Խնդուքի միջոցով կարելի է բացայայտել թոքերու քաղցկեղը. այս մասին յայտնած են ուռուցքաբաններու ամերիկեան հասարակութեան մասնագէտները:
Թոքերու քաղցկեղի ամէնէն տարածուած ախտանիշներէն մէկն է՝ կրծքավանդակի բաժինի ցաւը, որ կը զօրանայ խնդուքի, խորունկ շնչելու կամ հազալու ժամանակ: Նման ցաւ, մասնագէտներու խօսքով, կրնայ ցոյց տալ թոքերու խցումը, հեղուկի կուտակումը, աւշային հանգոյցներու եւ ուռոյցի մեծնալը, հաղորդած է Daily Express-ը:
Թոքերու քաղցկեղը բացայայտել կարելի է նաեւ այլ ախտանիշներով, օրինակ՝ շարունակական հազ արեան առկայութեամբ, խռպոտութիւն, ախորժակի կորուստ, կշիռքի կորուստ, յոգնածութիւն, թուլութիւն, թոքաբորբոքումի յաճախակի կրկնութիւն: Իսկ թոքերու վերին հատուածին մէջ աճող ուռոյցի («Փանքոսթ»-ի ուռոյց) պարագային, կրնան պատահիլ հետեւեալները. կոպի թուլութիւն, աչքերէն մէկուն փոքրացում կամ դէմքի մէկ բաժինի քրտնարտադրութեան դադրեցում:
Մասնագէտներու խօսքով՝ այլ օրկաններու ախտահարումի պարագային, կրնան յայտնուիլ այնպիսի ախտանիշներ, ինչպէս՝ ոսկորներու ցաւ, յօդերու այտոյց (հեղուկի աւելցուկային կուտակում օրկանիզմի հիւսուածքներու եւ խոռոչներու մէջ), գլխացաւ, վերջոյթներու թմրութիւն, կարելի են նաեւ՝ հաւասարակշռութեան հետ կապուած խնդիրներ, կծկումներ, մաշկի եւ աչքերու դեղնութիւն ու աւշային հանգոյցներու ընդլայնում: