Թարմ «մանկօ»-ն կրնայ դառնալ կարելի միջոց սրտանօթային նիւթափոխանակութեան առողջութեան բարելաւման համար:
Nutrients ամսագրին մէջ հրապարակուած հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ օրական երկու գաւաթ «մանկօ» օգտագործելը, որ կը պարունակէ ընդամէնը մօտաւորապէս 100 քալորի, կրնայ օգնել նուազեցնելու «ինսուլին»-ի մակարդակը եւ բարելաւել «ինսուլին»-ի նկատմամբ զգայունութիւնը ցած մակարդակի քրոնիկ բորբոքում ունեցող աւելորդ կշիռքով կամ ճարպակալում ունեցող մեծերու մօտ:
Բացայայտումները կ՛ընդգծեն, թէ ինչպէ՛ս սննդականոնի պարզ ընտրութիւնները կրնան օգնել նուազեցնելու քրոնիկ հիւանդութիւններու վտանգը, ինչպէս՝ 2-րդ տիպի շաքարախտը, որոնք սերտօրէն կապուած են սիրտի առողջութեան հետ:
Իլինոյսի արհեստագիտական հիմնարկին մէջ 20-էն 60 տարեկան 48 մեծերու շրջանակին մէջ կատարուած հետազօտութիւնը ուսումնասիրած է, թէ ինչպէս թարմ «մանկօ» ուտելը, բաղդատած քալորիականութեամբ համապատասխան սննդամթերքի (իտալական ժելաթօ) հետ, ազդած է բորբոքումի եւ «ինսուլին»-ի նկատմամբ զգայունութեան վրայ աւելորդ կշիռքի եւ ցած մակարդակի քրոնիկ բորբոքում ունեցող մեծերու մօտ:
Արդիւնքները ցոյց տուած են, որ «մանկօ» օգտագործած մասնակիցներու մօտ նկատուած է «ինսուլին»-ի նկատմամբ դիմադրութեան զգալի նուազում, որ կը չափուի Ինսուլինի դիմադրութեան հոմէոսթասի մոտելի գնահատումով (HOMA-IR): «Պեթա» բջիջներու գործունէութիւնը՝ ենթաստամոքսային գեղձի՝ «ինսուլին» արտադրելու եւ թողարկելու ունակութիւնը՝ շաքարի բնական մակարդակը պահպանելու համար, նոյնպէս զգալիօրէն բարելաւուած է, որ կը չափուի Disposition Index-ով (DI), որ կարեւոր ցուցանիշ է, թէ որքան արդիւնաւէտօրէն մարմինը կը կարգաւորէ արեան շաքարի մակարդակը:
Չորս շաբաթ ետք, մանկոյի խումբի մասնակիցներուն մօտ նշանակալի կերպով նուազած է «ինսուլին»-ի խտութիւնը՝ ի պատասխան «կլիւքոզ»-ի հանդուրժողականութեան քննութեան (OGTT), մինչդեռ վերահսկիչ խումբին մէջ փոփոխութիւն չէ նկատուած: