Գոյութիւն ունին տարբեր հիւանդութիւններ, որոնց հիմնական ախտանշաններէն մէկն է բարձր տաքութիւնը, սակայն տաքութիւնը դեղերով իջեցնելու միջոցը միշտ չէ որ կը խրախուսուի: Նման պարագաներու, մասնագէտները խորհուրդ կու տան դիմելու բնական միջոցներու, որոնք կ՚օգնեն բարելաւելու ինքնազգացողութիւնը եւ միաժամանակ կողմնակի բարդութիւններ չեն յառաջացներ:
Իբրեւ բնական տաքութիւն իջեցնող շատ արդիւնաւէտ միջոց կը նկատուի թթուահատի (cranberry) խառնուրդը, զոր պատրաստելու համար անհրաժեշտ է 2-3 դգալ թարմ կամ սառած թթուահատի ճզմել եւ վրան աւելցնել գաւաթ մը գաղջ ջուր: Ըմպելիքը կարելի է քաղցրացնել մեղրով եւ խմել օրուան ընթացքին:
Նաեւ, տաքութիւն իջեցնելու համար շատ օգտակար կրնայ ըլլալ լորենիի ծաղիկներու (Tilia) հիւթը: Պարզապէս 1 ճաշի դգալ թարմ ծաղիկներուն վրայ աւելցնել գաւաթ մը եռացած ջուր, 20 վայրկեան թրմել, ապա քամել ու խմել իբրեւ թէյ:
Այս բնական միջոցները զգալիօրէն կ՚օգնեն բարելաւելու ինքնազգացողութիւնը, սակայն պէտք է նշել, որ առողջական լուրջ խնդիրներու պարագային, անհրաժեշտ է անպայման դիմել մասնագէտին, քանի որ ինքնաբուժութիւնը կրնայ վտանգաւոր ըլլալ եւ աւելի վատթարացնել հիւանդին վիճակը: