ՆԱՆՈՐ ԳՈՉՈՒՆԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ
Առողջապահական շրջանակներ կը պնդեն որ, ամէն տարի հակակռիփային պատուաստ ստանալը, կռիփով չհիւանդանալու լաւագոյն միջոցն է:
Սակայն այժմէական բժշկութիւնը ինչպէ՞ս կ՚ընդունի այս պնդումը:
Թերեւս զարմանաք, երբ կարդաք, որ բժշկական գրականութիւնը կ՚առաջարկէ վիթամին «Տի»-ն իբրեւ հակակռիփային միջոց, որ շատ աւելի արդիւնաւէտ է, քան՝ պատուաստը…
Բժիշկ Ճոն Քանելը առաջիններէն է, որ ներկայացուցած է այն միտքը, թէ վիթամին «Տի»-ի անբաւարարութիւնը կրնայ պատճառ հանդիսանալ կռիփով հիւանդանալուն:
Ըստ համաճարակային եւ վարակային հիւանդութիւններու ուսումնասիրութիւններուն, Վիթամին «Տի»-ի շատ ցած մակարդակ ունեցող մարդիկ հակամէտ են տառապելու պաղառութենէ, հարբուխէ, շնչառական վարակներէ եւ թոքային քրոնիք հիւանդութիւններէ:
Տարբեր երկիրներէ 11.000 անհատներ ընդգրկող փորձառական հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ այն մարդիկը, որոնք ամէն օր կամ շաբաթական դրութեամբ վիթամին «Տի»-ի յաւելումներ ստացած են, նորմալին հասցնելով իրենց արեան վիթամին «Տի»-ի մակարդակը, ապա անոնց քով 50 տոկոսով նուազած է շնչառական վարակի վտանգը, որ գրեթէ հաւասար է պատուաստին պաշտպանիչ ազդեցութեան, քանի որ նոյնպէս պատուաստն ալ ունի միայն 50% արդիւնաւէտութիւն: Հակառակ անոր որ վերջին 30 տարիներուն, պատուաստուող մարդոց թիւը աճած է, սակայն կռիփով մահացութիւնը չէ նուազած :
Մեր մարմինը վիթամին «Տի» կ՚արտադրէ արեւու ճառագայթներուն ազդեցութեան տակ: Ահա թէ ինչու ձմրան կը շատնան պաղառութիւնն ու հարբուխը, որովհետեւ արեւու ճառագայթներուն եւ լոյսի պակասը կ՚իջեցնէ մարմինի բնական վիթամին «Տի»-ի արտադրութիւնը. իսկ վիթամին «Տի»-ն կը պաշտպանէ թոքերը՝ բարձրացնելով հակամանրէային սպիտակուցները:
Ինչպէս ըսինք, կռիփի պատուաստը 100 առ 100 պաշտպանութիւն չ՚ապահովեր: Պատուաստի բուժման քանակը NNT (number needed to treat) 1/40 է. այսինքն՝ 40 հոգիէն միայն մէկինը կրնայ կանխել: Մինչդեռ վիթամին «Տի»-ի յաւելումներով բուժման քանակը՝ NNT 1/30 է, այսինքն՝ 10-ով աւելի արդիւնաւէտ է քան կռիփի պատուաստը: Հետեւաբար, կռիփի դէմ լաւագոյն պաշտպանութիւնը արեան վիթամին «Տի»-ի մակարդակին կանոնաւորումն է: Ուստի խելամտութիւն պիտի ըլլար վիթամին «Տի»-ի մակարդակը հասցնել բնականոնի՝ օգտուելով արեւէն: Սակայն, արեւու լոյսին բացակայութեան պարագային, խորհուրդ կը տրուի կլլել վիթամին «Տի»-ի յաւելումներ: Յամենայնդէպս, պէտք է նշենք, որ մարդոց մեծամասնութիւնը չի կրնար նորմալին հասցնել արեան վիթամին «Տի»-ի քանակը՝ օգտուելով միայն արեւէն կամ օգտագործելով վիթամին «Տի»-ով ուժեղացուած սնունդ (vit D fortified food): Անհրաժեշտ է տարին մէկ կամ երկու անգամ արեան քննութիւն կատարել որոշելու համար վիթամին «Տի»-ի քանակը: Եթէ ան շատ ցած է, ապա կլլել 10000 UI օրը 1 հատ մինչեւ որ հասնի բնական քանակին, ապա այդ չափը պահպանել շաբաթը 1 դեղահատի դրութեամբ:
Եթէ որոշ ժամանակ գործածելէ ետք, արեան վիթամին «Տի»-ի քանակը տակաւին ցած կը մնայ, ապա պարզ է որ պէտք է աւելցնել դեղաչափը, ինչպէս նաեւ աւելցնել մակնեզիումի յաւելումներ, քանի որ այս վերջինս կը նպաստէ վիթամին «Տի»-ի ներծծման:
Ասոր կողքին պէտք է նշել, որ մարմինին դիմադրողական համակարգին համար մեծ դեր ունի նաեւ սննդականոնը. օրինակ՝ շատ շաքար պարունակող սննդականոնը կամ շատ վերամշակուած սննդականոնը (pro-cessed food) կ՚ընկճէ վարակներու դէմ մարմինին դիմադրողականութեան ունակութիւնը:
Նոյնիսկ փաստուած է, որ յաջորդական տարիներու պատուաստումը նոյնպէս տկարացուցած է մարմինին ժահրերու դէմ պայքարելու դիմադրողականութիւնը: Մինչդեռ անոնք, որոնք վերջին 5 տարուան մէջ պատուաստ չեն ստացած, անոնց քով աւելի բարձր է կռիփի դէմ պաշտպանուածութիւնը: Իսկ սթաթինային դեղերը (քոլեսթերոլ իջեցնող) կրնան խանգարել պատուաստի արդիւնաւէտութիւնը, այսինքն եթէ դուք սթաթին կը գործածէք, ապա խեղկատակութիւն է պատւաստուիլը:
Աւելցնենք նաեւ, որ վիթամին «Տի»-ն ենթական կը պաշտպանէ նաեւ տարիքի հետ կապուած հիւանդութիւններէ, ինչպէս՝ Ալզհայմըրէ: Անոր պակասը կապուած է սրտային հիւանդութիւններու, գերճնշման, անպտղութեան, ոսկրափտութեան, քաղցկեղի, շաքարախտի եւ ընկճախտի հետ, քանի որ մարմինի 30000 ծիներէն 3000-ին վրայ գոյութիւն ունին վիթամին «Տի»-ի ընկալիչներ:
Այն կիները, որոնց մօտ վիթամին «Տի»-ի մակարդակը բարձր է, ապա քաղցկեղի յաճախականութիւնը ցած է. արեան մէջ 18 մկ/մլ վիթամին «Տի» ունենալու պարագային, քաղցկեղի վտանգը 60% է, իսկ 63/մկ/մլ ունենալու պարագային, այդ վտանգը միայն 0.4% է: Հետեւաբար, կարելի է կանխել բոլոր տեսակի քաղցկեղները՝ թոքերու, ձուարաններու, փանքրէասի, փրոսթաթի, եւլն: Վիթամին «Տի»-ի մակարդակը 45-60 մկ/մլ պահելու պարագային, կը խուսափիք սուր եւ քրոնիք վարակներէն, հարբուխէն, կռիփէն եւ յատկապէս պատուաստի կողմնակի ազդեցութիւններէն, որովհետեւ ան կը խթանէ մարմինի դիմադրողական T բջիջները, մաքրոֆաժերը, որոնք մարմինին բնական հակապիոթիք կը սեպուին եւ կ՚ոչնչացնեն մանրէներն ու ժահրերը:
Վիթամին «Տի»-ի աղբիւրներ են՝
– Արեւը
– Հաւկիթի դեղնուցը
– Ձուկը
– Կաթը
– Վիթամինային յաւելումները
Նշաններ՝ որոնք կը բացայայտեն վիթամին «Տի»-ի պակասը
– Մորթի գոյնը. ինչքան մորթը թուխ գոյնի է, այնքան հաւանական է վիթամին «Տի»-ի անբաւարարութիւնը:
– 50 տարեկան եւ վեր տարեցները. տարիքի բերումով կրնայ նուազիլ վիթամին «Տի»-ի արտադրութիւնը:
– Շատ յաճախականութեամբ հիւանդանա-լը. քանի որ վիթամին «Տի»-ն ունի մանրէասպան ազդեցութիւն:
– Կռնակի, ոսկորի ցաւերն ու յօդացաւերը. վիթամին «Տի»-ն պատասխանատու է ոսկորներու առողջութեան:
– Ճնշուածութեան զգացողութիւնը. վիթամին «Տի»-ն կը բարձրացնէ տրամադրութիւնը, քանի որ կը շատցնէ ուղեղի սերոթոնին հորմոնի քանակը:
– Վէրքերու դժուար ապաքինումը. վիթամին «Տի»-ն կը բարելաւէ բորբոքման գործընթացը:
– Մազաթափութիւնը. ինչպէս սթրեսը, այնպէս ալ վիթամին «Տի»-ի պակասը կը նպաստէ մազաթափութեան:
– Անպտղութիւնը. քանի որ վիթամին «Տի»-ի պակասը մեծ դեր կը խաղայ ձուարաններու բուշտերու յառաջացման մէջ:
– Գլխամաշկի քրտնիլը վիթամին «Տի»-ի անբաւարարութեան նշաններէն մէկն է:
– Գիրութիւնը. վիթամին «Տի»-ն իւղալոյծ վիթամին է, հետեւաբար գէրերու մօտ այն կրնայ գրաւուած մնալ ճարպերուն մէջ եւ պատճառել անբաւարարութիւն: