Անկախ անկէ՝ երկինքը պայծառ է թէ ամպամած, ձեր մորթը կ՛ենթարկուի արեւէն եկող ուլթրամանիշակագոյն (UV) ճառագայթներու ազդեցութեան։ UVB ճառագայթները արեւայրուքի (sunburn) հիմնական պատճառն են, մինչդեռ UVA ճառագայթները աւելի խորը կը թափանցեն մորթին մէջ՝ նպաստելով վաղաժամ ծերացման նշաններու, ինչպէս՝ մանր կնճիռները եւ արեւային բիծերը։ Ուլթրամանիշակագոյն ճառագայթներու երկու տեսակն ալ կը բարձրացնեն մորթի քաղցկեղի վտանգը։
Արեւու ազդեցութեամբ մուգ գոյնի մորթը (tan) առողջութեան նշան չէ, այլ՝ մաշկին վնասուածք կրած ըլլալուն վկայութիւնը։ Արեւուն տակ կամ արհեստական միջոցներով (indoor tanning) ապահով կերպով գոյն առնելու միջոց չկայ։ Բարեբախտաբար, առօրեայ սովորութիւնները կրնան պաշտպանել ձեր մորթը եւ նուազեցնել մորթի քաղցկեղի վտանգը։
Կիրարկեցէ՛ք արեւապաշտպան քսուքը կանոնաւոր կերպով։ Ընտրեցէ՛ք UVA եւ UVB ճառագայթներու դէմ ամբողջական պաշտպանութիւն ապահովող արեւապաշտպան մը, որ ունի առնուազն SPF 30 պաշտպանութեան աստիճան։ Ուշադրութիւն դարձուցէ՛ք պիտանելիութեան ժամկէտին եւ անհրաժեշտութեան պարագային փոխարինեցէք զայն նորով մը։ Արեւապաշտպանը հեռու պահեցէ՛ք տաքէն եւ արեւու ուղղակի ճառագայթներէն, որովհետեւ կրնան նուազեցնել անոր արդիւնաւէտութիւնը։
«Սփրէյ»ի ձեւով արեւապաշտպանները սովորաբար աւելի դիւրին կը կիրարկուին մազածածկ մորթին վրայ։ Դիմայարդարման (makeup) որոշ արտադրութիւններ եւս կրնան արեւապաշտպան բաղադրիչներ պարունակել, սակայն անոնք պէտք է համապատասխանեն նոյն նուազագոյն չափանիշներուն՝ ապահովելով թէ՛ UVA եւ թէ՛ UVB ճառագայթներէն պաշտպանութիւն եւ ունենալով առնուազն SPF 30 պաշտպանութեան աստիճան։ Արեւապաշտպանները կրնան պարունակել օրկանական կամ ոչ օրկանական բաղադրիչներ, կամ երկուքին համադրութիւնը։
Ոչ օրկանական (հանքային) արեւապաշտպանները կը պարունակեն հանքային նիւթեր, ինչպէս՝ «թիթանիոմ երկօքսիտ»ը (titanium dioxide) եւ «զինք օքսիտ»ը (zinc oxide), եւ կ’ապահովեն գերազանց պաշտպանութիւն թէ՛ UVA, թէ՛ UVB ճառագայթներէն։ Այս բաղադրիչները սովորաբար աւելի խիտ կ’ըլլան եւ կրնան մորթին վրայ ճերմակաւուն հետք կամ շերտ ձգել։
Օրկանական (քիմիական) արեւապաշտպան զտիչները աւելի ընդհանրացած են եւ սովորաբար աւելի թեթեւ կ’ըլլան, դիւրին կը տարածուին մորթին վրայ եւ աւելի քիչ տեսանելի են։ Սակայն, անոնք կրնան UVA ճառագայթներէն այնքան զօրաւոր պաշտպանութիւն չապահովել, որքան հանքային արեւապաշտպանները։
Սննդամթերքի եւ դեղերու վարչութիւնը (FDA) վերջերս առաջարկած է Միացեալ Նահանգներու մէջ գործածութեան համար հաստատուած իր ցանկին վրայ աւելցնել օրկանական արեւապաշտպան նոր բաղադրիչ մը՝ «պեմոթրիզինոլ»ը (bemotrizinol, BEMT), որ կը պաշտպանէ թէ՛ UVA եւ թէ՛ UVB ճառագայթներէն, իսկ մորթէն ներծծուելով մարմին անցնելու աստիճանը շատ ցած է։
Արեւապաշտպան քսուքը գործածեցէք ամէն անգամ, երբ բացօթեայ կը գտնուիք, նոյնիսկ ամպամած օրերուն, երբ վնասակար ճառագայթներուն մինչեւ 80 առ հարիւրը կրնայ թափանցել ամպերուն միջով։
Արեւապաշտպան քսուքը գործածելու ժամանակ՝
- Մի՛ մոռնաք ծածկել այնպիսի տեղեր, ինչպէս` ականջներուն եւ ոտքերուն վերի բաժինը, վիզին ետեւի մասը, ինչպէս նաեւ՝ այն հատուածները, ուր տղամարդոց պարագային մօրուքը այնքան խիտ չէ։
- Արեւապաշտպան քսուքը կրկին գործածեցէք ամէն երկու ժամը անգամ մը։
- Յիշեցէ՛ք արեւապաշտպանը աւելի յաճախ քսել, երբ ջուր կը մտնէք կամ կը քրտնիք, որովհետեւ ասոնք կը նուազեցնեն այն ժամանակահատուածը, որուն ընթացքին արեւապաշտպանը կը շարունակէ արդիւնաւէտ մնալ։ Ջուրին դիմացկուն (water-resistant) արեւապաշտպանները սովորաբար պաշտպանութիւն կ’ապահովեն մօտաւորապէս 40-80 վայրկեան։
- Քսեցէ՛ք առատ քանակութեամբ արեւապաշտպան։ Շատեր սովորաբար անհրաժեշտէն աւելի քիչ կը գործածեն, ինչ որ կը նուազեցնէ անոր պաշտպանական ազդեցութիւնը։ Պարզ «սթրաթեժի» մըն է (strategy) ամբողջ շերտ մը քսել, ապա երկրորդ անգամ կրկնել, որպէսզի մորթը բաւարար չափով ծածկուի եւ աւելի լաւ պաշտպանուի։
Հագէ՛ք արեւու ճառագայթներէն պաշտպանող հագուստ։ Երկարաթեւ շապիկները, երկար տաբատները, լայնեզր գլխարկները եւ արեւային ակնոցները կայուն պաշտպանութիւն կ’ապահովեն՝ առանց արեւապաշտպան քսուքը դարձեալ օգտագործելու անհրաժեշտութեան։ Սակայն ոչ բոլոր հագուստները նոյն չափով կ՛արգիլեն ուլթրամանիշակագոյն (UV) ճառագայթները։ Ասիկա կրնաք գիտնալ՝ հագուստը լոյսին դիմաց բռնելով. եթէ լոյսը հագուստին միջով տեսնուի, ուրեմն ուլթրամանիշակագոյն ճառագայթներն ալ կրնան անոր միջով անցնիլ։
Այսօր, շատ ապրանքանիշներ կ’արտադրեն թեթեւ, օդ անցընող հագուստներ՝ ներկառուցուած ուլթրամանիշակագոյն պաշտպանութեամբ, որոնց մակարդակը կը գնահատուի ուլթրամանիշակագոյն պաշտպանութեան գործօնով (UPF)։ Ջուրի մէջ կամ ջրային մարզաձեւերու ընթացքին գործածուող պաշտպանիչ շապիկները (rash guards) արեւէն պահպանուելու յարմար եւ վստահելի միջոց մըն են։ Անոնք հասանելի են կարճաթեւ եւ երկարաթեւ տարբերակներով, գլխարկով կամ առանց գլխարկի։
Խուսափեցէ՛ք դիտումնաւոր արեւու ազդեցութեամբ մուգ գոյն ստանալէն։ Ներքին տարածքներու մէջ օգտագործուող արհեստական մուգ գոյն ստանալու սարքերը (indoor tanning) զգալիօրէն կը բարձրացնեն մորթի քաղցկեղի վտանգը։ Այդ նպատակին ծառայող անկողինները (tanning beds) կ’արձակեն զօրաւոր ուլթրամանիշակագոյն ճառագայթներ եւ կրնան «մելանոմա»ի վտանգը մինչեւ 20 առ հարիւրով բարձրացնել՝ նոյնիսկ մէկ գործածութենէն ետք։ 35 տարեկանը չբոլորած անձերու մօտ ներքին մուգ գոյն ստանալու միջոցներու գործածութիւնը կրնայ «մելանոմա»ի վտանգը մինչեւ 75 առ հարիւրով բարձրացնել։
Մորթի մասնագէտները յաճախ կը հանդիպին երեսուննոց հիւանդներու, որոնք իրենց պատանեկութեան եւ քսանական տարիքներուն մուգ գոյն ստանալու անկողինները լայնօրէն գործածելէ ետք ունին բազմաթիւ մորթի քաղցկեղներ եւ արեւու պատճառած ծանր վնասուածքներ։
Եթէ կը փափաքիք նման թուխ գոյն մը ունենալ՝ առանց ուլթրամանիշակագոյն ճառագայթներու վտանգին, արեւու ազդեցութիւն չպահանջող մուգ գոյն ստանալու արտադրութիւնները ապահով այլընտրանք մըն են։ «Սփրէյ»ները եւ «տիհիտրօքսիասեթոն» (dihydroxyacetone) պարունակող քսուքները կրնան մորթին տալ արեւու այրուածքի տեսք՝ առանց ուլթրամանիշակագոյն ճառագայթներու ազդեցութեան ենթարկուելու։
Ուշադրութիւն դարձուցէ՛ք արեւու ամենէն զօրաւոր ժամերուն։ Եթէ կը սիրէք բացօթեայ ժամանակ անցընել՝ ըլլայ լողափը հանգստանալ, պարտէզի մէջ աշխատիլ, աշնանային օր մը արշաւել կամ լերան լանջերէն դահուկ քշել, խոհեմութիւն է միաժամանակ օգտագործել արեւէն պաշտպանուելու տարբեր միջոցներ, ներառեալ՝ արեւապաշտպան քսուքը, ուլթրամանիշակագոյն ճառագայթներէն պաշտպանող հագուստը եւ հնարաւորութեան պարագային շուքի տակ մնալը։ Արեւէն պաշտպանուելու այս սովորութիւններուն հետեւողական կիրարկումը զգալիօրէն կը նուազեցնէ մորթի քաղցկեղի վտանգը՝ միեւնոյն ժամանակ արտօնելով ապահով կերպով վայելել բացօթեայ ժամանցը։

