Տոքթ. Խաժակ Այնթապլեան
Ամէնէն վախազդու մասնագիտութիւններէն մէկը մինչեւ այսօր, մանաւանդ բժշկական ասպարէզին մէջ տակաւին կը շարունակէ մնալ ատամնաբուժութիւնը։ Հակառակ անոր որ ներկայիս այս մասնագիտութիւնը բաւական զարգացած է, ներկայ ատամնաբուժական գործիքները աւելի քիչ ցաւ ու վախ կը պատճառեն, ցաւազրկիչ միջոցները հիմա աւելի ազդեցիկ են, սակայն տակաւին շատ մը մարդիկ մեծ վախ ունին ատամնաբուժներէն իսկ ոմանց քով արդէն այդ վախը կը հասնի սարսափի աստիճանի ու կը դառնայ հիւանդագին երեւոյթ մը վերածուելով phobia-ի, այս պարագային` dentophobia կամ odontophobia, որը արդէն սովորական վախ մը չէ այլ ծայրայեղ սարսափն է ատամնաբուժութենէն ու կը նմանի այլ phobiaներու (ծայրայեղ վախ) ինչպէս օրինակ arachnophobia-ն է, երբ մարդիկ սարդ մը կամ սողուն մը տեսնելով կը սարսափին ու կը հիւանդանան, այս պարագային ալ ատամնաբուժ մը երբ տեսնեն կամ ատամնաբուժական սենեակէն ներս մտնեն մոյն սարսափին մէջ կ’իյնան…:
Ինչ որ է, աչքդ ելլէ անունդ չելլէ… Ատամնաբուժներուն անունը այլեւս մէյ մը ելեր է, ոմանք նոյնիսկ չարութիւն ընող իրենց փոքրիկները վախցնելու համար ատամնաբուժին անունը կ’օգտագործեն, որը անշուշտ շատ մեծ սխալ է։ Այս եւ այլ սխալները սրբագրելու համար, եւ ատամնաբուժական վախին առաջքը առնելու համար այստեղ քանի մը կարեւոր թելադրանքներ կուզեմ կատարել, որոնց գործադրութեան պարագային կը կանխուի այս վախը եւ մարդիկ եթէ ոչ մեծ հաճոյքով, գոնէ նուազ վախով եւ աւելի յաճախակի կ’այցելէն ատամնաբուժին եւ աւելի առողջ ակռաներ կունենան:
Ինչպէ՞ս պէտքէ ատամնաբուժական վախին առաջքը առնել որպէսզի խնդիրը չհասնի ծայրայեղ վախի` dentophobia-ի, որը արդէն լուրջ հարց է եւ երբեմն հոգեբանի օգնութեան կարիքը ունի: Այստեղ կը ներկայացնեմ քանի մը կարեւոր խորհուրդ կանխելու կամ սրբագրելու համար վախը ատամնաբուժութեան մէջ։
1- Նախ եւ առաջ պէտք է վախը կանխել շատ փոքր տարիքէն: Պէտք չէ թոյլ տալ որ փոքրիկ մը սկսի վախնալ ատամնաբուժէն։ Երբ փոքրիկ մը տակաւին երեք կամ չորս տարեկան է, եւ ակռայի հարցեր գրեթէ չունի, ոչ ցաւ, ոչ ալ փտած ակռաներ ունի, պէտք է զայն տանիլ ատամնաբուժի քով, նստեցնել ատամնաբուժական աթոռին, որպէսզի ատամնաբուժը զննէ անոր ակռաները, ապա նաեւ հաճելի համ ունեցող մածուկներով մաքրէ փոքրիկին ակռաները, այսպիսով բարեկամացնելով փոքրիկը ատամնաբուժին հետ։ Այսպիսի այցելութիւնները պէտք է դարձնել յաճախակի, գոնէ տարին երեք կամ չորս անգամ։
2- Երբեք փոքրիկ մը պէտք չէ զօրով նստեցնել ատամնաբուժական աթոռին եւ ուժ գործադրելով փորձել բուժել կամ քաշել անոր ակռան: Այսօր կան մանկական ատամնաբուժներ՝ pediatric dentist-ներ, որոնք կը զբաղին միայն փոքրիկներու ակռաները բուժելով: Միշտ նախընտրելի է որ տասնըերկու տարեկանէն վար փոքրիկները, որոնց ակռաներուն մեծամասնութիւնը կաթնատամներ են, տանիլ այս մասնագէտ ատամնաբուժներուն քով, որոնք տարբեր հանգստացնող դեղամիջոցներով ու մասնագիտական ձեւերով կը կատարեն բուժումը: Անհանդարտ կամ ծայրայեղ վախ ունեցող փոքրիկներու պարագային, մանկական ատամնաբուժները իրենց դարմանատան մէջ ունին յատուկ շնչառական գործիք մը , որ happy gas կոչուող անվնաս կազային նիւթ մը կը փչէ քթին մէջ ու փոքրիկը շնչելով այդ նիւթը կը հանգստանայ, թեթեւ մը կը քնանայ ու ոչինչ կը զգայ:
3- Վախի հիմնական պատճառներէն մէկը ատամնաբուժական գործիքներուն պատճառած ցաւն է, որը շատ դիւրութեամբ կարելի է կանխել թմրեցնելով բերանը: Բնաւ պէտք չէ վախնալ թմրեցուցիչ ներարկող ասեղէն: Թէեւ այս ասեղը քիչ մը տհաճ է, սակայն այսօր կան թմրեցնող քսուկներ որոնք բաւական կը նուազեցնեն այդ տհաճ զգացումը:
4- Ոմանց պարագային վախ կը պատճառեն ատամնաբուժական գործիքներուն տեսքը կամ ձայնը: Այս պարագաներուն կարելի է գոցել աչքերը իսկ ձայնը չլսելու համար օգտագործել ականջը գոցող յարմարանքներ կամ ձայնային ընկալուչներ (headphones):
5- Ատամնաբուժին թելադրանքով, ատամնաբուժական ժամադրութենէն մէկ կամ երկու ժամ առաջ կարելի է օգտագործել հանգստացնող դեղամիջոցներ (sedatives):
6- Երբ վախը արդէն հասած է ծայրայեղ աստիճանի՝ dentophobia-ի ու բոլոր միջոցները անհնար են, պէտք է անպայման դիմել հոգեբանի մը օգնութեան: Հոգեբանը աշխատելով հիւանդին հետ եւ ատամնաբուժին հետ գործակցելով, աստիճանաբար կը փարատէ վախը ու կարելի կը դարձնէ ատամնաբուժական գործընթացը:
Այս բոլորէն բացի անշուշտ շատ կարեւոր է ատամնաբուժին վերաբերմունքը հիւանդին հետ: Իր Հոգատար, համբերատար եւ ընկերային վերաբերմունքով, ատամնաբուժը կը հանգստացնէ հիւանդին ու փոխանակ վախ ազդելու, կարելի եղածին չափ հաճելի կը դարձնէ ատամնաբուժական աշխատանքը: