ՏՈՔԹ․ ԳՈՀԱՐ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Ապրելակերպի փոփոխութեան հետ կապուած փոխուած են մարդիկ եւ անոնց գիտակցութիւնը, հետեւաբար փոխուած են հիւանդութիւնները եւ անոնց բուժման մեթոտները։ Բուժման որեւէ մեթոտէ օգտուելու պարագային, շատ կարեւոր է, որ անձը վստահ ըլլայ, որ ընտրած մեթոտը կ’օգնէ եւ կ’ապահովէ բուժման յաջողութիւնը։
Ոչ աւանդական մեթոտներէն են՝ սննդաբուժումը՝ «dietotherapy», խոտաբուժումը՝ «phytotherapy», բոյրաբուժումը՝ «aromatherapy», մարձումը (massage), ասեղնաբուժում (acupuncture) եւ այլ արեւելան հնագոյն բժշկութեան մեթոտները։
Ի՞ՆՉ Է «ՖԻԹՈԹԵՐԱՓԻ»Ն
Ֆիթոթերափին բուժման ձեւ է՝ բոյսերու օգնութեամբ։ Մարդկութիւնը դարերու ընթացքին փնտռած եւ գտած է դեղաբոյսեր, որոնց օգնութեամբ բուժած է բազմաթիւ հիւանդութիւններ եւ այդ գիտութիւնը փոխանցած է սերունդէ սերունդ։ Միայն Հիփոքրաթը նկարագրած է մօտ 250 դեղաբոյս։ Համաշխարհային տուեալներով, ներկայիս յայտնի դեղերու 40 առ հարիւրը ունի բուսական ծագում, իսկ սրտային դեղերու պարագային՝ մինչեւ 90 առ հարիւր։ Որպէս բնական միջոցներ, բոյսերէն ստացուած դեղամիջոցները օրկանիզմին մէջ աւելի քիչ անցանկալի երեւոյթներ կը յառաջացնեն:
Դեղաբոյսերով բուժուելու նպատակով բոյսերը անհրաժեշտ է հաւաքել մաքուր վայրերէն, ճամբաներէն հեռու։ Ամէն դեղաբոյս ունի իր հաւաքելու ժամանակը, ծաղկելէ առաջ կամ ծաղկած վիճակով։ Արմատները կը հաւաքուին ուշ աշնան, կը չորցուին լաւ լուալէ ետք։ Ըստ թիպէթեան բժշկութեան, բնութեան մէջ գտնուող բոլոր բոյսերն ալ պիտանի են, անհրաժեշտ է գտնել զանոնք, ճանչնալ եւ ճիշդ օգտագործել։ Բուսաբուժումը յատկապէս խորհուրդ կը տրուի, ձգձգուող հիւանդութիւններու պարագային։ Սակայն նկատի պէտք է ունենալ, որ միեւնոյն բոյսը երկար օգտագործելով, մարմինը կը վարժուի անոր եւ ան այլեւս բաւարար եւ օգտակար ազդեցութիւն չ’ունենար։ Դեղաբոյսերը կ’օգտագործուին փոշիի, թուրմի, թէյի, քսուկի ձեւով. կարեւորը անոնց ճիշդ չափերով պատրաստելն է։ Ստորեւ կը նկարագրենք յաճախ հանդիպող եւ ծանօթ դեղաբոյսեր, իսկ բուժման մանրամասնութիւնները կարելի է գտնել համապատասխան գիրքերու մէջ։
ՀԱԼՎԷ «ALOE VERA».- Զայն կ’անուանեն տնային դեղարան, բուժիչ բոլոր հիւանդութիւններու, որովհետեւ ընտանի բոյսերէն ամէնէն լայն բուժական յատկութիւններով օժտուած բոյսն է։ Կը պարունակէ կենսանիւթեր, «անթիօքսիտանթ»ներ, 20 առ հարիւր եթերաիւղեր, 18 տեսակի «ամինոթթու»ներ, խէժանման նիւթեր, «միքրօ» եւ «մաքրօ էլեման»ներ։ Ըստ բոյսի տարիքին, կը փոխուին անոր բուժական յատկութիւնները։ Օգտակար են երկու տարեկանէն վեր բոյսի տերեւները: Բուժման նպատակով կ’օգտագործուի տերեւներուն միջեւ գտնուող դոնդողանման նիւթը։
«Հալվէ»ն չեն կրնար օգտագործել յղի կիները, արեան գերճնշում, աղիքային արիւնահոսութիւն եւ երիկամունքի հիւանդութիւններ ունեցողները։
Ստորեւ քանի մը դիւրին, յաճախ օգտագործուող եւ փորձուած խորհուրդներ.-
– Այրուածքներու, մակերեսային խոցերու եւ արեւահարութիւններու պարագային, «հալվէ»ի տերեւը դանակով կիսել եւ դնել վնասուած մասերուն վրայ, կը մեղմացնէ ցաւը եւ կ’արագացնէ բուժումը։
– «Հալվէ» եւ մեղր հաւասար քանակով խառնել, ձգել 3 ժամ, ուտել մէկ թէյի դգալ ճաշէն առաջ, երեք անգամ պնդութեան, ստամոքսի բորբոքումներու եւ զօրաւոր կազերու պարագային:
– Ճառագայթային հիւանդութիւններէն ետք, քաղցկեղային հիւանդութիւններու ժամանակ 100 կրամ «հալվէ»ն, 500 կրամ ընկոյզ եւ 300 կրամ մեղր, պարբերաբար խառնելով, պահել մութ եւ զով տեղ։ Օգտագործել մէկ թէյի դգալ օրը 3 անգամ, ուտելէ կէս ժամ առաջ։
– Հարբուխի ժամանակ «հալվէ»ի թարմ հիւթը 1/10 յարաբերականութեամբ խառնել ջուրով, կաթեցնել 2-3 անգամ քիթին մէջ։
– Մորթի թարախային բորբոքումներու ժամանակ հաւասարապէս խառնել թարմ հիւթը եւ ձիթապտուղի ձէթը, «շէշ»ը թաթխել անոր մէջ, դնել բորբոքած մորթին վրայ եւ ձգել ամբողջ գիշերը։
ՈՒՐՑ, ԾՈԹՐԻՆ «THYME».- Ան հարուստ է եթերաիւղերով եւ «ֆլաւոնոիտ»ներով, ունի սուր, բայց հաճելի բոյր։ Բուժման նպատակով կ’օգտագործուի անոր վերգետնեայ մասը, կը հաւաքուի ծաղկման շրջանին։ Ուրցը, չոր վիճակով, իր յատկութիւնները կը պահպանէ մինչեւ 3 տարի։ Դեռ հին ժամանակներէ զայն կ’օգտագործէին ձգձգուող, չոր հազի, թոքերու բորբոքումներու պարագաներուն։
Ուրցը ունի ստամոքսաղիքային աշխատանքը բարելաւող, աղիքներու կծկումը հանգստացնող, հականեխիչ, կազամուղ, արեան ճնշումը իջեցնող յատկութիւն։ Չոր ուրցը աւելցնել եռացող ջուրին, քառորդ ժամ վերջ, օգտագործել ջրաթուրմի ձեւով։ Չոր ուրցով նաեւ կը համեմեն միսերը եւ աղցանները։
ԿԱՏՈՒԱԽՈՏ «VALERIANE».- Բուժական նպատակով կ’օգտագործուի անոր կոճղարմատը, որ կը հաւաքուի վաղ գարնան կամ ուշ աշնան։ Ժողովրդային բժշկութեան մէջ ան կ’օգտագործուի որպէս ջիղերը հանգստացնող, մարսողութիւնը լաւացնող, քունը կարգաւորող, սրտի արագ զարկերը վերացնող միջոց։
Ուղեղի արեան շրջա-նառութեան խանգարման եւ սրտային հիւանդութիւններու ատեն, պառկելէն առաջ 2-3 անգամ ներշնչել անոր ալքոհոլային լուծոյթը։ Լայն կիրառութիւն ունին անոր դեղահատերը, որոնք կարելի է ձեռք բերել դեղարաններու մէջ, «valerian» կամ «normocalm» անունով։
Ծխախոտի մոլուցքէ ձերբազատուելու համար օգտագործել «valerian»-ի դեղահատերը։
ԵՐԻՑՈՒԿ «CHAMOMILE».- Յայտնի է նաեւ «պապունիճ» անունով։ Բժշկութեան մէջ կ’օգտագործուին անոր ծաղիկները եւ տերեւները։ Օգտակար է հաստ աղիքի, ստամոքսի բորբոքումներու, աղիքային սպազմի, կազերու ժամանակ։ Օգտակար է դաշտանային ցաւերու ժամանակ, կ’իջեցնէ «քոլեսթերոլ»ը, կը նպաստէ կշիռքի նուազումին: Ունի մանրէասպան յատկութիւն, կ’օգտագործուի բերանի ողողումներու եւ բորբոքումներու պարագաներուն՝ լուացումներու ձեւով։
ԽՆԿԱԾԱՂԻԿ «ORIGAN».- Բազմամեայ խոտաբոյս է, կը պարունակէ եթերաիւղեր, խէժանիւթեր, «թիմոլ»։ Բուժական նպատակով զայն կը հաւաքեն ծաղկելէ առաջ: Կը կարգաւորէ ջղային համակարգը եւ քունը, շնորհիւ իր պարունակած եթերաիւղերու:
Անփոխարինելի համեմունք է մսեղէնի, ինչպէս նաեւ «սօս»եր պատրաստելու համար: Երբ քանի մը տերեւ պահենք քացախի մէջ, անիկա կ’արտադրէ հաճելի բոյր: Չորցուած խնկածաղիկը կը փոխարինէ սեւ պղպեղը: Կը գրգռէ ախորժակը եւ կը նպաստէ մարսողական համակարգի աշխատանքին:
ՀԱԶՐԵՎԱՐԴ – ԽՆԿՈՒՆԻ «ROSEMARY».- Մշտադալար, բազմամեայ բոյս է։ Հարուստ է եթերաիւղերով, ունի հակակծկողական (antispasmodic) հանգստացնող ազդեցութիւն, կը հանդարտեցնէ հազը, կը խթանէ լեղապարկի աշխատանքը։ Կը պարունակէ «իւքալիփթոլ» կ’օգնէ շնչառական հիւանդութիւններու ժամանակ, կը զարգացնէ կեդրոնացումը, նպաստելով «այեթիլ» քալիի արտադրութեան, որ կը խթանէ ուղեղի աշխատանքը:
Կարելի է զայն գործածել թուրմերու եւ դեղահատերու ձեւով, ինչպէս նաեւ խոհանոցի մէջ որպէս համեմունք։
ԵԶԱՆ ԼԵԶՈՒ «PLANTAIN».- Օգտակար դեղաբոյս է, ունի հակամիքրոպային, վէրքերը լաւացնող եւ արիւնահոսութիւնը դադրեցնող յատկութիւն: Անոր տերեւները ճզմել, որ հիւթը դուրս գայ եւ դնել վէրքերու վրայ: Հարուստ է «քալսիում»ով եւ «Vit. A»-ով, «C»-ով, «K»-ով, ունի խորխաբեր յատկութիւն: Անոր տերեւներէն պատրաստուած եփուկը կը հանգստացնէ միջատներու խայթոցները եւ մորթի այրոցի զգացումը:
Վէրքերու բուժման եւ արիւնահոսութեան դադրեցման համար կ’օգտագործեն նաեւ եզան լեզուի չորցուած տերեւները եւ անոր սերմերը: Շարք մը եւրոպական երկիրներու մէջ անոր թարմ տերեւները կ’օգտագործեն աղցան պատրաստելու համար:
ՎԱՂԵՆԱԿ – ՆԱՐԿԻԶ «CALENDULA».- Ունի մանրէասպան, հակասնկային յատկութիւն։ Անոր թուրմը կը բարձրացնէ մարմնի դիմադրողականութիւնը, սակայն կը սաստկացնէ արգանդի մկաններու կծկողականութիւնը, այդ պատճառով ալ հակացուցուած է յղութեան ընթացքին:
Նարկիզի չորցուած փոշին կը դադրեցնէ վէրքերու արիւնահոսումը, կը նպաստէ բաց վէրքերու արագ ապաքինման: Առաջին եւ երկրորդ համաշխարհային պատերազմերու ընթացքին այս բոյսը մասսայական ձեւով կ’օգտագործէին որպէս մանրէասպան եւ վէրքերը արագ ապաքինող միջոց: Վաղենակը կ’օգտագործուի դիմայարդարման մէջ, յատկապէս դեռահասներու դէմքի բշտիկները «acne» բուժելու համար:
ԱՆԱՆՈՒԽ «MINT».- Անանուխը որպէս համեմունք եւ որպէս դեղաբոյս շատ ժողովուրդներու կողմէ կ’օգտագործուի անյիշելի ժամանակներէ ի վեր: Ունի իւրայատուկ բոյր եւ համ: Զայն պէտք է հաւաքել ծաղկած շրջանին:
Անոր վայրի տեսակը կը կոչուի դաղձ, որուն տերեւները կը հաւաքեն ծաղկման շրջանին։ Հարուստ է եթերաիւղերով, որոնց քանակը ծաղիկներուն մէջ կը կազմէ 4-6, իսկ տերեւներուն մէջ՝ 2-3 առ հարիւր։ Իր պարունակած 40 առ հարիւր եթերաիւղերուն շնորհիւ անանուխը կը հանդարտեցնէ աղիքներու կծկումները, ունի մարսողութիւնը բարելաւող եւ լեղամուղ յատկութիւն, կը հանգստացնէ նաեւ սիրտխառնուքը։
ՊՂՊԵՂԱԴԱՂՁ «PEPPERMINT».- Մենթոլի բարձր պարունակութեան շնորհիւ, ան հին ժամանակներէն ի վեր կ’օգտագործուի բժշկութեան մէջ, բուժելու համար սիրտխառնոցը, փսխուքը, անմարսողութիւնը, ստամոքսի պրկումը, փքուածութիւնը:
Քաղցկեղի ճառագայթային բուժման ընթացքին զայն կ’օգտագործեն որպէս հակաճառագայթային միջոց: Ունի լայն կիրառութիւն «aromatherapy»-ի ժամանակ: Կ’օգտագործուի թէյի, պաղպաղակի, հրուշակեղէնի եւ դիմայարդարման միջոցներու արտադրութեան մէջ:
ԿԻՏՐՈՆԱՅԻՆ ԱՆԱՆՈՒԽ «LEMON BALM – MELISSA».- Տերեւները ունին թոյլ կիտրոնի համ։ Կ’օգտագործուի բժշկութեան մէջ որպէս ջղային համակարգը, որովայնի ցաւերը հանգստացնող միջոց, յատկապէս կազերու եւ փքուածութեան պարագաներուն: Թարմ տերեւները կիտրոնի համ կու տան աղցաններուն եւ «սօս»երուն (թացան):
ՆԻՒԵՆԻ, ՏԵՆԴԱԾԱՌ «EUCALYPTUS».- Սուր, երկար եւ բուրումնաւէտ այս ծառի տերեւները հարուստ ըլլալով եթերաիւղերով, ունին խորխաբեր, հականեխիչ յատկութիւն։ Նիւենիին իւղը, որ կը ստացուի անոր տերեւներէն, կ’օգտագործեն որպէս մանրէասպան, միջավայրի օդը մաքրող, հազի դեղերու պատրաստութեան համար: Ան կարեւոր բաղադրամաս է ակռայի մածուկներու արտադրութեան եւ գեղագիտական արտադրութիւններու մէջ:
Շատ փոքր քանակով կ’օգտագործուի նաեւ անուշեղէններու արտադրութեան մէջ: Լայն կիրառութիւն ունի միջատասպան դեղերու, «deodorant»-ներու արդիւնաբերութեան մէջ:
ՆԱՐԴՈՍ «LAVANDRE».- Բազմամեայ բոյս է, որ պէտք է հաւաքել ծաղկման շրջանին։ Պարունակած եթերաիւղերը անոր կու տան իւրայատուկ մեղմ բոյր, որ «aromatherapy»-ի միջոցով կրնայ հանդարտեցնել ջղային համակարգը։ Ունի նաեւ մանրէասպան յատկութիւն:
Նարդոսի թուրմը ունի այրուածքները բուժող, միջատներու խայթոցները հանգստացնող յատկութիւն: Փունջը մը նարդոսը բարձի տակ, կու տայ հանգիստ եւ խոր քուն, կը վանէ միջատները: Նարդոսի իւղը կ’օգտագործուի գեղագիտական արտադրութիւններու մէջ: Շատ օգտակար է լավանտրի ծաղիկներու մեղրը:
Շարունակելի