ՆԱՆՈՐ ԳՈՉՈՒՆԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ
Խռոցը կամ խռկոցը խռպոտ եւ կոշտ ձայն է, որ կը զարգանայ քունի ընթացքին, երբ ներշնչուած օդը կ՚անցնի շնչառական թուլցած հիւսուածքներուն ընդմէջէն, մանաւանդ թեթեւ քունէն խոր քունի անցնելու ժամանակ, երբ լեզուն ու քիմքի մկանները կը թուլնան, կ՚անշարժանան, կ՚արտադրուի հիւսուածքներու թրթռացում, հետեւաբար՝ խռկոցի բարձր ձայն:
Բնական պայմաններու մէջ առողջ մարդ մը չի խռկար, սակայն տարբեր պատճառներով գրեթէ ամէն մարդ երբեմն երբեմն կը խռկայ. ասիկա վտանգաւոր չէ: Սակայն եթէ գիշերային քունը յանկարծակի քանի մը անգամ ընդհատուի, եւ յառաջանայ շնչառական դադար ու քունի կանգ (sleep apnea), կրնայ նկատուիլ քրոնիք հիւանդութիւն, լուրջ հարց ու անհանգստութիւն, թէ՛ խռկացողին, եւ թէ կողակիցին համար:
Քունի կանգ (Sleep Apnea) վիճակը վտանգաւոր է, քանի որ երբ կ՚ընդհատուի օդի ներհոսքը դէպի թոքերը, շնչահեղձութիւնը կը սաստկանայ, ուղեղին թթուածինով սնուցումը կը պակսի, սրտի տրոփումներու քանակը կրնայ նուազիլ եւ հասնիլ մինչեւ 25-ի, իսկ մերթ ընդ մերթ սիրտը կրնայ ժամանակաւորապէս «կենալ» մինչեւ 10 երկվայրկեան, իսկ անկէ ետք կրնայ աշխատիլ մեծ ծանրաբեռնուածութեամբ՝ վտանգի տակ դնելով սրտի հեզասահ աշխատանքը:
Ընդհանրապէս խռկոցէն ազատելու ձեւերուն մասին կը մտածեն ոչ թէ խռկացողները, այլ անոնք՝ որոնց այդ ձայները կը խանգարեն, քանի որ խռկացող մարդը չի զգար եւ չի լսեր իր բարձր աղմուկը, որ կրնայ հասնիլ մինչեւ 112 տեսիպելի, մինչդեռ քովի քնացողին կը պատճառէ խիստ անհանգստութիւն, կը խանգարէ գիշերային անդորրը, առիթ կը դառնայ վէճ վիճաբանութեան, իսկ ծայրայեղ պարագային՝ անկողինի կամ սենեակի բաժանումի:
Սակայն պէտք է խոստովանիլ, որ խռկոցը ինքնին ախտանշան մըն է լուրջ առողջական վիճակի՝ քունի կանգի:
Ախտանշանները
Խռկոցին ընդհանրապէս կ՚ուղեկցի քունի եւ շնչառութեան խանգարում: Շունչին գրեթէ ամբողջութեամբ ընդհատումը եւ խռկացողին քունէն արթննալը կը կոչուի քունի կանգ: Բոլոր խռկացողները չեն որ կ՚ունենան քունի կանգ, սակայն երբ խռկացող մը մէկ ժամուան ընթացքին, նուազագոյնը 5 անգամ կ՚ունենայ շնչառական դադար եւ կանգ, որոնք կը զուգորդուին վերոնշեալ ախտանիշներով, անհրաժեշտ է դիմել բժիշկին հետագայ ճիշդ ախտաճանաչում կատարելու, ինչպէս նաեւ ճշգրիտ պատճառները յայտնաբերելով ճիշդ դարմանում նշանակելու համար:
- Քունի ընթացքին շունչի կանգ
- Օրուան ընթացքին քնատութիւն
- Յոգնածութիւն
- Կեդրոնացման դժուարութիւն
- Առաւօտեան գլխացաւեր
- Անհանգիստ քուն
- Գիշերային խեղդուելու զգացողութիւն
- Արեան բարձր ճնշում
- Գիշերային կուրծքի ցաւեր
- Բարձրաձայն խռկոց
Պատճառները
- Խռկալուն կրնան նպաստել բազմաթիւ գործօններ՝
- Բերանի բնածին կառուցուածքը
- Քթի միջնապատի ծռութիւնը
- Քթի խոռոչին մէջ փոլիփներու (միս) առկայութիւնը
- Ժառանգականութիւնը
- Մեծ նշագեղձեր ունենալը
- Սինուսներու առկայութիւնը
- Արական սեռը
- Ծխող ըլլալը
- Ալքոլի օգտագործումը
- Գիրութիւնը
- Քնաբեր դեղերու եւ թմրեցուցիչներու օգտագործումը
- Գերզգայունութեան գոյութիւնը
- Գերյոգնածութիւնը
- Պաղառութիւնը
- Քնանալու դիրքը
- Տարիքի յառաջացումը
Վերոնշեալ պատճառները մասամբ կը գոցեն քիթին խոռոչը կամ կը խցեն կոկորդը, ներշնչուող օդը դժուարութեամբ կ՚անցնի քիթէն կամ հանգիստ չ՚անցնիր դէպի խռչափող եւ կ՚արտադրուի սուլոցային, ֆշշացող, խռկացող ձայներ: Ձայնի ուժգնութիւնը կախեալ է քիթի խցումի աստիճանէն:
Բարդութիւնները
Խռկալը թեթեւ եւ անմեղ անհանգստութիւն մը չէ, յատկապէս եթէ այն կ՚ուղեկցուի քունի կանգով. ապա բարդութիւնները կարելի է համարել՝
- Ցերեկային անքնութիւնն ու առկածներու վտանգը
- Բարկացկոտութիւնը, ջղայնութիւնը եւ վարուելակերպի խնդիրը
- Կեդրոնանալու դժուարութիւնը
- Արեան բարձր ճնշում ունենալու վտանգը
- Կոկորդի չորութիւնը
- Կրծքավանդակի ցաւերը
Խռկոցէն ազատելու քանի մը պարզմիջոցներ
- Փոխել ապրելակերպը՝ հրաժարիլ ծխախոտէն եւ ալքոլէն
- Պարզապէս նիհարնալ
- Փոխել քունի դիրքը՝ պառկիլ կողմնակի, քանի որ շատ յաճախ կռնակի վրայ պառկողներն են, որոնք կ՚ունենան աղմկոտ շնչառութիւն
- Կարեւոր է որ գլխու մասը քիչ մը բարձր ըլլայ, որպէսզի լեզուն ետեւ չերթայ, ստամոքսի հեղուկը չիջնէ ստորին մասեր եւ քիթ կոկորդի լորձաթաղանթը չայտուցուի, եւ հետեւաբար դիւրանայ շնչառութիւնը:
- Նախքան պառկիլը քթի խոռոչները լուալ աղաջրային լուծոյթով
- Քիթի սեղմիչներ (nasal strips)
- Գործածել կարծր եւ բարձր բարձ
- Սահմանափակել քնաբեր դեղերու գործածութիւնը
- Ստամոքսը չծանրաբեռնել քնանալէն առաջ
- Քնանալ ուտելէն գոնէ 4 ժամ ետք
- Պառկելէն առաջ առնել գաղջ լոգանք մը
- Հետեւիլ հաստատուն քնականոնի
- Վարել աշխոյժ ապրելակերպ
- Կան նաեւ բշկական յատուկ գործիքներ քունի կանգը բուժելու նպատակով:
– CPAP (constant positive airway pressure) բուժում. քիթ ու բերանի դիմակ մը՝ որ կը բարձրացնէ օդի ճնշումը շնչուղիներուն մէջ կանխելով հիւսուածքներու թրթռացումը, կը գործածուի քունի ընթացքին շաբաթական 4-էն 7 օր:
– Կան նաեւ ներբերանային յարմարանքներ, ըլլայ վարի ծնօտը առջեւ բերելու կամ լեզուն դուրս քաշուած պահելու, որոնք կը նպաստեն քիթով շնչելուն եւ կը կանխարգիլեն մկաններու թուլացումը եւ հետեւաբար խռկոցը:
– Քիմքի քրիօբուժում կամ լազերային բուժումը, որ կը կայանայ քիմքի փափուկ հիւսուածքները սառոյցով կամ ջերմութեամբ այրելու մէջ: Քիմքի հիւսուածքը ծաւալով կը փոքրանայ եւ թրթռացումը կը նուազի:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ գրանցուած են խռկոցի դէմ պայքարելու 186 տարբեր յայտնագործութիւններ, յատուկ քթակալներ՝ բերանով շնչելը դժուարացնելու նպատակով. փոքրիկ զանգակներ կարուած գիշերանոցին, կռնակին վրայ պառկիլը զգուշացնելու համար… սակայն բոլոր այս միջոցները այնքան ալ խռկոցէն չեն ազատեր, ինչքան կը յանգեցնեն անքնութեան:
Մասնագէտներ կը կարծեն, որ շատ լաւ է օրը 20-30 անգամ «ի-ի-ի-» արտասանելը կամ սուլելը, որ կը մարզէ կոկորդի լեզուակը:
Դրական կէտը՞
Կ՚ըսեն որ «ան, որ կը խռկայ, առաջինը կը քնանայ»…: