ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐԸ ԿԸ ԳՐԵՆ. ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Հայկական շատ մը բառարաններու մէջ կամաւոր բառը հետեւեալ ձեւով սահմանուած եւ բացատրուած է.- «Ինչ որ լինում է իւր կամքով, առանց ստիպմունքի, յօժարակամ, ազատ, անձնիշխան», «Նա, որ առանց սպասելու զինուորակոչի վիճակահանութեան` ինքնաբերաբար գնում է զինուորական ծառայութիւն կատարելու…», «ինքնամատոյց», «յօժարակամ», «ինքնաբուխ», «դիտումնա-ւոր»:
Կամաւոր աշխատանքը կը մարմնաւորէ բարոյականութիւն եւ առաքինութիւն: Անոր ընդմէջէն ամէն անհատ կը ցուցաբերէ իր թաքուն բարոյական արժէքները: Մարդ արարածը կամաւոր աշխատանք կը տանի որոշ մղումներով, օրինակի համար՝ հոգատարութեան բարոյականութիւն, ուրիշին հասնելու եւ օգնելու զգացում, մասնակցութեան հպարտութիւն եւ բաւարարութիւն:
Հասարակական կամաւոր գործունէութեան մղիչ ազդակներն են անհատին նկարագիրը, կրթականուսումնական մակարդակը, ընկերային իրավիճակը, պատկանելիութեան գաղափարը եւ շրջապատի ու միջավայրի խրախուսիչ կեցուածքը:
Կամաւոր ծառայութեան դրական օգուտ-ները կը յայտնուին անհատական եւ հանրային կեանքին մէջ: Կամաւոր ծառայող անհատը հեռու կը մնայ մոլութիւններէ եւ վատառողջ կեանքէ, կ՚ապրի առողջ ընկերային միջավայրի մէջ եւ հոգեմտաւոր հարուստ ապրումներով:
Կամաւոր ծառայողը ինքնավստահութեամբ եւ հոգեկան գոհունակութեամբ կը գործէ: Եթէ բաղդատական մը ընենք կամաւոր ծառայութիւն ընողի մը եւ նման գործունէութենէ հեռու մնացողի մը միջեւ, կը տեսնենք երկուքին ունեցած հոգեկան տարբեր ապրումները:
Կամաւոր աշխատանքը հիմնուած է նուի-րումի սկզբունքին վրայ, ան կ՚արժեւորուի ընկերութեան կողմէ, ան շատ անդին կ՚երթայ «ԵՍ»-էն եւ կը կեդրոնանայ «ՄԵՆՔ»-ին վրայ: Ան կը կատարուի առանց թմբուկի, առանց ցուցամոլութեան: Ան պէտք է ըլլայ իւրաքան-չիւր անհատի պարտականութիւնը հանդէպ իր նմաններուն, հանդէպ հաւաքականութեան:
Կամաւոր աշխատանքը լոկ ազատ ժամերը բարի գործով լեցնել չէ, այլ միայն ծառայութիւն է՝ մանուկին, ծերին, երիտասարդին ու պարմանիին, հիւանդին եւ առողջին, առանց ակնկալութեան ու ժամանակի սահմանումի, տալ է՝ բարոյական մակարդակի վրայ ըլլայ այդ, թէ՝ նիւթական: Անկասկած, ծառայութիւնը աշխատանքի տեսակ կամ աստիճան չի ճանչնար. չկայ վատ ու լաւ գործ:
Դարերէ ի վեր մարդ արարածը ունեցած է կամաւոր աշխատանքի բաժին մը իր շրջապատին մէջ: Ան մոռցած է իր Ես-ը եւ ձեռքը երկարած է դիմացի անձին եւ օգնած է անոր:
Բոլոր երկիրներու եւ հաւաքականութիւններու մէջ գոյութիւն ունին պետական ընկերային ծառայողներ, որոնք արհեստավարժ են, անոնք կը գործեն լրիւ ժամով՝ համաձայն պետական օրէնքներուն եւ վարձատրութեան: Սակայն կը տեսնենք, որ այս պետական կազմակերպուած ընկերային ծառայութիւնները չեն բաւարարեր ընկերութեան մէջ ապրող բոլոր մարդոց կարիքները եւ կամ կը ստեղծուին այնպիսի պայմաններ, որոնք պահանջքը կը յառաջացնեն կամաւոր աշխատողներու դերակատարութեան եւ ներգործումին: Բարեսիրական կազմակերպութիւն-ներ, անկախ պետական հաստատութիւններէն, անյապաղ գործի կը լծուին եւ իրենց կարողութիւններն ու կարելիութիւնները ի սպաս կը դնեն ստեղծուած անակնկալ պատահարներու՝ պատերազմի, սովի, աղքատութեան, երկրաշարժներու, ողողումներու եւ համաճարակներու զոհերուն:
Մարդկութեան մէկ երրորդը համայն աշխարհի մէջ բաւարար սնունդ չի ստանար եւ օրական հազար հազարաւորներ կը մահանան ջուրի եւ սնունդի պակասէն: Յետամնաց երկիրներու մէջ պատուաստներու չգոյութեան պատճառով ամէն օր հազարաւոր մանուկներ կը մահանան: Ամէն տեղ կան կարիքաւորներ, անկարներ, հիւանդներ, անչափահասներ, դպրոց չյաճախող երեխաներ եւ որբեր: Այս բոլորին օգնութեան ձեռք երկարելու են ընկերութիւնը եւ այդ ընկերութիւնը կազմող անհատները:
Ընկերային կեանքը հարստանալու է հանրային ծառայութեամբ: Օգնելը, հանրային ծառայութիւնը եւ ընկերային ծառայութիւնը բարի եւ ազնիւ գործ է: Ան պատուաբեր գործ է: Բոլորս սորվելու ենք հասնիլ ուրիշին՝ մոռնալով մեր Ես-ը: Մեր անձէն անդին տեսնելը ազնւութիւն է։
Սիրայօժար ծառայութիւնը եւ կամաւոր աշխատանքը բարիքի համար է եւ ոչ թէ փառքի համար: Կամաւոր աշխատանքը կը ցոլացնէ հաւաքականութեան մը հոգեկան ազնւութիւնը, ընկերային մշակոյթը, բարոյականի տէր ըլլալը:
Կամաւոր աշխատանքը կարիքաւորին սնունդ, դեղ, երդիք հայթայթելու կողքին ի միտի ունենալու է դիմացինին հոգեկանը եւ ոգեկանը բարձրացնելը:
Կամաւոր աշխատանքի, յանձնառու պարտականութեան գիտակցութիւնը կը սկսի փոքր տարիքէն` տունէն, դպրոցէն: Փոքր տարիքէն պէտք է իւրաքանչիւր հայ վարժուի կամաւոր աշխատանքի տան մէջ, դպրոցին մէջ ու դառնայ կազմաւորուած կամաւորը:
Բոլոր ժողովուրդներու եւ հաւաքականութիւններու նման, հայ ժողովուրդն ալ դարերէ ի վեր ունեցած է եւ ունի ներկայիս կամաւոր ծառայութեան բազմաթիւ կազմակերպութիւններ, որոնք կը ցոլացնեն հայ ժողովուրդի ընկերային հասկացութիւնները եւ ուրիշին օգնութեան հասնելու ազնիւ գաղափարը:
Եթէ ակնարկ մը նետենք հայոց պատմութեան վրայ, կը տեսնենք թէ կամաւոր աշխա-տանքը տեղ գտած է հայ անհատին եւ հայ ժողովուրդին խառնուածքին, մտածողութեան ու հաւաքական ապրելակերպին մէջ: Դարեր շարունակ հայրենիքի զանազան շրջաններուն մէջ վանքերը ապաստանարան ծառայած են անտէրներու, որբերու, անկար-ներու ե հիւանդներու: Հայ թագուհիներ եւ իշխանուհիներ իրենց օգնութեան ձեռքը երկարած են որբին, տկարին, այրիին եւ հիւանդին ու իրենց կեանքը նուիրած են զանոնք սփոփելու եւ ուրախացնելու:
Հայ իրականութեան մէջ կամաւոր աշխատանքին հաւատացող եւ իրագործող կազմակերպութիւններէն մէկն է ՀՕՄ-ը: Ան իր հիմնադրութեան առաջին օրերէն նուիրուած է կամաւոր աշխատանքի ազնիւ գործին: Անոր բոլոր մասնաճիւղերու ՀՕՄ-ուհիները նետուած են կամաւոր աշխատանքի ծառայութեան դաշտ եւ իրագործած են հրաշքի նման ընկերային, բարեսիրական եւ ազգօգուտ իրագործումներ: Մեր բոլոր միութիւնները, կազմակերպութիւնները, հաստատութիւնները, կեդրոնները եւ եկեղեցիները ՀՕՄ-ի նման հիմնուած են կամաւոր ծառայութեան սկզբունքներուն վրայ: Անոնք կը յաջողին եւ անոնց աշխատանքները կ՚արդիւնաւորուին կամաւորներու անսակարկ աշխատանքով:
Մեզմէ իւրաքանչիւրը կ՚ապրի հայ ժողո-վուրդին պատկանելութեան գիտակցութեամբ, որ պէտք է դրսեւորուի ուրիշին օգնելու ու հայրենիքին, հայ ժողովուրդին, հայ եկեղեցիին ու հաւաքականութեան ծառայելու երեւոյթներով: Ամէն մէկ հայ անհատ ունենալու է ծառայութեան յստակ նպատակ մը իր կեանքին մէջ եւ դուրս գալու է անհատական ու սեփական նեղ կեանքէն ու մասնակցելու է հայ հասարակական կեանքին: Մեզմէ իւրաքանչիւրը իր ընտանիքէն դուրս, իր նախասիրութիւններուն համաձայն, պէտք է փորձէ դերակատարութիւն ունենալ հայ ընկերութեան մէջ` իր ազատ կամքով իր նպաստը բերելու իր շրջապատին եւ իր ազգի զաւակներու կեանքի պայմաններու բարելաւումին: Ծառայութեան դաշտը բաց է եւ ընդարձակ: Կամաւոր աշխատանք կրնանք տանիլ եկեղեցիներու եւ կրօնական հաստատութիւններու, կուսակցական կազմակերպութիւններու, մշակութային, մարզական եւ բարեսիրական միութիւններու ճամբով:
Յատկանշական եղած է բժշկական ասպարէզին մէջ բժիշկներու կամաւոր աշխատանքը, ծառայութիւնը եւ նուիրումը մարդ անհատին կեանքի բարելաւման եւ առողջութեան պահմանման ի նպաստ: Բժիշկներ կամաւոր կը գործեն աշխարհի չորս կողմերը զանազան բարեսիրական, ընկերային եւ առողջապահական կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու մէջ, առանց ոչ մէկ նիւթական վարձատրութեան: Այսպէս գործած են նաեւ հայ բժիշկները իրենց ապրած միջավայրերուն մէջ: Գոյութիւն ունի համաշխարհային գետնի վրայ «Բժիշկներ առանց սահմանի» կազմակերպութիւնը, ուր մեծ թիւով բժիշկներ կը գործեն կամաւոր ձեւով՝ սիրայօժար եւ առանց ազգային պատկանելութեան, գոյնի, սեռի, չքաւորի, հարուստի, տարեցի, երիտասարդի եւ երեխայի խտրութեան: Անոնք կը հասնին աղէտեալ եւ կարիքաւոր երկիրներ իրենց բժշկական փորձառութիւնը եւ ծա-ռայութիւնը ի սպաս դնելու այդ երկիրներու ժողովուրդներու պէտքերուն:
Կամաւոր աշխատանքի ազնուագոյն երեւոյթներէն են.-
– Նուիրում հայրենիքի հզօրացման եւ պաշտպանութեան սրբազան պարտականութիւններուն.
– Գործօն մասնակցութիւն «Հայ Դատ»-ի կապակցութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկներուն եւ հետապնդուելիք աշխատանքներուն.
– Մասնակցութիւն եւ օժանդակութիւն մեր մշակութային, մարզական, սկաուտական, ընկերային, բարեսիրական միութիւններու, քաղաքական կազմակերպութիւններու, կրթական հաստատութիւններու եւ եկեղեցիներու զանազան մակարդակի վրայ տարուած աշխատանքներուն.
– Ծառայութիւն եկեղեցիներու դպրաց դասերու եւ երգչախումբերու մէջ կիրակնօրեայ պատարագներու ընթացքին.
– Հիւրիւնկալութիւն հայ գաղթականներուն.
– Մասնակցութիւն հայ մամուլին յօդուածներու ճամբով.
– Մասնակցութիւն բարելաւելու մեր շրջապատին մէջ գտնուող կարիքաւոր եւ հիւանդ անհատներուն կեանքը.
– Օժանդակութիւն հիւանդանոցներու անձնակազմին՝ դիւրացնելու եւ արդիւնաւորելու համար հիւանդներուն մատուցուած խնամքը.
– Օգնութիւն հիւանդանոցներու մէջ` լեզու չգիտցող հիւանդներուն թարգմանական աշխատանք կատարելով եւ անտէր հիւանդներուն բարոյապէս նեցուկ կանգնելով.
– Օժանդակութիւն քաղաքապետական, նահանգային եւ պետական ընտրողական մարմիններու աշխատանքներուն.
– Եւ այլն, եւ այլն։
Մանկութեանս տարիներուն շատ լսած էի կամաւոր աշխատանքի մասին հայկական բարեսիրական եւ ընկերային կազմակերպութիւններու մէջ: Իմ առաջին փորձառութիւնս որպէս կամաւոր աշխատող եղաւ 1955-ին: Ես երկրորդական վարժարանի 9-րդ դասարանը աւարտած էի: Ամառ էր: Հալէպահայ ուսանողական միութեան վարիչ պատասխանատու պրն. Երուանդ Տէմիրճեան, որ Զաւարեան վարժարանի տնօրէնն էր, մօտեցաւ ինծի եւ առաջարկեց ամառուան երկու ամիսներուն անգլերէն լեզու դասաւանդեմ անվճար Զաւարեան վարժարանի աշակերտ-աշակերտուհիներուն: Առաջարկը ընդունեցի եւ երկու ամիս, շաբաթը 10 ժամ, կատարեցի այդ կամաւոր աշխատանքը մեծ հաճոյքով եւ ուրախութեամբ եւ հոգեկան մեծ գոհունակութիւն ունեցայ իմ պատանեկան կեանքիս մէջ՝ տեսնելով հայ աշակերտ-աշակերտուհիին սորվելու բուռն փափաքը:
Երկրորդ առիթ մը ընծայուեցաւ ինծի կամաւոր աշխատանք տանելու Հալէպահայ Ուսանողական միութեան (ՀՈՄ) կազմակերպած կազդուրման կայանին մէջ 1956-1959 տարիներուն: Հալէպի մէջ մասնակցած էի ՀՈՄ-ին եւ 1956-ին ընտրուած վարչական անդամ, ապա ատենապետ: 1956-ին ՀՈՄ-ը կազմակերպած էր հալէպահայ չքաւոր պատանի-պատանուհիներու կազդուրման կայան Քեսապի մէջ: Խումբ մը վարչական անդամներ մեր կամաւոր ծառայութիւնը բերինք այս կայանին: Մատղաշ հայ մանուկներու եւ պատանիներու խնամքը ստանձնած էինք:
Նուիրուած էինք անոնց ընկերային եւ դաստիարակչական գործին՝ անոնց հոգիները ազնուացնելու եւ առողջ ֆիզիքականը ապահովելու համար: Կազդուրման կայանը միայն խաղի եւ ժամանցի կայան չէր, այլ նաեւ հայեցի դաստիարակութեան: Ամէն օր կանոնաւոր կերպով փոքրիկներուն կը տրուէր հայերէն լեզուի, հայոց պատմութեան եւ բարոյական գիտելիքներու դասընթացք: Կ՚ուրախանայինք երբ տեսնէինք մանուկներուն ժպիտը եւ գոհունակութեան արտայայտութիւնը:
Երրորդ փորձառութիւնս եղաւ ՄՏԿԿ դպրեվանքէն ներս: 1965-ին վկայուած էի Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի բժշկական հիմնարկէն որպէս բժիշկ եւ արդէն ընդունուած էի նոյն հիմնարկին մէջ մասնագիտանալու «քիթկոկորդականջ»-ի հիւանդութիւններու մէջ:
1965-ի վերամուտին գերաշնորհ Գարեգին եպիսկոպոս Սարգիսեան առաջարկեց, որ խումբ մը հայ երիտասարդ եւ նոր վկայուած բժիշկներ երթան դպրեվանք եւ բժշկական քննութեան ենթարկեն դպրեվանքի սաները: Մեր հիւանդանոցէն հինգ հայ երիտասարդ բժիշկներ, ներառեալ ես, ներկայացանք Գարեգին եպիսկոպոսին եւ յայտնեցինք մեր պատրաստակամութիւնը կամաւոր եւ յօժարակամ կատարելու այդ խիստ կարեւոր ծառայութիւնը: Մի քանի ժամերու ընթացքին բոլոր սաները քննուած էին եւ բոլորին առողջական վիճակը գտնուած էր գոհացուցիչ: Այս աշխատանքը շարունակեցինք կատարել երկար տարիներ:
Այսպէս շարունակուեցաւ իմ կամաւոր աշխատանքի գործունէութիւնը ամբողջ կեանքիս ընթացքին՝ տարբեր-տարբեր ձեւերով եւ երեսներով հայ իրականութեան մէջ: Շատ մեծ գոհունակութեամբ կը կատարէի այդ աշխատանքները՝ իմ կարելիութեան սահմաններուն մէջ: Երանի աւելին կարենայի ընել…: