիզմին կողմէ վերամշակուած մթերքներու նիւթափոխանակութիւնը եւ արտազատումը, ինչ որ կ՚ամրապնդէ դիմադրողական համակարգը եւ կը նպաստէ մորթի առողջութեան:
Մէկ այլ սննդամթերք, որ կը բարելաւէ ինքնազգացողութիւնը եւ արտաքին տեսքը, բժիշկ Մերիլին Կլենվիլի համաձայն բնական մակարդուած կաթնամթերքն է՝ մածունը: Ան խորհուրդ կու տայ զայն ուտել ամէն օր: Միւս օգտակար մթերքը, զոր կը յանձնարարէ մասնագէտը՝ թթու կաղամբն է, որ շատ օգտակար է աղեստամոքսային համակարգին համար:
Պէտք է խուսափիլ ոգելից ըմպելիներէ, արագ պատրաստուած սնունդէն, տապկուած եւ ապխտած ճաշատեսակներէն, եւ քաղցրացուած խմիչքներէն: Մեծ քանակութեամբ ալիւրի օգտագործումը կը ծանրացնէ աղիքները եւ բորբոքման պատճառ կը դառնայ: