Միկրէնը (Migraine) նեարդաբանական բարդ վիճակ մըն է, որ յաճախ կը բնութագրուի ծանր, բաբախող գլխացաւերով, որոնց կրնան ընկերանալ սրտխառնուք, գլխապտոյտ եւ լոյսի նկատմամբ զգայունութիւն: Միկրէնը ընդհանրապէս կ’ըլլայ փուլային, որ կրնայ տեւել քանի մը օր, կ’ազդէ առօրեայ կեանքին վրայ` դժուարացնելով աշխատիլը կամ սորվիլը: Սակայն, ոչ բոլոր միկրէնները կ’ընդգրկեն գլխացաւեր. պարագայէ պարագայ կը տարբերի իր ախտանշան-ներով եւ յաճախականութեամբ:
Ախտանշաններ եւ փուլեր
Միկրէնի ախտանշանները սովորաբար տեղի կ’ունենան փուլերով.-
- Նախանշան (Prodrome)՝ յուզական փոփոխութիուններ, ծարաւ եւ լոյսի նկատմամբ զգայունութիւն։
- Զգայական խանգարումներ (Aura), ինչպէս` թարթող լոյսեր տեսնել:
- Գլխացաւ` ուժեղ գլխացաւ, սրտխառնուք եւ գլխապտոյտ:
- Վերջաբան (Postdrome)` յոգնածութիւն եւ դիւրագրգռութիւն գլխացաւի նուազումէն ետք:
2021-ին կատարուած հետազօտութիւն մը ցոյց կու տայ, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ, չափահասներու շուրջ 4,3%-ը կը տառապի միկրէնէ: Կիներու մօտ (7,4%) համեմատութիւնը աւելի բարձր է, քան տղամարդոց պարագային (2,5%) եւ յաճախ կ’ազդէ նաեւ 18-44 տարեկաններու:
Թէեւ միկրէնի ճշգրիտ պատճառը կը մնայ անծանօթ, ծինային գործօնները եւ հրահրող տարբեր գործօններ դեր կը խաղան: Ընդհանուր հրահրիչները կ’ընդգրկեն հորմոնային փոփոխութիւններ, սթրես, սննդային գործօններ, միջավայրի պայմաններ եւ որոշ դեղեր:
Դարմանում եւ կառավարում
Միկրէնը բուժում չունի, սակայն տարբեր դեղեր եւ ապրելակերպի վերադասաւորումներ կրնան օգնել կառավարելու ախտանշանները: Սովորաբար կ’օգտագործուին առանց դեղագիրի ցաւազրկողներ, «Triptan»-ներ, «Antiemetic»-ներ եւ աւելի նոր դեղեր, ինչպէս՝ «Gepant»-ներ (Ubrogepant, Atogepant, Rimegepant) եւ «Ditan»-ններ: Բնական միջոցները եւ կանխարգելիչ ռազմավարութիւնները, ինչպէս՝ հրահրող ծանօթ գործօններէ խուսափիլը եւ առողջ ապրելակերպի պահպանումը, նոյնպէս կրնան օգտակար հանդիսանալ:
Միկրէնի տեսակները
Միկրէնը կարելի է դասակարգել քանի մը տեսակներու, որոնց շարքին`
l Միկրէն՝ զգայական խանգարումներ գլխացաւէն առաջ:
l Քրոնիք միկրէն. յաճախակի փուլեր:
l Դաշտանային միկրէն. կապուած է դաշտանային փուլերուն:
l Միակողմեայ անդամալուծութեան (Hemiplegic) միկրէն. ժամանակաւոր տկարութիւն մարմնին մէկ կողմը:
l Որովայնային միկրէն. տարածուած է երեխաներու մէջ, կ’ընդգրկէ փորի ցաւ:
l Հաւասարակշռութեան (Vestibular) միկրէն. զօրաւոր գլխապտոյտ:
l «Basilar» միկրէն. կ’ազդէ նեարդաբանական (ջղային) աշխատանքներուն:
Ե՞րբ պէտք է բժիշկին դիմել
Ախտանշաններու վատթարացման, զօրաւոր գլխացաւի կամ նեարդաբանական անսովոր խանգարումներու պարագային, դիմել բժիշկին` բացառելու այլ պայմաններ, ինչպէս՝ կաթուածը: