Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու եւ ծառայութիւններու համաշխարհային դաշինքի (WITSA) ամէնամեայ մրցանակը այս տարի շնորհուած է ամերիկահայ գործարար Կարօ Արմէնին։ Այս մասին յայտնած է Առաջատար արհեստագիտութիւններու ձեռնարկութիւններու միութեան նախագահ Ալեքսանտր Եսայեան։
«Մրցանակը կը շահին անոնք, որոնք մեծ ծառայութիւններ կը մատուցեն մարդկութեան կամ կը դառնան համաշխարհային նշանակութիւն ունեցող աշխատութիւններու հեղինակ։
Վերոնշեալ մրցանակի դափնեկիրներուն շարքին է, օրինակ, Նելսըն Մանտելան։ Այս տարի մեր ընկերութիւնը ներկայացուց Կարօ Արմէնին թեկնածութիւնը եւ խորհուրդը հաստատեց զայն։ Մրցանակաբաշխութիւնը կը կատարուի տարբեր կարգերով, սակայն գլխաւոր մրցանակին արժանացած է մեր ամերիկահայ հայրենակիցը։ Անոր գործունէութիւնը ինքնին ունի մեծ նշանակութիւն։ Անոր հիմնադրած եւ ղեկավարած ընկերութիւնը՝ «Ակենուս Պիօ»-ն, կը զբաղի քաղցկեղի բուժման աշխատանքներով եւ մասնաւորաբար ստեղծած է դեղ մը, որ օգնած է աւելի քան հազար հիւանդներու, որոնք արդէն իսկ բուժուած են։
Դեղին շնորհիւ բուժուած են նոյնիսկ չորրորդ փուլի քաղցկեղով հիւանդները, որոնց մարմնին մէջ «մեթասթազ»ներ եղած են։ Վեց շաբթուան ընթացքին, քանի՜ հիւանդներ ստացած են «Պոթպալ» կոչուող դեղը եւ քաղցկեղը ամբողջութեամբ վերացած է»- տեղեկացուցած է Եսայեանը։ Եսայեանին խօսքով՝ արհեստագիտութիւններու ասպարէզին մէջ հայկական մեծ սփիւռք կայ, ուր կան յաջող մասնագէտներ եւ հայկական ընկերութիւններ, որոնք ունին մեծ կապեր եւ կշիռք։
Ամենէն յայտնիներէն է, օրինակ, «Սըրվիս Թայթըն»ը, որ հիմնադրած են Վահէ Քուզոյեանը եւ Արամ Մահտէսեանը։ Անիկա մեծապէս կ՛օգնէ հայաստանեան «սթարթափ»ներուն՝ հասանելի ձայն ունենալու կարեւոր տեղերու մէջ։ Եսայեան առանձնացուցած է նաեւ Ռազմիկ Յովակիմեանը, որ ունի «վենչըր քափիթալ» եւ կատարած է ներդրումներ՝ օգնելով բազմաթիւ հայաստանեան սկսնակ ընկերութիւններուն։ Ան շեշտած է, որ սփիւռքը մեզի շատ կ՛օգնէ, որուն շնորհիւ Հայաստանը՝ ի տարբերութիւն բազմաթիւ երկիրներու, դարձած է հասանելի եւ լսելի։